Զէյթունի Գրչութեան Օճախ
Զէյթունի գրչութեան օճախ, հայ մշակոյթի կեդրոն, գործած է 16-18-րդ դարերուն, հիմնականին Սուրբ Սարգիս եւ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիներուն կից գրչատներուն մէջ։
Պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մեզ յայտնի առաջին մատեանը Մաշտոց է, որ ընդօրինակած է Գաբրիէլ դպիրը, 1534–ին։ Այս եւ 16-րդ դարու ընդօրինակուած եւս երեք մատեան կը պահուին Մեսրոպ Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ (ձեռ․ №№ 956, 2504, 5956, 9289)։ Անոնցմէ են Վահան Սարկավագի Սաղմոսարանը (1582), Գրիգոր Տաթեւացիի «Գիրք հարցմանցը» (1596)։ Վահան Սարկավագ ընդօրինակած է նաեւ Շարակնոցներ (1616-1625), Աստուածաշունչ (1634), Գրիգոր Վարդապետը՝ Մաշտոց (1655)։ 17-րդ դարուն Յովհաննէս Խաչատուր, Եփրեմ, Ստեփանոս գրիչներու ընդօրինակած ձեռագիրների մէկ մասը կը պահուի Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջ (ձեռ․ №№ 695, 1230, 1252, 2133, 2163, 2475, 3554, 6039, 10374)։
18-րդ դարուն գրչութեան կեդրոնի գործունէութիւնը թուլացած է։ Յայտնի են Դաւիթ եւ Սահակ գրիչ-ծաղկողները, որոնց ընդօրինակած մատեանները չորսը Մաշտոցի անուան Մատենադարանին մէջն են (ձեռ․ №№ 1030, 2161, 9272, 10227)։
Զէյթունի գրչութեան օճախին մէջ պահպանուած են բացառիկ նշանակութիւն ունեցող մատեաններ (1256–ին Հռոմկլայի գրչատանը Թորոս Ռոսլինի ծաղկած «Զէյթունի Աւետարանը» եւ այլն)։ Գրչութեան այս օճախին մէջ սերունդներու հերթափոխը, գրիչներու պատրաստումը համակարգուած բնոյթ ունեցած է[1]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ԺԷ դարու հայերէն ձեռագիրերու յիշատակարաններ (կազմ․ Վ․ Յակոբեան, Ա․ Յովհաննիսեան), հ․ 1―2, Երեւան, 1974―78։