Jump to content

Էլի Պէրպէրեան

Էլի Պէրպէրեան
Ծննդեան անուն Էլիաս՝ Եղիա
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Ազգութիւն Հայ
Մասնագիտութիւն երաժշ­տա­կան ու­սու­մը կա­տա­րե­լա­գոր­ծած է Մա­գիստ­րո­սի տիտ­ղո­սով, Գա­նա­տա­յի McGill հա­մալ­սա­րա­նէն (Master of Music in Performance)

Էլի Պէրպէրեան երա­ժիշտ, դասական, ժողովրդային եւ ազգային երգերու մեկնաբան: երաժշ­տա­կան ու­սու­մը կա­տա­րե­լա­գոր­ծած է Մա­գիստ­րո­սի տիտ­ղո­սով, Գա­նա­տա­յի McGill հա­մալ­սա­րա­նէն (Master of Music in Performance):

Էլի Պէրպէրեան ծնած է Լիբանան: Հօրը եւ մօրը մեծ հայրերն ու մայրերը ականատես եղած են հայոց ցեղասպանութեան: Հօրը մեծ հայրը ծնած է Քիլիս: Հայրս յայտնուեր է Լիբանան, իսկ մօրը գերդաստանի մեծ հայրերն ու մայրերը Տիգրան Մեծի հիմնած կայսերական Տիգրանակերտ քաղաքէն են: Մորը մեծ հայրն իր ընտանիքով հրաշքով յայտնուեր է Տէր Զօր, հետագային հաստատուեր է Լիբանան: Էլի Պէրպէրեան կը տիրապետէ հայերէն, արաբերէն, ֆրանսերէն, անգլերէն եւ Տիգրանակերտցիներու բարբառին:

Յաճախած է Լիբանանի Կիլիկեան վարժարանը, Թռչնոց բոյնը, Շամլեան-Թաթիկեան վարժարանը, Մխիթարեան վարժարանը եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլէճը: 4 տարի հետեւած է Լիբանանի Պետական երաժշտանոցի դասընթացքներուն, ապա առիթը ունեցած է երաժշտական իր ուսումը շարունակելու Քանատայի ՄըգԿիլ համալսարանին մէջ, զոր աւարտած է 2015-ին՝ արժանանալով մագիստրոսական կոչումին: Լիբանանի մէջ 10 տարեկանէն սկսեալ ազգային-յեղափոխական երգերով հանդէս եկած է:

2006 Օգոստոս 9-ին հրաւիրուած է Քանատա, Մոնրէալ, Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ տարեկան քերմէսին, որմէ ետք հաստատուած է Քանատա: Էլի Պէրպէրեան այսօր, որպէս դասական, ժողովրդային եւ ազգային երգերու մեկնաբան, հանդէս կու գայ զանազան երգահանդէսներով ու ելոյթներով ոչ միայն Քանատայի, այլեւ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ:

Էլի Պէրպէրեանի ելոյթներու ընթացքին կը հնչեն թէ՛ դասականը եւ թէ՛ ժողովրդականը, ներառեալ pop music-ը:

Իմ երաժշտական ճանապարհս սկսայ դասականով, այդպիսով կը փորձէի մեր մշակոյթին ծառայել եւ տարածել, բայց զգացի, որ ժողովրդային խաւեր կան, որոնց զգացումներուն հարազատ թարգմանը ժողովրդական երգարուեստն է, որմէ եկած է նաեւ անոնց անուանումը՝ ժողովրդական, հետեւաբար սկսայ մեկնաբանել նաեւ ժողովրդական երգեր: Անդին երիտասարդութիւնը կը հակի ժամանակակից երգարուեստի pop music-ին, այդ ալ ներառեցի իմ երաժշտական ոլորտիս մէջ: Չեմ ուզեր սահմանափակուիլ երգարուեստի որոշ տեսակով մը, այլ կ’ուզեմ ժողովուրդի՛ն երգիչը ըլլալ՝ երէց սերունդին, կրտսերին, երիտասարդին եւ բոլոր խաւերուն: Անշուշտ դիւրին չեղաւ այս մէկը, սակայն ամէնօրեայ տքնաջան աշխատանքով, փորձերով ու յարատեւութեամբ կարելի է ամէն բան իրագործել[1]:
- Էլի Պէրպէրեան


Աշուղական երգերու իր առաջին ձայնասկաւառակը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Համազգայինի «Ռուբէն Զարդարեան» մասնաճիւղին նախաձեռնութեամբ հրապարակուած է աշուղական երգերու իր առաջին ձայնասկաւառակը:

երաժշ­տա­կան ալ­պոմներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

“Ար­եան Կան­չը“ ազ­գա­յին, յե­ղա­փո­խա­կան եր­գե­րու ըն­տիր հա­ւա­քա­ծոյ մըն է, որ Էլի Պէր­պէր­եա­նի չոր­րորդ երաժշ­տա­կան ալ­պոմն է, եւ որ կը յա­ջոր­դէ իր

  • “Նրան Եր­գը“,
  • “Յոյ­սի Դու­ռը“ եւ
  • “Վար­դեր Ու­ղար­կիր“ ալ­պոմ­նե­րուն

“Ար­եան Կան­չը“ ալ­պո­մին առա­ջին եր­կու եր­գե­րը` “Հրանդ Տինք“ եւ “Շու­շի“ նոր եր­գեր են: Առա­ջի­նը` գրուած Ման­ուէլ Չար­շաֆ­եա­նին եւ երկ­րոր­դը` Յա­կոբ Արս­լան­եա­նին, իսկ երաժշ­տու­թիւնը` Էլի Պէր­պէր­եա­նին կող­մէ[2]:

Տեսահոլովակներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առայժմ հրապարակած է երեք տեսահոլովակ՝ «Արեւ,արեւ», «Դու ես» եւ «Հոփփա» իր երգերուն, իսկ անցնող օրերուն հրապարակուեցաւ իր «Ինձ կը մոռանամ» տեսահոլովակը:

Ես առ այսօր հրապարակած եմ «Արեւ, արեւ», «Դու ես» եւ «Հոփփա» երգերուս տեսահոլովակները, եւ մեծ ուրախութեամբ կ’ուզեմ անդրադառնալ, թէ քանի մը ամիս առաջ Տիթրոյթի մէջ ելոյթներէս մէկուն ընթացքին, երբ 300 հոգի հաւաքուած էր սրահին մէջ, եւ ես «Դու ես»ը սկսայ երգել, ժողովուրդը գրեթէ իր բոլոր խաւերով, 16 տարեկանէն մինչեւ միջին տարիքի ունկնդիրները, բառ առ բառ հետս երգեցին: Այս մէկը ինծի համար մեծ իրագործում է, որ կը նշանակէ, թէ երգս հասած է ժողովուրդին, յատկապէս՝ հայ երիտասարդին, եւ կը փաստէ այն իրողութիւնը, թէ եթէ այդ երգը տեսահոլովակով չհրապարակէի, դժուար թէ հասնէր ժողովուրդին ընդհանրապէս, եւ հայ երիտասարդին՝ մասնաւորապէս[1]:
- Էլի Պէրպէրեան


2019-ին, Էլի Պէրպէրեան հրապարակեց Յովհաննէս Շիրազի «Ինձ կը մոռանամ»ը՝ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան, երաժշտութիւնը մշակած է Մաժակ Թոշիկեան:

Չափազանց խանդավառ եմ Շիրազի «Ինձ կը մոռանամ»ի բառերով, որ մեր ժողովուրդին արդար պոռթկումին հարազատ թարգմանն է: Այս մէկը պիտի հնչէ Նիւ Եորքի Թայմ հրապարակէն, ուր պիտի մեկնաբանեմ Շարլ Ազնաւուրի «Ils sont tombés»ն եւ գուսան Հայկազունի «Հայեր միացէք»ը: Ասոնցմէ զատ ունիմ երկու ճոխ երգեր, ինչպէս նաեւ «Դու իմ միակ» սիրային երգը, որուն հրապարակումը Դեկտեմբերին նախատեսուած է[1]:
- Էլի Պէրպէրեան


Նոր երգ «Երկիր իմ Լիբանան»

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Էլի Պէրպէրեանի «Երկիր իմ Լիբանան» նոր երգին բառերու հեղինակ Աւետիք Աբղ. Տէր Կարապետեանը [3]:

«Միասին երեխաների համար» առցանց համերգ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

4 Յուլիս 2020-ին, տեղի ունեցաւ «Միասին երեխաների համար» առցանց համերգը, որուն մասնակցեցան հայազգի արուեստագէտներ աշխարհի չորս կողմերէն: Ձեռնարկին ընթացքին կատարուեցաւ հանգանակութիւն՝ ի նպաստ « Ժպիտների քաղաք» բարեգործական հիմնարկին՝ քաղցկեղ եւ արեան հիւանդութիւններ ունեցող երեխաներու եւ երիտասարդներու բուժման ծախսերը հոգալու նպատակով։

Մասնակցողներն են՝ Արա Մալիքեան (Սպանիա), Արա Գէորգեան (Հայաստան), Յարութ Փամպուքճեան (Միացեալ Նահանգներ), Ռոզի Արմէն (Ֆրանսա), Սիպիլ (Թուրքիա), Վահէ Պէրպէրեան (Միացեալ Նահանգներ), Սերժ Աւետիքեան (Ֆրանսա), Սեպուհ Սիմոնեան (Միացեալ Նահանգներ), Լենա Շամամեան (Սուրիա), Սերուժ Քրաճեան (Քանատա), Էլի Պէրպէրեան (Քանատա), Գեւ Օրգեան (Բրիտանիա), «Նիու Տոքթա» խումբը (Միացեալ Նահանգներ), Ալվարօ Յակոբեան (Ուրուկուէյ), «Գուսան» նուագախումբը (Արժանթին)[4]։

Աշու­ղա­կան հա­մերգ՝ Սա­յաթ Նո­վա­յի ծննդեան 300 ամ­եա­կին առ­թիւ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

2013 թուականի գարնան, Նիւ Եոր­քի Հա­մազ­գա­յի­նը կազ­մա­կեր­պած էր աշու­ղա­կան հա­մերգ մը, Սա­յաթ Նո­վա­յի ծննդեան 300 ամ­եա­կին առ­թիւ, Էլին դիւ­թեց ներ­կա­նե­րը ո՛չ միայն իր ձայ­նով, այլ մա­նա­ւա՛նդ ունկն­դիր­նե­րուն ներ­կա­յաց­նե­լով իւ­րա­քան­չիւր եր­գի պատ­մու­թիւնն ու իմաս­տը [2]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]