Jump to content

Երիտասարդ հայ

«Երիտասարդ հայ», գրական, հասարակական պատկերազարդ երկշաբաթաթերթ։ Լոյս տեսած է 1969-1975 թուականներուն, Պէյրութի մէջ։ Խմբագիրներ՝ Պետրոս Թէրզեան, Անդրանիկ Կռանեան, Ժիրայր Դանիէլեան, Յովսէփ Մելքոնեան, Լութֆի Թապաքեան, Օշին Գրգեաշարեան, Լեւոն Թորոսեան եւ այլք։

Միջազգային կեանքի ու արուեստի հարցերու մասին յաճախ հանդէս կու գայ մակերեսային յօդուածներով։ Կը տպագրէ գրականագիտական, արուեստաբանական նիւթեր, արձակ ու չափածոյ գործեր, թարգմանութիւններ արաբական, եւ եւրոպական գրականութիւններէն, կինոյի տեսութիւններ, մարզական լուրեր։ Հետաքրքրական են թերթի հարցազրոյցները արուեստի ու գիտութեան բնագաւառի սովետական եւ սփիւռքի հայ գործիչներու հետ։

Կ՚աշխատակցին հիմնականին լիբանանահայ երիտասարդ մտաւորականները (Վահէ Օշական, Ալեքսան Պերեճիքլեան, Յակոբ Պեքեարեան)։ 1973 թուականին հրատարակած է մարզական յաւելուած։

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։