Jump to content

Երկրորդ Ծաղկազարդ

Երկրորդ Ծաղկազարդ կը կոչուի Համբարձման յաջորդող Կիրակին, որ յատուկ տօն մը չունի, այլ ըստ կարգի աւուրց՝ Յինանց 43-րդ ու Համբարձման 4-րդ օրն է։

Հայ Եկեղեցին «Նոր Կիրակի»էն սկսեալ՝ չորս աւետարանները կը կարդայ ամէն օր կարգով, եւ այդ կարգին շարունակութեամբ չորս աւետարաններէն Քրիստոսի Երուսաղէմ Գալստեան կտորները Յինանց Է. Կիրակիին ինկած են՝ որմով Ծաղկազարդի յիշատակութեան կրկնութիւնը տեղի կ'ունենայ։

Տոհմային յիշատակ մըն ալ աւելցուած է նոյն օրուան վրայ. ըստ աւանդութեան, հրեշտակ մը ամէն օր կ'այցելէր Լուսաւորիչին Խոր վիրապին մէջ. Համբարձման Դ. օրը ան բացակայած է եւ Գրիգոր Լուսաւորիչին բացատրած է, թէ Քրիստոսի Համբարձումը տօնելու համար՝ հրեշտակներու դասերէն իւրաքանչիւրն օր մը հանդէս կը կատարէ եւ ինքը Դ. դասէն ըլլալով՝ Դ. օրը չէր ուզած իր դասին հանդէսներէն բացակայիլ[1]։ Երկրորդ Ծաղկազարդին օրը 35 օրերու շարժականութեամբ 3 Մայիսէն մինչեւ 6 Յունիս կրնայ հանդիպիլ։

Ո՛վ դռներ, գլուխնիդ վեր վերցուցէք եւ վերցուցէ՛ք, ո՛վ յաւիտենական դռներ, որպէսզի փառաց Թագաւորը մտնէ։ Ո՞վ է այս փառաց Թագաւորը, կարող եւ հզօր Տէրը, պատերազմի մէջ հզօր Տէրը
- (ՍԱՂՄ. ԻԴ 7-8)

Հրեշտակներու այս երկխօսութիւնը կը բացատրէ այն իրադարձութիւնը՝ երբ Համբարձումէն երեք օր ետք Քրիստոս կը բարձրանայ Վերին Երուսաղէմ։ Այդ օրը հրեշտակներու ուրախութեան տօնն էր, որ կը կոչուի «Երկրորդ Ծաղկազարդ»։

Եթէ Առաջին Ծաղկազարդի ժամանակ կը յիշատակուի Տիրոջ գալուստը երկրային Երուսաղէմ, ապա Երկրորդ Ծաղկազարդին կը յիշատակուի Տիրոջ մուտքը Վերին Երուսաղէմ։ Առաջին Ծաղկազարդին Տէրը կը փառաբանուէր իբրեւ Դաւիթի Որդի, իսկ Երկրորդ Ծաղկազարդին՝ իբրեւ Աստուծոյ Որդի։

Հայ Առաքելական Ուղղափառ Եկեղեցին Քրիստոսի Համբարձման տօնին յաջորդող Կիրակի օրը կը նշէ «Երկրորդ Ծաղկազարդ»ը։

«Երկրորդ Ծաղկազարդ» անուանումը յառաջացած է Զատկուան, այսինքն Սուրբ Յարութեան նախորդող Ծաղկազարդի տօնին անուանումէն։ Արդարեւ, ինչպէս առաջին Ծաղկազարդը Մեծ Պահքի եօթներորդ Կիրակի օրն է, այնպէս ալ երկրորդ Ծաղկազարդը Յինանց եօթներորդ Կիրակի օրն է։

Արդարեւ, «Երկրորդ Ծաղկազարդ»ը Յիսուս Քրիստոսի յաղթանակի տօնն է։

«Երկրորդ Ծաղկազարդ»ը այն օրն է, երբ իւրաքանչիւր հաւատացեալ մասնակից կը դառնայ հրեշտակներու ուրախութեան, ցնծութեան, կը վերապրի Քրիստոսի առաջին յաղթական մուտքը Երուսաղէմ եւ կը հաւատայ, որ եթէ թոյլ տայ, որ Աստուած բնակի իր մէջ՝ ի՛նքն ալ կ'ապրի յաղթանակի այն մեծ ուրախութիւնը, զոր ապրեցան հրեշտակները։

Այս առիթով Գրիգոր Վկայասէր Կաթողիկոսին (Գրիգոր Բ. Վկայասէր. 1066-1105) գրած «Մեծահրաշ այս խորհուրդ» շարականին մէջ հանգամանօրէն պատմուած է ամբողջ աւանդութիւնը։

Ինչպէս Յարութենէն ետք Քրիստոս մնաց երկիրի վրայ քառասուն օր, որպէսզի մարդոց մէջ հաստատէ Իր յարութեան հաւատքը, այնպէս ալ համբարձումէն ետք ինը օր մնաց հրեշտակներու դասերուն մէջ, որպէսզի անոնց յայտնէ մարդոց փրկութեան խորհուրդը։

Ուրեմն, առաջին Ծաղկազարդի խորհուրդը երկրի վրայ՝ մարդոց համար էր, իսկ երկրորդ Ծաղկազարդը՝ երկինքը, հրեշտակներու համար։

Եթէ առաջին-բուն Ծաղկազարդը կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսի արքայական մուտքը Երուսաղէմ, ապա երկրորդ Ծաղկազարդը կը խորհրդանշէ Յիսուս Քրիստոսին փառաւոր մուտքը Վերին՝ Երկնային Երուսաղէմ, հրեշտակներու ուղեկցութեամբ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]