Jump to content

Զնտուկ

Զնտուկ, մանկավարժական հայալեզու (արեւմտահայերէն) աղբիւրներու եւ գործիքներու համացանցային լայնարձակ կայքէջ։ Կը ներփակէ հայերէնի ուսուցման արդի, նորարար եւ գործնական մեթոտիք ծրագիրներ։[1]

Հակիրճ տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զնտուկը հիմնուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին կողմէն, եւ հանրութեան ներկայացաւ 16 Հոկտեմբեր 2021-ին։

Ժամանակակից մանկավարժական, երեխայակեդրոն եւ ուսանողակեդրոն մօտեցումներով համացանցային կեդրոն մըն է «զնտուկ»ը, որմէ մասնաւորաբար կ՛օգտուին մանկավարժներ, ուսուցիչներ, աշակերտներ եւ ծնողներ, դպրոցներէն ներս կամ դուրս։[2]

Կ՚ընդգրկէ մանկապատանեկան տեսերիզներ, ձայներիզներ, շարժապատկերներ, շարժանկարներ, տարբեր տարիքներու համար նախատեսուած ծրագիրներ, գրական ստեղծագործութիւններ, բառարաններ, խաղեր եւ ուրիշ զանազան նիւթեր։ Ինչպէս նաեւ ուսուցիչներու համար պատրաստուած գրաւոր եւ լսատեսողական ուղեցոյցներ, որոնք շարունակ կը հարստանան։[3]

Գաղափարախօսութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զնտուկը ստեղծուած է հիմնուելով մանկավարժական որոշ սկզբունքներու վրայ։ Լեզուն անհատի մը առօրեային հետ կապուած ըլլալով, ան «զնտուկ»ին մէջ ամբողջութեամբ ընդգրկուած է որպէս՝ «ապրող, շնչող, ինքզինք զարգացնող, աշխարհին հետ զուգահեռ յառաջացող միջոց, վայր եւ եղանակ»: Կայքէջին բովանդակութիւնը շարունակ կ՛ընդլայնուի։[4]

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]