Երդիք (յայտագիր)

Երդիք (յայտագիր). Արեւմտահայերէնով ստեղծարար յայտագիր մը հայախօս եւ հայախօս չեղող երեխաներու համար։ Կը հովանաւորուի Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան Հայկական Բաժանմունքին կողմէն։

Հակիրճ տեղեկութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Երդիքը ստեղծուած է ներշնցուած Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկութեան նախաձեռնութեամբ արեւմտահայերէնի գործադրուող լեզուական իւրացումի «Զարմանազան» ծրագիրէն։ Յայտագրին ստեղծարար բովանդակութեան պատրաստութիւնն ու սփռումը յանձն առած են 7 երիտասարդներ։

Անոր հնարամիտ միջավայրին մէջ ներմուծումը ազատ է եւ տրամադրելի է «Ակուլ Տուկուլ» (4-7 տարեկաններու յարմար) եւ «Ալնիս Բալնիս» (7-12 ու անդին տարեկաններու համար) զուարճալի պահեր ու խաղեր ընդգրկող տեսերիզներու միջոցով։ Երեխաներուն առիթը կը տրուի զարգացնեն իրենց լսողատեսողական ունակութիւնները, ստեղծարար կարողութիւններն ու յիշողութիւնը։ Ինչպէս նաեւ կը գրգռէ անոնց հետաքրքրութիւնը «ինչո՞ւ» եւ «ինչպէ՞ս» հարցականներ խորացնելով անոնց մէջ։  

Սփռում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Ակուլ Տուկուլ»ի եւ «Ալնիս Բալնիս»ի սփռումները շաբաթական հերթականութեամբ են։

[1] [2]

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]