Jump to content

Էմին Տէր Գրիգորեան

Էմին Տէր Գրիգորեան
Ծնած է 1 Յունուար 1855(1855-01-01)
Ծննդավայր Երեւան, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն
Մահացած է 18 Սեպտեմբեր 1939(1939-09-18) (84 տարեկանին)
Մահուան վայր Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն
Քաղաքացիութիւն  Ռուսական Կայսրութիւն
 Խորհրդային Միութիւն
Ուսումնավայր Լազարեան Ճեմարան
Մասնագիտութիւն դերասան, թարգմանիչ, Խմբագիր, գեղանկարիչ
Անդամութիւն Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու Միութիւն

Էմին Տէր Գրիգորեան (1 Յունուար 1855(1855-01-01), Երեւան, Կովկասի Փոխարքայութիւն, Ռուսական Կայսրութիւն - 18 Սեպտեմբեր 1939(1939-09-18), Երեւան, Հայաստանի Խորհրդային Ընկերվարական Հանրապետութիւն, Խորհրդային Միութիւն), հայ թատերագիր եւ մշակութային գործիչ։ 1934 թուականին եղած է Խորհրդային Հայաստանի Գրողներու միութեան անդամ։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Երեւան: Կրթութիւնը ստացած է Մոսկուայի Լազարեան ճեմարանէն, ուրկէ շրջանաւարտ ըլլալէ ետք վերադարձած է Երեւան:

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Էմին եղած է Երեւանի թատրոնի հիմնադիրներէն, հանդէս գալով իբրեւ թատերագիր, բեմադրիչ, ինչպէս նաեւ դերասան:

Իր թատերական առաջին գործը՝ «Խեչոյի թուզը» գրած է 1869 թուականին: Գրած է բազմաթիւ թատերական աշխատութիւններ, որոնք ներկայացուած են Անդրկովկասի հայկական թատրոնին մէջ։

Իր թատրերգութիւնները ներկայացուած են Երեւանի, Թիֆլիսի եւ բազմաթիւ այլ շրջաններու մէջ: Իր թատրերգութիւններէն ամենէն յայտնիներէն են՝

  • «Բարեգործութեան դիմակի տակ»ը,
  • «Զրկանքի զոհ»ը,
  • «Վայրենին» եւ այլ գործեր:

Տպարանն ու հրատարակութիւնները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Էմին թատրոնի կողքին զբաղած է նաեւ հրատարակութեամբ։ Երեւանի մէջ ունեցած է իր սեփական տպարանը, ուր տպագրուած են իր եւ այլ գրողներու բազմաթիւ գիրքեր[1][2]:

Որոշ ժամանակ հրատարակած է «Երեւանի Յայտարարութիւններ» թերթը[3]: Գրած է բանաստեղծութիւններ, որոնք 1876 թուականին հրատարակուած են «Թռչնիկ» խորագրեալ աշխատութեան մէջ:

Թարգմանութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Թատրերգութեան եւ թատերագրութեան կողքին զբաղած է նաեւ թարգմանութեամբ, օտար լեզուներէ հայերէնի թարգմանելով զանազան թատրոններ, որոնցմէ կարելի է յիշել «Հերկուլես»ն ու «Ոճրագործի ընտանիքը»:

Էմինի դիմանկարը ցայսօր կը գտնուի Հայաստանի Ազգային պատկերասրահին մէջ, նկարուած Ստեփան Աղաջանեանի կողմէ՝ 1935 թուականին[4][5]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]