Jump to content

Էլի Սաապ

Էլի Սաապ
Ծնած է 4 Յուլիս 1964(1964-07-04)[1] (61 տարեկան)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան[2]
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան
Մասնագիտութիւն ձեռնարկատէր և նորաձեւութեան ձեւագծող
Կայքէջ eliesaab.com(անգլերէն)(ֆր.)

Էլի Սաապ (արաբերէն՝ ايلي صعب‎, 4 Յուլիս 1964(1964-07-04)[1], Պէյրութ, Լիբանան[2]), լիբանանցի ոճաբան։ Արհեստանոցներ ունի նաեւ Միլանի եւ Փարիզի մէջ[3]։

Սաապի տաղանդը ի յայտ եկած է ինը տարեկանին, երբ ան վարագոյրներն եւ սփռոցներ կտրելով քոյրերուն համար սկսած է զգեստներ պատրաստել եւ հագուսները գծել թուղփերու վրայ:

Երբ տասնԵօթ տարեկան կը դառնայ, կը մեկնի Փարիզի եւ կը սկսի նորաձեւութիւն սորվիլ[4]:

1982 թուականին կը վերադառնայ Լիբանան ու Պէյրութի մէջ կը բանայ իր առաջին հաւաքածուն եւ կը ներկայացնէ իր առաջին հաւաքածուն:

1997 թուականին ան իր առաջին հաւաքածուն կը ներկայացնէ Լիբանանէն դուրս՝ Իտալիա, ան առաջին արաբ ձեւաւորողն էր, որ ցուցադրախ էր Հռոմի Նորաձեւութեան Շաբաթի ընթացքին:

2002 թուականին, դերասանուհի Հալլի Պերին կը կրէ Սաապի կողմէն ստեղծուած զգեստը, «Օսքար»-ի մրցանակաբաշխութեան ժամանակ եւ կ'արժանանaj «Լաւագոյն դերասանուհի» մրցանակին:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]