Երուանդ Տէմիրճեան
Երուանդ Տէմիրճեան[1], (1931, Տիգրանակերտ-1 Մարտ 1996, Լիբանան), ազգային գործիչ, ուսուցիչ, տնօրէն, մանկագիր-մանկավարժ, խմբագիր, գրող, հաւատաւոր գաղափարապաշտ, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի անխոնջ նուիրեալ եւ մտաւորական սերունդի ներկայացուցիչ:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երուանդ Տէմիրճեան տասը տարեկանին ծնողքին հետ կը փոխադրուի Հալէպ, ուր նախնական ուսումը կը ստանայ Ազգ. Կիւլպէնկեան վարժարանին մէջ, ապա երկրորդական եւ հայագիտական ուսումը՝ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ: 1963-ին կը հաստատուի Լիբանան: Նոր կեանք, նոր միջավայր, նորանոր ձգտումներ զինք կը մղեն նոր թափով, նոյն հաստատակամ ոգիով նետուելու հանրային ծառայութեան զանազան մարզեր:
Մարզական կեանք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ական ուսանողը՝ անուն մըն էր Սուրիոյ աթլեթիզմի շրջանակներուն մէջ: 800 մեթր վազքի մէջ կրկնակի յաղթանակներ տարած է Հալէպի եւ Դամասկոսի մէջ: Սկաուտ-ուսանող-մարզիկ եղբ. Երուանդը Դամասկոսի մէջ Սուրիոյ 800 մեթր վազքի մրցանիշը կը կտրէ 2 վայրկեան 11 երկվայրկեանէն Սուրիոյ դպրոցական խաղերու ընթացքին: 800-ի կողքին լաւ երեք քայլ ոստում եւ արգելարշաւ ալ կ'ընէ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի տեղական ու միջ-մասնաճիւղային մրցումներուն կը տիրանայ բազմաթիւ Ա. Բ. եւ Գ. դիրքերուն: Աթլեթիզմի կողքին կը խաղայ նաեւ ֆութպոլ, պասքեթպոլ, վոլիպոլ եւ փինկ-փոնկ: Ճեմարանի լաւագոյն աթլեթը՝ Երուանդ Տէմիրճեան իր ձեռքբերումներուն շնորհիւ կը ճանչցուի «Ճեմարանի Եղնիկը» անուանումով: Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզիկ ըլլալով տարիներ շարունակ անպարտելի մնաց որպէս արգելարշաւի, մէկ քայլ ոստումի եւ հարիւր մեթր վազքի Սուրիոյ ախոյեան:
Ազգային-Միութենական Կեանք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երուանդ Տէմիրճեան[1] շուտով կը նետուի ազգային կեանքի յորձանուտին մէջ, ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ: 25 տարեկանին ան արդէն տնօրէնն էր Հալէպի Ազգային Զաւարեան վարժարանին, միաժամանակ վարիչը Հալէպահայ Ուսանողական Միութեան մինչեւ իր մեկնումը Լիբանան: Ազգային տօներու առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներուն ամէնէն փնտռուած բանախօսն էր իր նորարար եւ հռետորական ոճով: Երբ կը խօսէր սրտէ՛ն կը խօսէր, սրտո՛վ կը կը խօսէր, սրտերո՛ւն կը խօսէր: Երբ գրէր իր հոգի՛ն կը դնէր, իր էութի՛ւնը կը կարդացուէր գրութիւններուն մէջ: Փոքր տարիքէն կ'անդամագրուի Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, որ այնուհետեւ ամբողջ յիսուն տարի կը դառնայ իր կեանքի ամէնէն հարազատ միջավայրը: Որպէս սկաուտ, որպէս մարզիկ եւ որպէս վարչական եղբ. Երուանդ եղաւ միշտ առաջատար դիրքերու վրայ: Լիբանան հաստատուելէ ետք, տնօրէն կը նշանակուի Էշրէֆիէի Ազգ. Ղազար Չարըգ վարժարանին, ապա իր օրով եւ իր ճիգով վերանուանուած Եփրեմեան, ետքը կոչուած Գէորգ Չաթալպաշեան վարժարանին մինչեւ 1972, որմէ ետք Ազգային Վարչութեան Ուսումնական Խորհուրդին կողմէ կը հրաւիրուի վարելու լիբանանահայ ազգային վարժարաններու գործավարի պաշտօնը՝ մինչեւ իր վաղահաս մահը: Լիբանանեան ծանօթ դէպքերու ընթացքին, ան եղաւ իր ժողովուրդին հետ՝ հայաշատ թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան գործին մէջ, ցուցաբերելով դիւանագէտ բանագնացի եւ վճռակամ ղեկավարի կեցուածք: Հ.Մ.Ը.Մ.-էն ներս, իբրեւ Պուրճ Համուտի ձեռներէց ատենապետ, Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անխոնջ ատենադպիր եւ Կեդրոնական Վարչութեան երկար տարիներու ժրաջան անդամ, շատ բան կը պարտինք իր նախաձեռնող ոգիին եւ կրքոտ ճիգերուն:
Գրական-Հրապարակագրական Կեանք
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երուանդ Տէմիրճեան ունի համով հոտով գրութիւններ «Արեւելք-Մարզաշխարհ»ի մէջ, «Պարտուած Ախոյեանի մը Պատմութիւնը» խորագրով: Անսահման խանդաղատանքով փարեցաւ «Մարզիկ»[2] պաշտօնաթերթի խմբագրական սեւ եւ հեւասպառ աշխատանքին, ստորագրելով օրուան պատշաճ եւ բոլորին մատչելի ոգեշունչ խմբագրականներ: Սփիւռքահայ մամուլին մէջ սփռուած Ե. Երկաթ, Ասիացի, Գիսաւոր, Աշակերտին բարեկամը, Աստղ եւ այլ ծածկանուններու հեղինակ՝ եղբ. Երուանդ Տէմիրճեան գրական-հրապարակագրական ստեղծագործութեան վրայ եթէ աւելցնենք նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Մարզիկ»[2] պաշտօնաթերթի 73 խմբագրականները (ամփոփուած առանձին հատորի մէջ), կ'ունենանք գումարը Երուանդ Տէմիրճեան հայ մարդուն, որ աւելի քան 45 տարի իր անսակարկ մասնակցութիւնը բերաւ մեր ազգային կեանքին՝ Հալէպէն մինչեւ Պէյրութ, Լոս-Անճելըս, Սիտնի եւ այլուր, իբրեւ ուսուցիչ, տնօրէն, Լիբանանահայ Ուսումնական Խորհուրդի գործավար, մանկագիր-մանկավարժ, խմբագիր, գրող, հաւատաւոր գաղափարապաշտ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի անխոնջ նուիրեալ, որ մրցանիշակիր մարզիկի պատուանդանէն բարձրանալով հասաւ մինչեւ Միութեան հանգամանաւոր դիրքերը, հրապարակագրական աշխոյժ գործունէութեամբ միաժամանակ հիմը դնելով «Միութենական Գրականութեան»:
Պարգեւատրում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]11 Փետրուար 1996-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը գնահատելով իր բազմամեայ վաստակաշատ ծառայութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի հիմնադրութեան 60 ամեակին առիթով զինք պարգեւատրեց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «Արժանեաց» շքանշանով:
Խօսքեր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«Հ.Մ.Ը.Մ.-ը՝ Հ.Մ.Ը.Մ. եղաւ, որովհետեւ սերունդ մը անով լիացաւ, սերունդ մը անով սերնդացաւ, սերունդ մը զայն ժառանգե՛ց: Հ.Մ.Ը.Մ.-ը՝ Հ.Մ.Ը.Մ. եղաւ, որովհետեւ եղաւ ժառանգ եւ ժառանգորդ, միաժամանա՛կ: Այս Միութիւնը ունի պատմութիւնը սերունդներու եւ ոչ թէ պատմութիւնը սոսկ միութեան մը. հետեւաբար, մէկ կամ երկու սերունդ բաւ պիտի չըլլան տալու համար պատմութիւնը այս միութեան»:
«Մեծ է ու մեծ կրնայ մնալ այն ազգը, որ յարգանք կը տածէ զինք մեծ պահողներուն հանդէպ»:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Մարզիկ, 32րդ տարի, 2013, թիւ 3(369), էջ 7
- Մարզիկ, ԺԵ. տարի, 1996, թիւ 4(166), էջ 2-13