Էտուարտ Կրիկ

Էտուարտ Կրիկ

Էտուարտ Կրիկ (նորվ.՝ Edvard Hagerup Grieg, 15 Յունիս, 18434 Սեպտեմբեր 1907), նորվեկացի նշանաւոր երգահան, երաժշտական գործիչ եւ խմբավար է։ Անոր ամէնէն յայտնի ստեղծագործութիւններէն են «Քնարերգական պիէսներ դաշնամուրի համար» (Lyriske Stykker, 1867–Օքսֆորդ 1901, բաղկացած է տասը տետրակէ), ջութակի համար 3 սոնաթները (ор. 8, ֆա մաժոր, 1865; ор. 13, սօլ մինոր, 1867; ор. 45, տօ մինոր, 1886–1887), թաւջութակի համար լա մինոր սոնաթը (ор. 36, 1882), սօլ մինոր լարային քառեակը (ор. 27, 1877–1878), դաշնամուրի եւ նուագախումբի համար համերգը (1868), Հենրիկ Իբսէնի «Պեր Գիւնտ» թատրոնի համար երաժշտութիւնը (Peer Gynt, 1876)։ Գրած է նաեւ շուրջ 240 երգ։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Էտուարտ Կրիկի նախնիները գաղթած են Շոտլանտիայէն. հայրը՝ Ալեքսանտր Կրիկ, աշխատած է անգլիակկան հիւպատոսարանին մէջ, մայրը՝ Գեսինան, որդիին դաշնամուրի առաջին ուսուցիչն էր։ Կրիկ, 1862-ին աւարտած է Լայպցիգի երաժշտանոցի դաշնամուրի եւ ստեղծագործական բաժինները։ 1863–1866 թուականներուն ապրած է Կոպենհագենի մէջ եւ դասեր առած է դանիացի երգահան Նիլս Գադեէն։ 1866-ին տեղափոխուած է Քրիստիանիա (այժմ՝ Օսլօ), եղած է տեղի ֆիլհարմոնիայի վարիչ, ապա հիմնած է երաժշտական ակադեմիա (Յուհան Սվենսէնի հետ), «Եվտերպէ» համերգային կազմակերպութիւնը (խումբ մը դանիացի երգահաններու հետ), երաժշտական ընկերութիւն։ 1870-ական թուականներու վերջէն կնոջ՝ երգչուհի Նինա Հագերուպի հետ Կրիկ, որպէս դաշնակահար եւ վարիչ, համերգներով շրջագայած է Եւրոպայի շարք մը երկիրներու մէջ։ 1880–1882 թուականներուն Բերգէնի մէջ ղեկավարած է «Հարմոնիա» երաժշտական ընկերութիւնը, որպէս դաշնակահար եւ վարիչ՝ ելոյթներ ունեցած է Գերմանիոյ մէջ, Դանիոյ ու Հոլանտայի մէջ։ 1885-էն մինչեւ կեանքի վերջը երգահանը ապրած եւ ստեղծագործած է Տրոլհաուգէնի իր առանձնատանը մէջ։ Կրիկի արուեստին մէջ արտացոլուած են հայրենի երկրի բնութիւնն ու կենցաղը, ժողովրդական դիւցազներգութիւնն ու բանահիւսութիւնը։ Կրիկի պարզ, մարդամօտ, կենսունակ արուեստը հուզած է ոչ միայն հայրենակիցներուն, այլեւ աշխարհի երաժշտասեր հասարակայնութեանը։ Ան ստեղծած է ինչբէս փոքր, այնպէս ալ մեծածաւալ ժանրերու գործեր։ Կրիկ Ֆրանսայի ակադեմիոյ անդամ էր, Բեռլինի ակադեմիոյ պատուաւոր անդամ, Քեմբրիճի եւ ի համալսարաններու երաժշտութեան տոքթոր։ Կտակի համաձայն՝ Կրիկի աճիւնը ամփոփուած է Տրոլհաուգէնի առանձնատան (1925-էն՝ տուն-թանգարան) մերձակայ ծովահայաց ժայռախորշին մէջ։

Ստեղծագործութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Էտուարտ Կրիկ 1858-ին

Կրիկի ստեղծագործութիւնը լայնածաւալ եւ բազմակողմանի է։ Կրիկ գրած է ամենատարբեր ժանրերու ստեղծագործութիւններ։ Դաշնամուրային նուագահանդէսը եւ պալլէտը, ջութակի եւ դաշնամուրի համար երեք սոնաթները եւ թաւջութակի եւ դաշնամուրի համար սոնաթը, կուարտետը կը վկայեն մեծ ձեւերու նկատմամբ ունեցած Կրիկի մշտական ձգտման մասին։ Անոր հետ մէկտեղ, անփոփոխ կը մնայ երգահանի հետաքրքրութիւնը գործիքային մանրանուագի նկատմամբ. «Բանաստեղծական պատկերները», «Թերթիկներ ալպոմից», «Լիրիկական պիէսներ» ցիկլերը։ Նոյն չափով, որքան եւ դաշնամուրայինը, երգահանին մշտապէս կը հրապուրէր վոքալ մանրաերգը՝ ռոմանսը, երգը։ Սիմֆոնիք ստեղծագործութեան բնագաւառը կը նշանաւորուի այնպիսի գլուխգործոցներով, որոնցմէ են «Պեր Գիւնտ», «Հոլբերգի ժամանակներից» պորերը։ Կրիկի ստեղծագործութեան բնորոշ տեսակներէն մէկը՝ ժողովրդական պարերու եւ երգերու մշակումներն են։ Ոչ բարդ դաշնամուրային պիէսները (օբ.17), սիւիտային ցիկլը չորս ձեռքով դաշնամուրի (օբ.35 «Նորվեկական պարերը») եւ նուագախումբի համար (օբ.35 «Նորվեկական պարերի» նուագախմբային խմբագրութիւնը, նորվեկական ժողովրդական շարժառիթ «Սիմֆոնիք պարերը»)։ Կրիկի ստեղծագործութեան հիմքը կը կազմեն ժողովրդական կեանքի, հայրենի բնութեան պատկերները, ժողովրդական մտախորհուրդի կերպարները, մարդը կենսազգացողութեան իր ամբողջ լիութեամբ։

Կրիկ կը ձգտի հստակ երաժշտական կերպարներու։ Այդ պատճառով, անոր երաժշտութեան մէջ մեծ նշանակութիւն ձեռք կը բերէ ծրագրայնութիւնը, որ հիմնուած է բնութեան բանաստեղծական կերպարներու, ժողովրդական երեւակայութեան, ժողովրդական կենցաղի տպաւորութիւններու մարմնաւորման մէջ։ Կրիկի երաժշտական լեզուն չափազանց իւրօրինակ է։ Երգահանիի ոճի անհատականութիւնը բոլորէն տարբեր էշ այն իրողութեամբ, իր նորվեկեական ժողովրդական երաժշտութեան հետ եղած խորը կապով։ Կիրկ լայնօրէն կ՛օգտուի ժողովրդական երգային եւ պարային մեղեդիներու ժանրային առանձնահատկութիւններով, ձայնի ելեւէջներու կառուցուածքով, ռիթմիկ ձեւանիշերով։ Անոր եղծագործութիւններուն մէջ կը լսուին հալլինգի եւ արշաւախաղի բնորոշ ռիթմերը։ Կրիկի մեղեդիները հագեցած են նորվեկեական երաժշտութեան համար տիպար ձայնի ելեւէջով, այնպիսիններու, ինչպէս օրինակ առաջին-երրորդ-հինգերորդ դարձուածքը։ Մեղեդիական շարժման տեսակները յաճախակի կը յիշեցնեն բնորոշ ժողովրդական գործիքային խաղեր։ Պահուած ձայնառութիւնը թաւ ձայի, հնգերորդեան հայեացը կու գան ժողովրդական գործիքային երաժշտութեան հնչողութիւններէն։ Կրիկին յատուկ մեղեդիի խաղերը եւ տարբերակային զարգացման հիանալի վարպետութիւնը արմատաւորուած է մեղեդիի բազմիցս փոխուած կրկնութիւններու ժողովրդական աւանդոյթներու մէջ։

«Պեր Գիւնտ»[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իբսէնի «Պեր Գիւնտ» թատրոնի համար գրուած Կրիկի երաժշտութիւնը կը դասուի այդ ժանրի այնպիսի բարձր նմուշներու շարքը, ինչպէս Բեթհովընի «Էգմոնտը», Մենդելսոնի «Ամառային գիշերուայ երազը», Միխայիլ Կլինկայի «Իշխան Խոլմսկին», Ճորճ Բիզէի «Արլեզիանուհին»։ Գրուած ըլլալով, թատերական բեմադրութեան համար, «Պեր Գիւնտի» երաժշտութիւնը ստացած է ինքնուրոյն գեղարուեստական ստեղծագործական նշանակութիւն։ «Պեր Գիւնտի» լրիւ երգի նօթաշարը իր մէջ կը ներառէ 23 համար, որոնց մէջ են՝ նախանուագներ թատրոնի 5 գործողութիւններու համար, երգեր (օրորոցայինը եւ Պեր Գիւնտի ցայգերգը), պարեր (Ինգրիդի հարսանիքի ընթացքին, արաբական պարը, Անիտրայի պարը), երեւակայական («Լեռնային թագաւորու քարայրում») եւ լիրիկա-թատերական նուագախմբային պաժիններ («Օզեյի մահը»), նուագախաղեր։

«Պեր Գիւնտի» երաժշտական համարներու մէջ չկայ այնպիսին, որ ընդհանրացուած, հագեցուած ձեւով արտահայտեր ստեղծագործութեան հիմնական գաղափարը, ինչպէս Լիւդվիգ Պեթհովընի նախերգանքը «Էգմոնտի» համար, կամ ընդգրկէր թատրոնի հիմնական սիւժէտային-կերպարային գիծերը, ինչպէս Ժորժ Պիզէի «Արլեզիանուհուց», կամ վերստեղծէր կերպարներու շրջանակը, թատըրական ստեղծագործութեան ընդհանուր կոլորիտը, ինչպէս Մենդելսոնի «Ամառային գիշերուայ երազը» նախերգանքը։ Կրիկի երաժշտութեան առանձին համարները կ՛ընդգծէ, կը պացայայտեն Իբսենի թատրոնի տարբեր կերպարները, իրավիճակները. Սոլվեյգի կերպարի վսեմ, հստակ քնարերգութիւնը, Օզեյի մահուան ողբերութիւնը, բնութեան պանաստեղծութիւնը, երեգակայութեան ցայտունութիւնը։ Երգահանը կը բացայայտէ այդ խոր եւ բարդ, սոցիալական եւ փիլիսոփայական ընդհանրացումներով հագեցած ստեղծագործութեան բանաստեղծական սահմաներու հարստութիւնը։

Պեր Գիւնտի կերպարը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պեր Գիւնտի կերպարի մէջ Իբսէն ի յայտ կը պերէ այն մարդոց, որոնց մօտ գեղեցիկի հասկացողութիւնը, երազանքն ու ձգտումը չեն վերածուիր գործողութեան, կեանքի իտէալը նուաճելու պայքարի։ Պերը մտախորհուրդ եւ երազող է, գրեթէ բանաստեղծ, որ հասկանալով Սոլվեյգի անարատութիւնը, հոգեւոր գեղեցկութիւնը, եւ սիրելով անոր, կը փախչի անոնցմէ, որովհետեւ անոր հոգին ծանրացած է բազմաթիւ զանցանքներով։ Պեր չի ընդունիր բարոյականութեան եւ պարտքի չափանիշները, եւ բարզաբէս կ՛առաջնորդուի եսասիրութեան զգացմունքով։ Պեր Գիւնտի կերպարի թատրոնին մէջ հակադրուած է համեստ եւ վեհ Սոլվեյգի կերպարը՝ հոգեկան մաքրութեան, սիրոյ, ոգիի ուժի մարմնաւորումը։

Առաջին սիւիթը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կրիկ դաշնամուրի վրայ

Իբսէն այդ հիմնական հերոսներուն ներկայացուցած է բազմաթիւ տեսակի յետամասին վրայ. այստեղ կան թէ՛ իրապաշտութիւն բառացիօրէն վառ նորվեկական գիւի հիւթեղ ուրուականներ, եւ թէ՛ ժամանակակից քաղքենի հասարակութեան բաժին, սուր երգիծական տիպեր, եւ թէ ալ՛ երեւակայութիւն, որ համարձակօրէն կը ներխուժէ թատերական պոէմի իրական ծրագիրի մէջ։ Կրիկի «Պեր Գիւնտը» լայն ճանաչում գտած է երկու նուագախմբային սիւիթներու տեսքով։ Առաջին սիւիթին մէջ զետեղուած են «Առաւօտը», «Օզեյի մահը», «Անիտրայի պարը», «Լեռնային թագաւորի քարայրում»։ Պայծառ եւ բերկրալի զգացմունքներ («Առաւօտ»), կեանքի աւարտի ողբերգութիւն («Օզեյի մահը»), նուրբ ժանրային ուրուանկար («Անիտրայի պարըգ»), «մոլեգին» երեւակայութիւնը («Լեռնային թագաւորի քարայրում»)՝ ասոնցմէ են նաեւ սիւիթի հակապատկեր կերպարները։

«Առաւօտ» պիէսը կառուցուած է մէկ մեղեդիի տարբերակային զարգացման վրայ։ Սկզբը, հերթականութեամբ հնչելով սրինգի մօտ, այս մէկը կ՛ընկալուի որպէս սրինգի եւ եղջերափողի խաղերու փոխկանչ։ Այդ մէկը կ՛ըստեղծէ լայնարձակ տարածութեան զգացողութիւն։ Հստակ ներդաշնակ գոյները (եռահնչիւնը ներդաշնակութեան հիմնական ձեւն է), վառ, միմեանց հետ անսպասելի համադրումներով (E, Gis, H), կ՛ընկալուի որպէս գեղատեսիլ բնապատկերի գոյներ։ Թեմայի իւրաքանչիւր նոր կրկնութեան հետ մեղեդին կը տարպերի: Պիէսի վերջը երաժշտութիւնը կը նմանի անտառային ձայներու հնչողութեան։

«Օզեյի մահը» վիթխարի թատերական պատկեր է։ Լակոնական երաժշտական կերպարը, որուն զարգացման վրայ կը կառուցուի պիէսը, կը զուգացուի քայլերգի համաչափ շարժումը եւ օրհներգի խստութիւնն ու վշտալից երգային ձայնի ելեւէջի մէջ։ Երկրորդ բաժինը պայծառ է, ինչպէս անուրջներու այն թագաւորութիւնը, ուր քաշում կը տանի իր երեւակայութեամբ Պեր Գիւնտը մահացող Օզեյին։ Սակայն ան չի խախտեր երաժշտութեան ընդհանուր շարժումը։ Հնչողութեան բազմազանութիւնը ձեռք կը պերուի շատ համեստ նուագախմբային միջոցներով. պիէսը գրուած է նուագախումբի լարային խումբի համար։

«Անիտրայի պարում» նուագախմբային միջոցներու գրեթէ նոյն համեստութեամբ (լարային խումբին միայն կ՛աւելցուի երանկիւնին) երգահանը հազուագիւտ բուն գունեղութեան կը հասնի։ Լարային խումբի հնչողութիւնը տարբեր շտրիխներու օգտագործման շնորհիւ բաւականին բազմազան է՝ arco և pizzicato, խուլցած եւ բաց հնչողութեամբ ձայներ։ Տեղ-տեղ երաժշտութիւնը կը զարդարուի եռանկիւնի արծաթով։ Նուրբ, համաչափ մեղեդին զարդարուած է նիւերով (ֆորշլագներով, տրելներով)։ Մեղեդին քմահաճ ռիթմիք պատկեր ունի եւ կը հենուի նուագակցութեան պարային դարձուածքի վրայ։

Սիւիթի վերջը՝ «Լեռնային թագաւորի քարայրում» վառ եւ գունեղ ուժապանական պիէս է։ Պարզ եւ իւրօրինակ է անոր կառուցուածքը. թեմայի բազմիցս անցկացումներով առանց մեղեդիի փոփոխութեան՝ այս մէկը ամէն անգամ կը հայտնուի աւելի ու աւելի մեծ քանակութեամբ ձայներով շրջապատուած, խումբի նոր կերբարաններով, որոնք աւէլի եւս կը զօրացնեն անոր արտասովոր բնոյթը։ Սկզբէն մինչեւ վերջ, հնչողութեան աստիճանային ուժեղացումը կը հանդիսանայ այդ պիրսի ուժաբանութեան հիմնական միջոցը։

Երկրորդ սիւիթը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Պեր Գիւնտի» երկրորդ սիւիթը բաղկացած է հետեւեալ պիէսներէ՝ «Ինգրիդի բողոքը», «Արաբական պար», «Պեր Գիւնտի վերադարձը հայրենիք», «Սոլվեյգի երգը»։ Համադրութեան մէջ նախաբանի եւ վերջաբանի դեր կը խաղայ քնարական պիէսները։ «Ինգրիդի բողոքը» թատերականի համար է։ Թախիծով լի քնարերգական երգ-բողոք, որ բոլորը պատուած է սուր ռիթմ ունեցող լարուած թեմայի հնչողութեամբ։ Թատրոնի ամենաբանաստեղծական էջերը Իբսէնը կը կաբէ Սոլվեյգի կերպարի հետ։ Ամբողջ կեանքի ընթացքին, Սոլվեյգը կը սպասէ Պերին լեռներուն մէջ, անտառային խրճիթին մէջ։ Կրիկ գեղարուեստական մեծագոյն զգացողութեամբ կրցած է հաղորդել Սոլվեյգի հոգիի մաքրութիւնն ու ոգիի ուժը։ Սոլվեյգի երգը նուրբ քնարական է, հիւսուած է ժողովրդական, շուետական եւ նորվեկական ժողովրդական երգերու մեղեդիներու զօրութեամբ եւ ռիթմերով։ Ժողովրդական երգերու մէջ կարելի է յաճախակի հայտնաբերել Սոլվեյգի երգի հանգիստ քայլքը, կայուն ռիթմիք կառուցուածքը, բնորոշ ռիթմիք պատկերը, մեղեդիական դարձուածքները։ Երգը կը նախաբանուի գեղեցիկ մեղեդիով, որ բնոյթով մօտ է եղջերափողի երգեցիկ մտախոհ մեղեդիներուն։ Այդ նոյն մեղեդին կը եզրափակէ համարը։ Ինքը երգը, որ պարզ է իր զօրութեամբ, կառուցուածքով սահուն է, կը հնչէ զուսպ եւ վեհասքանչ։ Իւրաքանչիւր նոր պարբերութեան հետ կ՛աճի մեղեդիի արտայայտչականութիւնը. սկզբը ներդաշնակութեան աւելի մեծ լարուածութեան հաշուին (մեղեդիի կրկնութիւնը ներդաշնակ այլ բովանդակութեան դէպքի ընթացքին՝ T եւ D պահուած հնգերորդեան հայեացով բասի վրայ, երկրորդին մէջ՝ եղանակաւորում դէպի տօ մաժոր), այնուհետեւ առանձին ձայնի ելեւէջներու արտայայտչականութեան ուժեղացման հաշուին մէջ։ Թեթեւ եւ նուրբ պարային կրկներգը (ձայնի տարբերակին մէջ վոկալիզ է) կերպարի մէկ այլ կողմը կը բաձայայտէ. պատանեկութեան ուրախութիւնն ու լոյսը, որոնք Սոլվեյգ պահած է իր հոգիին մէջ։ Կրիկ «Պեր Գիւնտը» մնանցնէ խառնուածքներու բացառիկ խորութիւնը, վառ ազգային կերպարներու իրաբաշտական արտայայտչականութիւնը եւ բազմակողմանիութիւնը։

Կրիկի Յայտնի Ստեղծագործութիւններէն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

(Տեղեկություն)

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]