Զարքաա Ուլ-Եամամա
Զարքաա Ուլ-Եամամա | |
---|---|
Ծննդավայր | Ալ-Եամամա / Ճօու |
Քաղաքացիութիւն | Al-Yamama |
Մայրենի լեզու | Արաբերէն |
Կարողութիւն | Զօրաւոր տեսողութիւն, ուժեղ մտատեսութիւն |
Զարքաա Ուլ-Եամամա կամ Զարգաա Ուլ-Եամամա (ԺԸ եւ Ի դարերուն Արաբերէն ու Օսմաներէն Գաֆ ق տասնը մէկ երորդ տառը Հայերէնի Գիմ տառով կը տառադարձուէր) (Արաբերէն՝ زرقاء اليمامة) բառացի կը նշանակէ «Ալ-Եամամա-ցի կապուտակը»։ Առասպելական կապուտաչուի կին մըն էր, նախաիսլամական Արաբիայի «Ալ-Եամամա» (Արաբերէն՝ اليمامة) շրջանէն։ Ան Արաբական «Ճատիս» (Արաբերէն՝ جديس) ցեղին շառաւին է, նշանաւր է իր արտակարգ յայտնատեսութեամբ, զօրաւոր տեսողութեամբ եւ պատահմունքներուն տեղի ունենալէն առաջ զանոնք կանխատեսելու կարողութեամբ։[1] Երբ որ մէկու մը տեսողութիւնը զօրաւոր կ՚ըլլայ (կամ փոխաբերական իմաստով հեռուն տեսնող կ՚ըլլայ) Արաբները կ՚ըսեն՝ «Զարգաա-էն լաւ տեսողութիւն ունի»։[2]
«Զարքաա Ուլ-Եամամա»-ի աւանդավէպը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ըստ վաղնջական հեքիաթին, Զարգաա-ին ցեղը անոր կարողութիւններուն կ՚ապաւինէր մօտեցող թշնամիներուն յայտնելու եւ իւրեանց հողերը պաշտպանելու համար, քանզի ան, ինչպէս որ կը պատմուի, մէկ շաբթուայ հեռաւորութեան վրայ գտնուող հեծեալները տեսնելու կարողութիւնը ունէր։ Զարգաա-ի պշնումներէն (Պշնիլ՝ անթարթ նայիլ պաղած աչքերով) խոյս տալու համար, իւր ցեղին թշնամիները կ՚որոշեն պահուըտիլ իրենց շալկած ծառերուն ետեւը։ Զարգաա-ն կը նկատէ տեղի ունեցածը եւ իր ցեղակիցներուն կը տեղեկացնէ թէ իրենց ետեւը զինուորներուն թաքցուցած ծառերը կը շարժուին դէպի ի իրենց։ Ի ապշեցումս անոր, իր ցեղակիցները կը կարծեն թէ ան խենթացած է, եւ անտարբեր կը մնան իր զգուշացումներուն եւ չեն անսար անոր։ Հասսան Ալ-Հիմեարի-ի (Արաբերէն՝ حسّان الحميري) թշնամական զօրքերը ի վերջոյ կը հասնին իրենց ցեղին նստատեղին, եւ կը սպաննեն բանակատեղիի բոլոր տղամարդոց։ Ապա կը մատնեքէն իր աչքերն ու կը խաչէն զանոր։[3][4]
Տեսողութեան ոյժը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կ՚ըսուի թէ ան կը տեսնէր մածունի մէջ ինկած ճերմակ մազի թելը, եւ մէկ տիւ ու գիշեր հեռաւորութեան վրայ գտնուող մարդուն տեսնելու կարողութիւնն ունէր։ Անոր տրուեցաւ «Զարգաա» անուանումը իր կապոյտ աչքերուն պատճառով։ Կ՚ըսուի թէ երբ որ թշնամիները Զարգաա-ին աչքերը կը փորէին կը տեսնեն թէ անոնք լեցուն են գեղադեղով (Արաբերէն՝ كحل, Քուհըլ, կամ إثمد, Իսմէտ կամ Իթմէտ, երկրորդ ث տառը լեզուի ծայռը դիմացի-վերին ակռաներուն դիպցնելով կը հնչուի, Անգլերէն՝ Eyeliner), ասի սեւ քար մըն էր զոր կը լեսէր (փշրելով փոշի դարձնել) եւ աչքերը կը գծէր իրմով։
Երբ որ մէկու մը տեսողութիւնը զօրաւոր կ՚ըլլայ (կամ փոխաբերական իմաստով հեռուն տեսնող կ՚ըլլայ) Արաբները կ՚ըսեն՝ «Զարգաա-էն լաւ տեսողութիւն ունի» ։[2]
Իր Անունին Փոխաբերական Իմաստը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այժմու օրերուս Զարքաա Ուլ-Եամամա եզրոյթը բացի զօրաւոր տեսողութեան մատնանիշ ըլլալէն, կը գործածուի փոխաբերական իմաստով, եւ կը մատնանշէ այն մտաւորականներուն որոնք կ՚առաջնորդեն իրենց ազգակիցներուն, եւ ուղութիւն ցոյց կու տան անոնց, ու կը զգուշացնեն անոնց երբ հեռուէն մոտեցող կամ մոտիկէն ծլող վտանգ ներ կը տեսնեն, ինչպէս բուն Զարքաա-ը ըրաւ իր ցեղակիցներուն համար,[5] նոյնիսկ եթէ ինքն իր կեանքը վտանգի տակ կը դնէ, ինչպէս իսկական Զարքաա-ին հետ տեղի ունեցաւ, ով իր ցեղակիցներուն զգուշացնելուն համար իր կեանքը կորսնցուց։[6]
Զարգաա Ուլ-Եամամա-ի պատմութիւնը աւելի խորապէս զննողը կը հասկնայ թէ այս կնոջ իւրայատկութիւնը ոչ այդքան իր աչքերուն զօրաւոր տեսողութիւնն էր, ինչքան իր զօրաւոր մտատեսութիւնը (խորազնինութիւն, կորովամտութիւն)։ Մտատեսութիւնը գիտակցութեան եւ խոհեմութեան ոյժեղութիւնն է[7], մինչ տեսողութիւնը զգայարանք մըն է, կամ մարդուն իր շուրջինները տեսնելու կարողութիւնը[8]։ Ուստի, հնարաւոր է որ Զարգաա-ը իր հայենակիցներուն զգուշացուց ոչ թէ վերահաս թշնամիներուն իր տեսնելուն արդիւնքով, այլ իր մտատեսած մօտահաս վտանգին պատճառով (լրտեսներէն ու ճամբորդներէն լսելէն ետք)։ Կարծիք մըն ալ կայ որ կ՚ըսէ թէ Զարգաա-ը կ՚ուզէր որ իր ցեղին զաւակները միշտ պատրաստ ըլլային ու չթուլնային, որպէսզի դիւրամատչելի «պատառ» մը չըլլան իրենց թշնամեաց թագաւոր՝ «Հասսան Ալ-Հիմեարի»-ին (Արաբերէն՝ حسان الحميري)։
Եգիպտացի գրող, դասախօս, իմաստասէր (փիլիսոփայ) Եուսէֆ Զէյտանը մտաւորականութեան դերին մասին խօսած ատեն կ՚ըսէ․ «Երբ «Զարգաա Ուլ-Եամամա»-ն իր ազգակիցներուն ըսաւ որ ծառերը կը մօտենան իրենց, եւ անոնք արհամարեցին անոր, անոնց հաւանութիւնը սիրաշահեիլ եւ սիրտերը առնել չէր ջանար, այլ անոնց կը տեղեկացնէր այն ինչ որ կը տեսնէր թէ ճիշդ է»։[9] «Թունուզցի եւ Եգիպտացի մտաւորականները հանգիստ չմնացին, այլ կը կռուէին իրենց մտաւոր մարտերուն մէջ, եւ կը խաղային «Զարգաա Ուլ-Եամամա»-ի դերը՝ տեսնելով այն ինչ որ պարզ քաղաքացին այսինքն հասարակութիւնը չէր տեսնէր, եւ զգուշացուց անոր մօտալուտ վտանգներուն մասին»։[10]
Անոր Յիշատակումը Տարբեր Գիրքերուն մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զարգաա Ուլ-Եամամայի պատմութիւնը կը գտնենք Իպէրիացի (Իսլամական անուանուամբ՝ Ալ-Անտալոս, الأندلس, Սպանիան եւ Փորթուկալը) բանաստեղծ «Ահմատ Պին-Մուհամմատ Պին Ապտու Րապպիհի Ալ-Անտալուսի»-ին (Արաբերէն՝ أحمد بن محمّد بن عَبْدُ ربّهِ الأندلسيّ) «Անզուգական Մանեակը» (Արաբերէն՝ العقد الفريد) գիրքին մէջ[11], նաեւ «Ապու Ապտ-Ուլլահ Պին-Զաքարիյա Ալ-Քազուինի» (Կասպիցցի) (Արաբերէն՝ أبو عبد الله بن زكريا القزويني) «Երկիրներու Հնութիւնները (ժառանգութիւնները) եւ Ծառաներուն (մարդոց) Լուրերը» (Արաբերէն՝ آثار البلاد وأخبار العباد) գիրքին մէջ[12], ինչպէս նաեւ «Ապու Ֆարաճ Ալ-Իսֆահանի»-ի (Սպահանցի, Արաբերէն՝ أبو الفرج الإصفهاني)՝ «Երգերու Գիրքը» (Արաբերէն՝ كتاب الأغاني) գիրքին մէջ:
Պատկերասրահ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]-
Արաբիայի «Ալ-Եամամա» Նախաիսլամական շրջանը
-
Պատմական «Ալ-Եամամա»-ն Արաբիա։
-
Սաուտեական Արաբիայի մէջտեղը գտնուող «Ալ-Եամամա»-ն
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Jedamski 2009, էջ. 136
- ↑ 2,0 2,1 ألتونجی، محمد (۲۰۰۱). معجم أعلام النساء. بیروت: دارالعلم للملایین. ص. ٩٤-۵.
- ↑ "The story of blue-eyed woman of Yamama!". Oman Observer. 28 August 2020.
- ↑ ابن سعيد الأندلسي. كتاب نشوة الطرب في تاريخ جاهلية العرب. الأردن- عمان: مكتبة الأقصى. ص. 52. مؤرشف من الأصل في 2022-11-27.
- ↑ عن القيمة والرغبة ودور المثقف: لماذا يوسف زيدان؟ - مواطن
- ↑ قالوا - جريدة الصباح , الباحثة السورية وفاء سلطان
- ↑ Team, Almaany. "تعريف و شرح و معنى البصيرة بالعربي في معاجم اللغة العربية معجم المعاني الجامع، المعجم الوسيط ،اللغة العربية المعاصر ،الرائد ،لسان العرب ،القاموس المحيط - معجم عربي عربي صفحة 1". www.almaany.com.
- ↑ Team, Almaany. "تعريف و شرح و معنى البصر بالعربي في معاجم اللغة العربية معجم المعاني الجامع، المعجم الوسيط ،اللغة العربية المعاصر ،الرائد ،لسان العرب ،القاموس المحيط - معجم عربي عربي صفحة 1".
- ↑ حياتي اليوم - Հայեաթի Ալ-Եօում د. يوسف زيدان: أنا مقاتل شرس..لا أخشى المتشدّدين ولا غيرهم!
- ↑ جمهوريّة - Ճումհուրիյա يوسف زيدان ضمن صباحات قرطاج: العرب بحاجة الى الترشيد الذهني والاستعصام بالمنطق
- ↑ العقد الفريد - Ալ-Ագտ Ուլ-Ֆարիտ Համացանցի Արխիւը / Internet Archive/ archive.org
- ↑ آثار البلاد وأخبار العباد Internet Archive/ Համացանցին Արխիւը - archive.org
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Jedamski, Doris (2009). Chewing Over the West: Occidental Narratives in Non-Western Readings. Rodopi. ISBN 9789042027831.