Զաքինթօ

Ծովաբնեայ քաղաք
Զաքինթօ
Ζάκυνθος
Զաքինթօ քաղաք
Երկիր Յունաստան
Շրջան Յոնիական ծով
Տարածութիւն 46 քմ²
Բնակչութիւն 9760 մարդ (2021),
11 082 մարդ (2001),
10 457 մարդ (1991),
9772 մարդ (2011)
Հեռախօսային ցուցանիշ 26950
Փոստային ցուցանիշ 29100
Շրջագայութեան պետ-համարագիր ΖΑ

Զաքինթօ (յուն.՝ Ζάκυνθος) քաղաքը համանուն կղզիի մայրաքաղաքն է։ Նաեւ կղզիի մարզպետական շրջանի եւ քաղաքապետութեան կեդրոնն է։

Տեղեկութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կը գտնուի Զաքինթոս կղզիին արեւելեան մասը, Պելոբոնիսոսի դիմաց։ Զաքինթոյի քաղաքը կը տարածուի դէպի Պոհալիի նաւահանգիստը եւ բլուրը։ Պոհալիի թաղամասը կը գտնուի բլուրին կողմը, որուն վրայ շինուած է վենետիկեան բերդը եւ կը նկատուի քաղաքի ամենագեղեցիկ կոթողը։ Թաղամաս մըն էր, ուր կ՚ապրէր կղզիին ամենահարուստ դասը Վենետիկեան տիրապետութեան ժամանակ, ինչպէս նաեւ նախորդ տարիներուն։

2011-ի մարդահամարին համաձայն բնակչութիւնը 9 772 հոգի էր ։ Զաքինթոն կը նկատուի Յոնեան կղզիներու երկրորդ ամենամեծ քաղաքը։

Թանգարաններ

Պոհալի բլուրը եւ Զաքինթօ քաղաքին մէկ մասը

Հոն, կարելի է այցելել քաղաքի նշանաւոր անձնաւորութիւններու թանգարանը, Բիւզանդական թանգարանը, Ս. Տիոնիսիոսի թանգարանը, ինչպէս նաեւ Սոլոմոսի ու Քալվոսի դամբարանները։ Նաեւ կարելի է այցելութիւն ընել Պոհալիին բլուրի բերդին, Սթրանիի բլուրը, ուր Տիոնիսիոս Սոլոմոս յղացաւ Յունաստանի ազգային հիմներգը՝ «Ազատութեան երգը»։ Նաւի խորտակման վայրը ամէնէն աւելի նկարահանուած տեղն է, ուր անցեալին հոն ընկըղմեցաւ նաւ մը, որ ապօրինի սիկարէթ կը փոխադրէր Թուրքիայէն։


Յատկանշական է Ֆաներոմենիի միջնադարեան եկեղեցին։ ԺԶ․ դարու շէնքը կործանեցաւ 1953-ի երկրաշարժին պատճառով, բայց վերաշինուեցաւ աւանդական ձեւով եւ բոլոր մանրամասնութիւններով։ Եկեղեցին կը ցոլացնէ շրջանի յետբիւզանդական վանքերու ճարտարապետութեան ձեւը։


Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

9 Սեպտեմբեր 1943-ին, Զաքինթոյի գերմանացի կառավարիչ Փաուլ Պերենս, Զաթինթոյի Խրիսոսթոմոս Մետրոպոլիտէն եւ քաղաքապետ Լուքաա Քարերէն պահանջեց ամբողջ կղզիին հրեաներուն ցանկը։ Երկու այրերը մերժեցին կատարել հրամանը, գիտնալով թէ ինչ վտանգ կար հրեաներուն համար, եթէ նման ցանկ մը տրուէր։ Այսպէս, անոնք ցանկին մէջ միայն իրենց երկու անունները արձանագրեցին, այդ պատճառով ալ գերմանական ընդհանուր հրամանատարութիւնը չեղարկեց հրամանագիրը, ու այսպէս Զաքինթոյի բոլոր հրեանները ազատեցան վստահ մահէն։ Այս պատմութիւնը իւրայատուկ է գերմանացիներուն կողմէ գրաւուած ամբողջ Եւրոպայի պատմութեան մէջ։ 12 Օգոստոս 1953-ին 7,3 ուժգնութեամբ երկրաշարժը ցնցեց կղզին ու կործանեց քաղաքի բոլոր շէնքերը, իսկ անոր հետեւանքով բռնկած հրդեհը շարունակեց աւերիչ գործը։ Հետագային, բոլորոն ջանքերով քաղաքը դարձեալ վերակառուցուեցաւ։

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

[1][2][3]

  1. Զաքինթոս (անգլերէն)
  2. Զաքինթոս այցելութեան վայրեր (յունարէն)
  3. Զաքինդոս կայքէջ (յունարէն)