Զարեհ Մելքոնեան

(Վերայղուած է Զարեհ Մելգոնեան-էն)
Զարեհ Մելքոնեան
Ծնած է 15 Օգոստոս 1922(1922-08-15)
Ծննդավայր Հալէպ[1]
Մահացած է 30 Մարտ 2012(2012-03-30) (89 տարեկանին)
Մահուան վայր Fremont, Ալամետա, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Քաղաքացիութիւն  Սուրիա
 Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Ուսումնավայր Հայկազեան Ազգային Վարժարան[1]
Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն[1]
Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարան
Մասնագիտութիւն գրագէտ, թատերագիր
Աշխատավայր Շիրակ

Զարեհ Մելքոնեան (15 Օգոստոս 1922(1922-08-15), Հալէպ[1] - 30 Մարտ 2012(2012-03-30), Fremont, Ալամետա, Քալիֆորնիա, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ), բանաստեղծ, թատերագիր, հրապարակագիր։

Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զարեհ Մելքոնեան ծնած է Հալէպ, Սուրիա, 1923-ին։ Ուսանած է Հայկազեան ազգ. նախակրթարանի, Մխիթարեան վարժարանի եւ Լիսէ Ֆրանսէի մէջ։ 1945-ին շրջանաւարտ եղած է Կիպրոսի Մելգոնեան կրթական հաստատութենէն:

Պէյրութի մէջ աւարտած է Ամերիկեան համալսարանը Պսակաւոր Արուեստից տիտղոսով՝ անգլիական գրականութեան մէջ, եւ Մագիստոս Արուեստից տիտղոսով՝ մանկավարժութեան ճիւղէն։

Ուսուցչութեան ասպարէզին նուիրուած է եւ հայոց լեզու ու գրականութիւն աւանդած՝ ՀԲԸՄ-ի (Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւն) Պէյրութի «Յովակիմեան-Մանուկեան» եւ «Դարուհի Յակոբեան» երկրորդական վարժարաններուն մէջ։ Իսկ 1964- 1968 տնօրէնութեան պաշտօն վարած է «Դարուհի Յակոբեան» վարժարանին մինչեւ Տիթրոյիթ հաստատուիլը։ Միջոց մը վարած է «Ալեք Մանուկեան» Մշակութային Հիմնադրամի քարտուղարութեան պաշտօնը։

Սորված եւ ուսուցանած եմ իր պատրաստած ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ՔԵՐԱԿԱՆՈԻԹԻՒՆ ԱՐԴԻ ՀԱՅԵՐԷՆ ԼԵԶՈՒԻ ԴԱՍԱԳԻՐՔԵՐԸ։ Յիշատակը վառ մնայ միշտ։


ՇԻՐԱԿ Ամսագրի Խմբագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Զարեհ Մելքոնեան ութ տարի վարած է խմբագրութիւնը Պէյրութի «Թէքէեան» մշակութային միութեան «Շիրակ» ամսագրին եւ հրապարակագրական, գրադատական, մանկավարժական եւ յուշագրական յօդուածներով աշխատակցած՝ Պէյրութի «Զարթօնք», Գահիրէի «Արեւ», Պոսթընի «Պայքար» եւ Գալիֆորնիոյ «Նոր Օր» թերթերուն։[2]։

Երկեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ա. Բանաստեղծութիւն.

«Ես Եւ Մարդիկ» (1943), «Ջրհեղեղէն յետոյ» (1947), «Երջանկութիւն» (1950), «Քերթուածքներ» (1962), «Մինչեւ ափերը անկարելիին» (1967), «Լեռներ վիհերու մէջ» (1978) եւ «Ծնծղաները ոչինչին» (1982)

Բ. Թատերգութիւններ.

«Սիրոյ ցանցին մէջ» (1962), «Անգոյ հետքեր» (1962), «Ահա այսպէս ապրեցանք» (1972), «Զմռսուած երազներ» (1976), «Պրն. Ժոզէֆ Քարեան» (1978), «Բանալիներ» (1979), «Այդ գիշեր» (1980, «Արտաւազդին հայրը» (1981), «Մեծ ժողովը» (1982) եւ «Ֆրէօյտի զաւակները» (1982):

Հեղինակն է նաեւ հայերէն լեզուի եւ քերականութեան դասագիրքերու։

Զարեհ Մելքոնեան օժտուած է բանաստեղծական բարձր թէքնիքով եւ զգացական ու իմացկան կարողութեամբ։ Դասական ստեղծագործութեան աւանդութիւնը պահելով հանդերձ, միեւնոյն ատեն կը ձգտի արդիականութեան եւ իրապաշտութեան։

Զարեհ Մելքոնեան հարուստ է ապրումներով՝ որոնք անցողիկ ու պարագայական չեն, ներանձնական կեանքէ սկիզբ կ’աոնեն, հոն կը կուտակուին, կը խմորուին, կը զտուին, ու բաոի կուգան աոանց ճիգի, պահելով իրենց անխաոն ինքնութիւնը, սակայն իր գլխաւոր տկարութիւնը՝ զգացումներու անզուսպ զեղումն ու մտքէն դէպի գրիչ հոսող գաղափարներու անհակակշիո ծաւալումն է թուղթին վրայ։

Զարեհ Մելքոնեան՝ սիրուած եւ արժէքաւոր բանաստեղծ, բոցավառ եւ սուր միտք:
- Արա Ճուհարեան


Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. 1,0 1,1 1,2 1,3 1,4 Հայկական սովետական հանրագիտարանԵրևան: 1981. — հատոր 7. — է. 396.
  2. Սփիւռքահայ արդի գրականութիւն (խմբ. խմբագրող և համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն էջ 106։