Jump to content

Զարուհի Պահրի

Զարուհի Պահրի
Ծննդեան անուն հայ.՝ Զարուհի Շահբազ
Ծնած է 31 Մայիս 1880(1880-05-31)
Ծննդավայր Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է 13 Մայիս 1958(1958-05-13) (77 տարեկանին)
Մահուան վայր Պուլոն - Պիյանքուռ[1]
Քաղաքացիութիւն  Օսմանեան Կայսրութիւն
Ազգութիւն Հայ[2]
Մասնագիտութիւն արձակագիր, գրագէտ, ընկերային ծառայող, ակտիվիստ
Աշխատավայր Հայ կին
Դպրոցասէր Տիկնանց Վարժարան
Վարած պաշտօններ Նախարարութեանց խորհուրդի նախագահ

Զարուհի Պահրի (ծնեալ՝ Շահպազ, 31 Մայիս 1880(1880-05-31), Կոստանդնուպոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - 13 Մայիս 1958(1958-05-13), Պուլոն - Պիյանքուռ[1]), հայ արձակագիր։

Կենսագրական գիծեր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Պոլսոյ Կէտիկ Փաշա թաղը, իր ժամանակին հանրածանօթ իրաւաբան (փաստաբան) Նազարէթ Շահպազի ընտանիքին մէջ: Ան բազմազաւակ ընտանիքի երրորդ երեխան էր, իրմէ ետք լոյս աշխարհ կու գան Բարսեղ եղբայրը (հետագային յայտնի դաշնակցական գործիչ եւ նահատակ), ապա՝ Եւգինէ քոյրը:

Ունենալով հանդերձ գրական ձիրք ու դեռ երիտասարդ տարիքին տարբեր առիթներով երբեմն հանդէս գալով մամուլի մէջ, Զարուհի Պահրի գեղարուեստական գրականութեանը նուիրուելու, վէպ գրելու առաջին փորձերուն կը ձեռնարկէ բաւականին հասուն տարիքին, 1938-39 թուականներուն: Եւ այդ, իր համեստ խոստովանութեամբ, ոչ թէ ներքին մղումով, «մուսայի» ստիպողական պարտադրանքով, որ կը տանջէ իրական արուեստագէտները դեռ պատանեկան հասակէն, այլ կեանքի ծանր բովով անցած իր փորձառութիւնն ու դժնի թուրքական իրականութեան պատկերը յաջորդ սերունդներուն փոխանցելու ձգտումով:

Ան գրած Է երկու եռագրութիւն (տրիլոգիա)․

  • Առաջինի ընդհանուր խորագիրն է «Վոսփորի ափերուն վրայ» («ագրը», «Տայեան Գէորգ պէյ», «Խաւարին մէջ», վերջինը՝ անտիպ) եւ «Սէնի ափերուն վրայ» «Պարթեւեան ընտանիքը», «Ամպրոպը», «Մոյկերու տակ», որոնցմէ միայն վերջինը հրատարակուած իբրեւ գիրք, առաջինը լոյս տեսած է ֆրանսերէնով՝ փարիզեան մամուլին մէջ, «Լուիզիէթ» խորագրով։
  • Երկրորդը՝ փարիզահայ «Ազատ խօսք»ին մէջ, թերթօնի ձեւով:

Այս եռագրութիւններէն զատ, առանձին գիրքով 1946 թուականին լոյս տեսած է «Փառանձեմ» վէպը, որ հայ ընտանիքի մը գողգոթան կը ներկայացնէ 1872-էն 1942 ձգուող շրջանին:

Զարուհի Պահրիի ստեղծագործութեան գնահատականը կարելի է ընել իր ապրած շրջանի ազգային-հասարակական կեանքի ներկայացումէն մեկնելով, իր ստեղծագործութեան «աղը» անոր մէջ է:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]