Jump to content

Զօրաւոր Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցի

Երեւանի Սուրբ Անանիա Առաքեալ անապատ (Զորաւոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցի), կրօնական կառոյց հին Երեւանի Շահար թաղամասի հիւսիսային կողմի այգեստանին մէջ։ Պարփակուած է Պուշկին եւ Թումանեան փողոցներուն` բազմայարկ բնակելի շէնքերու միջեւ։ 17-րդ դարուն եկեղեցին կը գտնուէր հին Երեւանի սահմաններէն դուրս` հիւսիսային կողմի այգիներու տարածքին։ Սուրբ Զօրաւոր եկեղեցին 17-րդ դարու վերջին կառուցուած տպական յուշարձան է, իչպիսին էին Երեւանի մեծ երկրաշարժէն (1679) ետք1690-ականներուն վերակառուցուած Կաթողիկէ Սուրբ Աստուածածին, Սուրբ Պօղոս-Պետրոս եւ միւս եկեղեցիները։

Այս եկեղեցին կից մատուռ մըն է ամփոփուած Քրիստոսի 72 առաքեալներէն մէկուն՝ Սուրբ Անանիայի սրբասուն մասունքները (Գործք 9։1-22)։ Երեւանի հնագոյն եկեղեցիներէն է։ Սկիզբը կոչուած է Սուրբ Աստուածածին, այնուհետեւ վերանուանուած Սուրբ Զօրաւոր Աստուածածին, քանի որ այնտեղ պահուած է հրաշագործ «Զօրաւոր» աւետարանը։ Եկեղեցին հին Երեւանի Շահար թաղամասի մէջ էր։ Եկեղեցիին մէջ գտնուած է Սուրբ Անանիա առաքեալի մատուռ - դամբարանը, որ նշանաւոր սրբավայր կը համարուէր։ Երեւանցիներու նիւթական օժանդակութեամբ Մովսէս Սիւնեցի վարդապետը կառուցած է վանքային համալիր՝ բաղկացած եկեղեցիէ, մատուռէ, միաբանական խուցերէ, առաջնորդարանէ եւ պարսպապատած է։ Այստեղ հիմնուած է անապատ եւ վանական դպրոց։ Այս վանքին մէջ Մովսէս վարդապետը ձեռնադրուած է եպիսկոպոս, իսկ 1620-ին օծուած է որպէս Ամենայն Հայոց Հայրապետ։

Վանքը կառուցուած է Փիլիպոս կաթողիկոսի օրով (1632-1635), սակայն նորակառույց վանքը նոյնպէս երկար չի գոյատեւեց. 1679-ի երկրաշարժի ժամանակ կործանուած է։ Այժմեան Սուրբ Զօրաւոր եկեղեցին կառուցուած է նոյն տեղը 1693 թ՝ Երեւանի մեծահարուստ Խոճա Փանոսի նուիրատուութեամբ։ 1793-ի արձանագրութեան մէջ նշուած է, որ Ս. Զօրաւոր եկեղեցին նորոգուած է Գաբրիէլ հարիւրապետի կողմէ՝ Ղուկաս կաթողիկոսի օրով։

17-18 րդ դարերուն Սուրբ Անանիայի վանքը հռչակուեցաւ որպէս գրչութեան կենդրոն, որու մշակներէն էին Զաքարէ գրիչը, Եսայի սարկաւագը, Մկրտիչ քահանան (1621), Ոսկան Երեւանցին, Մինասը, Գրիգոր Երեւանցին (1686) եւ Կիրակոս քահանան (1776 )։ Այստեղ կրթութիւն ստացած է նաեւ Սիմեոն Երեւանցի կաթողիկոսը։ 1679-ին աւերիչ երկրաշարժէն վնասուեցաւ վանքը, որու փլատակներու տակ իր հաւատաւոր եղբայրներուն հետ զոհուեցաւ համբաւաւոր վարդապետ, սուրբ Գեղարդի վանահայր Ստեփաննոսը։

Խորհրդային տարիներուն, տարբեր նպատակներու ծառայելէ ետք, Ս. Զօրաւոր եկեղեցին վերադարձուեցաւ հաւատացեալներուն եւ սկսած է գործել։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հովանաւորութեամբ 1974-78-ականներուն եկեղեցին հիմնանորոգուած է, հատակը՝ մարմարապատուած, երգչախումբի համար կառուցուած է վերնատուն ու երիցատան նոր շէնք։ Նորոգուած է նաեւ Սուրբ Անանիա առաքեալի մատուռը։

Սուրբ Անանիայի մատուռը մեծ հռչակ կը վայել է ինչպէս Հայաստանին մէջ, այնպէս անոր սահմաններէն դուրս։ Ռուս եւ Ֆին ուղղափառ եւ կաթոլիկ եկեղեցիներու տարբեր համայնքներ պարբերաբար կ'այցելեն Սուրբ Անանիայի մատուռ՝ այն համարելով կարեւոր ուխտատեղի[1][2][3]։

Մարդիկ տարբեր վայրերէն եկած են այստեղ յոյսով, որ սուրբի հրաշագործ մասունքները օժտուած են բուժելու կարողութեամբ։ Ասոր մասին կայ յիշատակում Առաքել Դաւրիժեցիի մօտ.

Կայր ի վաղեմի ժամանականաց վայելուչ մատուռ մի շինեալ ի վերայ դամբարանի սրբոյ առաքելոյն Անանիայի, որ եր ի հիւսիսային կողմանէ քաղաքին Երեւանայ ի մէջ այգէստանացն, եւ եր աւիրակ եւ անմարդաբնակ, որոյ վասն ասաց խանն առ վարդապետն Մովսէս Սիւնիցի …[4]։
Կայր ի վաղեմի ժամանականաց վայելուչ մատուռ մի շինեալ ի վերայ դամբարանի սրբոյ առաքելոյն Անանիայի, որ եր ի հիւսիսային կողմանէ քաղաքին Երեւանայ ի մէջ այգէստանացն, եւ եր աւիրակ եւ անմարդաբնակ, որոյ վասն ասաց խանն առ վարդապետն Մովսէս Սիւնիցի …Մէջբերման սխալ՝ The opening <ref> tag is malformed or has a bad name։

Դպրոցն ու անապատը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

16-18-րդ դարերուն Երեւանի մէջ գործող եկեղեցիները կը համարուէին մշակութային օջախներ, որոնց մէջ կը գործէին դպրոցներ։ Առանձնայատուկ ուշադրութեան արժանի է Մովսէս Սիւնեցի (Տաթեւացի) հիմնադրած Ս. Անանիա անապատի դպրոցը։ Մովսէս Սիւնեցին 1608-ին Սիւնիքի մէջ` Կիրակոս Պոնտացիի եւ Սարգիս եպիսկոպոսի հետ միասին կը հիմնեն նշանաւոր Սիւնեաց մեծ կամ Հարանց անապատը, որ միջնադարեան ամենախոշոր կրթական օճախն էր։ 1620-ին Մովսէս Սիւնեցին կը ձգէ Հարանց անապատը եւ կը մեկնի Էջմիածին։ Այնուհետեւ, խուսափելով Մելիքսէթ կաթողիկոսի հալածանքներէն, Էջմիածինէն կը տեղափոխուի Երեւան, կը ծանօթանայ այն ժամանակ «Երեւանի իշխան» Ամիրգունա խանի հետ, եւ վերջինիս բարեացակամութիւնը շահելով, առաջարկ կը ստանայ մնալ Երեւանի մէջ, վանք հիմնել Սուրբ Անանիա առաքեալի մատուռի շրջապատին մէջ եւ քարոզել բնակչութեան։ Մովսէս Սիւնեցի վարդապետը կը համաձայնի։ Նոր Ջուղայի առեւտրականներու նիւթական օժանդակութեամբ եւ քաղաքի բնակիչներու օգնութեամբ կը կառուցուին վանքը, ժամատունը, միաբաններու խուցերն ու առաջնորդարանը։ Այս մասին կը վկայէ Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսը «Ջամբռ» պատմագրութեան մէջ.

«…Սա (Մովսես կաթողիկոս) շինեաց եւ զեկեղեցին Անանիայ առաքելոյն, որ յԵրեւան եւ արար վանք միաբանակեցաց»[5][6]։
«…Սա (Մովսէս կաթողիկոս) շինեաց եւ զեկեղեցին Անանիա առաքելոյն, որ յԵրեւան եւ արար վանք միաբանակեցաց»Մէջբերման սխալ՝ The opening <ref> tag is malformed or has a bad nameՄէջբերման սխալ՝ The opening <ref> tag is malformed or has a bad name։

Մովսէս վարդապետը կը պարսպապատէ վանական համալիրը, կը հաւաքէ միայնակեաց վանականներու միաբանութիւնն ու 1620-ին կը հիմնէ վանական դպրոց` Ս. Անանիա մեծ անապատը, ուր ճգնելու եւ ուսում ստանալու կու գային երկրի տարբեր կողմերէն։ Այստեղ ուսանած են Փիլիպպոս, Սիմէոն Երեւանցի կաթողիկոսները, Թովմա Մեծոփեցին, Ոսկան Երեւանցին եւ ուրիշներ։ 16-18-րդ դարերուն այստեղ գրուած, ընդօրինակուած են մշակութային ու գիտական արժէք ներկայացնող բազմաթիւ գիրքեր ու մատեաններ։ 17-18-րդ դարերուն Անապատին մէջ կը ստեղծագործեն միջնադարեան նկարչութեան մեծ վարպետ Նաղաշ Յովնաթանն ու անոր որդիները։ Նաղաշ Յովնաթանի ձեռքով եղած է Ս. Զօրաւոր եկեղեցիի մուտքի բարաւորի որմնանկարըՄէջբերման սխալ՝ The opening <ref> tag is malformed or has a bad nameՄէջբերման սխալ՝ The opening <ref> tag is malformed or has a bad name։

Ըստ 17-րդ դարու պատմիչ Առաքել Դաւրիժեցի, 17-րդ դարու առաջին քառորդը Մովսէս վարդապետը (ապագայ Մովսէս Գ. Տաթեւացի կաթողիկոս) Երեւանի Ամիրգունա խանի յորդորով եւ քաղաքի բնակիչներու ու վաճառականներու միջոցներով Ս. Անանիայի գերեզմանի վրայի մատուռի շուրջը հիմնած է անապատ եւ կառուցած պարիսպներով շրջապատուած համալիր՝ բաղկացած ժամատունէ, առաջնորդարանէ, խուցերէ (բոլորն ալ՝ փայտածածկ)։ Այստեղ կազմաւորուած միաբանութեան մէջ ղեկավարուած են Սիւնեաց Մեծ անապատի կանոնադրութեամբ։

Այստեղ Մովսէս վարդապետը հիմնած է նաեւ դպրոց։ Անապատի եւ դպրոցի համբաւը, ըստ Առաքել Դաւրիժեցիիի, տարածուած է մինչեւ Յունաստան, Թուրքիա, Վրաստան, Պարսկաստան։ 1635–1636 -ականներուն՝ թուրք-պարսկական պատերազմի ժամանակ, աւերուած են անապատի բոլոր շինութիւնները, բացի մատուռէն։ Փիլիպոս Ա. Աղբակեցի կաթողիկոսը 1637-ին քարով վերակառուցած է անապատի բոլոր շէնքերը՝ յաւելելով նաեւ սեղանատուն։ 4 Յունիս1679-ին երկրաշարժէն անապատը ամբողջովին աւերուած է։

Վանքի վերակառուցումը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մովսէս Սիւնեցիի կառուցած շէնքերը, բացի Սուրբ Անանիա մատուռէն, փայտաշէն էին, ուստի երկար կեանք չունեցան։ 1635-1636-ականներուն թուրք-պարսկական կռիւներու ժամանակ աւերուած են եկեղեցիի կառոյցները։ Այս մասին կը յիշատակէ Առաքել Դաւրիժեցին.

«…իսկ Երեւանայ անապատն` զօրմէ ասացաք դամբարան գոլ Անանիայի առաքելոց, որ ինչ եւ շինուածք գոյր անդ բովանդակ փայտակերտ էր, զատ ի մատուռէն, եւ սօքայ ամէնեքեան քանդեալ աւիրեցան ի գալ վիրոյասացեալ թագաւորացն /Սուլթան Մուրադ եւ Շահսեփի/, որ եւ զայն եւ զբովանդակն ամէնայն վիրստին շինեաց, ոչ թէ փայտիւ` այլ քարիւ եւ …գմբէթեայ` զժամատունն, զսիղանատունն, զխցերն եւ զայլ եւս շինուածս ամէնայն…»/ [7]։
«…իսկ Երեւանայ անապատն` զօրմէ ասացաք դամբարան գոլ Անանիայի առաքելոց, որ ինչ եւ շինուածք գոյր անդ բովանդակ փայտակերտ էր, զատ ի մատուռէն, եւ սոքայ ամէնեքեան քանդեալ աւիրեցան ի գալ վիրոյասացեալ թագաւորացն /Սուլթան Մուրադ եւ Շահսեփի/, որ եւ զայն եւ զբովանդակն ամէնայն վիրստին շինեաց, ոչ թէ փայտիւ` այլ քարիւ եւ …գմբէթեայ` զժամատունն, զսիղանատունն, զխցերն եւ զայլ եւս շինուածս ամէնայն…»/ Մէջբերման սխալ՝ The opening <ref> tag is malformed or has a bad name։

Փիլիպպոս կաթողիկոսը (1632-1655 ) կը վերակառուցէ վանքը, որ կրկին կ՛աւերուի 1679-ի մեծ երկրաշարժէն։ Նահապետ Ուռհայեցի կաթողիկոսի օրով (1691-1705), Խոճա Փանոսի միջոցներով 1691-1993-ականներուն կը կառուցուի քարաշէն Ս. Աստուածածին եկեղեցին` այժմյան տեսքով, որ կանգուն է մինչեւ օրս։ Այս եկեղեցիին հիմքերը կապուած չեն Սուրբ Անանիա առաքեալի մատուռին հետ. 1889-ին վերանորոգման ժամանակ դամբարանի մուտքը եկեղեցիին միջէն փակուած է, իսկ անոր վրայ կառուցուած է փոքր, գմբեթարդ շինութիւն։ Կառուցուած են նաեւ սիւնազարդ ժամատուն, երկու աւանդատուներ եւ զանգակատուն։ Միեւնույն ժամանակ եկեղեցիին պատերուն դուռ եւ պատուհաններ բացուած են, որոնք անհարիր են կառոյցի ոճին[8]։

1693-ին Երեւանի մեծահարուստ Խոճա Փանոսը մինչեւ հիմքերը քանդած է անապատի մատուռը եւ նոյն տեղը սրբատաշ տուֆով կառուցած է մէկ զոյգ խաչաձեւ մոյթերով եռանաւ բազիլիկի յօրինուածքով Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին եւ անոր արեւմտեան ճակատին կից՝ եռակամար բաց սրահ, որու կեդրոնը կը բարձրանայ զանգակատան վեցասիւն ռոտոնդան։ Եկեղեցին ներսը, հիւսիսարեւմտեան մոյթի կողքէն, սրահի հիւսիսային կողմը մուտք բացուած է դէպի Սուրբ Անանիայի թաղածածկ, ստորգետնեայ ոչ մեծ դամբարանը։

1731-ին Աւետիք վարդապետը պատրաստել տուած է եկեղեցիին խաչկալը։

1793-ին Գաբրիէլ հարիւրապետը նորոգած է եկեղեցիին տանիքը։

1835-ին Սուրբ Անանիա Առաքեալ անապատը դադրեցուցած է մենաստան ըլլալէ, եւ անոր եկեղեցին դարձած է շուրջը բնակութիւն հաստատած մարաղացի գաղթականներու համար ծխական եկեղեցի։

Սուրբ Անանիա վանքին մէջ վանական կեանքը տեւած է մինչեւ 1835, երբ եկեղեցին դադրած է մենաստան ըլալէ։ Ռուսերու կողմէն քաղաքը գրաւելլէն ետք Էջմիածնի կաթողիկոսը եւ միաբանները Երեւանի մէջ քիչ կ՛ըլլային, ուստի համալիրը կը վերածուի ծխական եկեղեցիի` Մարաղայից վերագաղթած եւ Սուրբ Զօրաւորի շուրջը բնակութիւն հաստատած հայ գաղթականներուն համար։ 1873-ին երեւանցի մեծահարուստ Աֆրիկեան եղբայրներու միջոցներով Սուրբ Անանիայի գերեզմանի վրայ կառուցուած է քառակուսի յատակագծով, երկյարկ, ութասիւն գմբէթով մատուռ, որու ներքին յարկը սուրբի դամբարանն է։ Մատուռի համար արեւմուտքէն նոր մուտք բացուած է։ 1889-ին պատգամաւոր Մ. Սարգսեանի միջոցներով նորոգուած է եկեղեցին (ըստ հարաւային մուտքի ճակատի արձանագրութեան) հարաւային կողմէն նոր դուռ եւ ճակատներուն ուղղանկիւն լուսամուտներ բացուած են, ներսը, արեւմտեան կողմը՝ վերնասրահ շինուած։

1939-ին Երեւանի նախկին Զօրաւար եկեղեցի շէնքը Յուշարձաններու պահպանութեան կոմիտէի կողմէն հաշուի կ՛առնուի իբրեւ ճարտարապետական-հնագիտական յուշարձան։ Եկեղեցին` կրօնական համայնք չունենալու պատճառով Մայիս1938-էն կը դադրի գործելէ` քահանայ Խորէն Շուշանեանը կը հրաժարի իր պաշտօնէն։ Եկեղեցւոյ գոյքը եւ շէնքը անխնամ չմնալու համար ՊՀՊ կոմիտէն կը դիմէ ՀԽՍՀ գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան` Զօրաւոր եկեղեցին յանձնելու իր իրաւասութեանՄէջբերման սխալ՝ The opening <ref> tag is malformed or has a bad name։

1974–1978-ականներուն ֆրանսահայ բարերար Սարգիս Պետոյեանի նուիրատուութեամբ Զօրաւոր Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին վերանորոգուած է, յատակը՝ մարմարապատուած, Աւագ խորանին վրայ սեղան տեղադրուած է, շինուած է հիւսիսային որմին մկրտարանի աւազանը, նորոգուած է Սուրբ Անանիայի մատուռ-դամբարանի գմբէթը, շրջապատը՝ բարեկարգուած։

Ներկայիս Երեւանի Սուրբ Անանիա Առաքեալ անապատը քաղաքի Կեդրոն համայնքի գործող եկեղեցիներէն է։

«Զօրաւոր» աւետարան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այնտեղ պահուող, հրաշագործ համարուող եւ «Զօրաւոր» կոչուող Աւետարանի անունով եկեղեցին սկսած է կոչուիլ Զօրաւոր Սուրբ Աստուածածին։

Ըստ աւանդութեան, իբրեւ թէ այդ մատեանը Սեւանայ կղզիի վանքէն գողցուած արժէքները տեղափոխելու ժամանակ ինկած է լիճը, Հրազդան գետով հասած է Երեւանի մօտ ու յայտնուած աստուածապաշտ կնոջ մը մօտ։ Վերջինս ալ սուրբ գիրքը յանձնած է Անանիա վանքին։ Այտեղ աւետարանը պահուած է մինչեւ 19-րդ դարուն վերջը, անոր վերագրուած է բուժելու զօրութիւն։

Եկեղեցին նախապէս

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ներկայիս տեսքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ներքին յարդարանքը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Սբ. Զօրաւոր Աստուածածին եկեղեցի
  2. Սուրբ Զօրաւոր Աստուածածին եկեղեցի
  3. «ՀՀ մշակոյթի նախարարութեան «Պատմամշակութային արգելոց թանգարաններու եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառաւոււթիւն» ՊՈԱԿ, Սուրբ Զօրաւոր Աստուածածին եկեղեցի»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2016-03-05-ին։ արտագրուած է՝ 2016-05-26 
  4. Պատմութիւն Առաքել վարդապետի Դաւրիժեցւոյ, Հայաստանի ազգային արխիւ, ֆ. 1063, ց. 1/
  5. Հայաստանի ազգային արխիւ, ֆ 1063, ց. 1
  6. Հայաստանի ազգային արխիւ, ֆ. 1063, ց. 1, գ. 1294
  7. Պատմութիւն Առաքել վարդապետի Դաւրիժեցւոյ, Հայաստանի ազգային արխիւ, ֆ. 1063, ց. 1, գ. 1288, թ. 318
  8. Քրիստոնեայ Հայաստան,Հանրագիտարան, Երեւան 2002

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]