Jump to content

Երիտասարդութեան Միջազգային Օր

Երիտասարդութեան Միջազգային Օր

Տեսակ Միջազգային օր
Ամսաթիւ 12 Օգոստոս[1]
սկսած 2000[2]
Հաստատուած 17 Դեկտեմբեր 1999[3]
Անուանուած է երիտասարդութիւն
Ի յիշատակ երիտասարդութիւն[1]
Հիմնադիր Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութիւն
Կայք un.org/en/observances/yo…
un.org/es/observances/yo…
Երիտասարդութեան միջազգային օր Կապանի մէջ․Ազգային պարերու ուսուցում Կապանի Գարեգին Նժդեհի անուան հրապարակին մէջ Սիսիանի «Որոտնայ» համոյթի մասնակցութեամբ

Երիտասարդութեան միջազգային օր (անգլ.՝ International Youth Day), երիտասարդութեան առնչուող հարցերու վերաբերեալ տեղեկացուածութեան բարձրացմանը միտուած միջազգային օր։ ՄԱԿ-ի կողմէ հաստատուած ամէնամեայ այս տօնը առաջին անգամ նշուած է 12 Օգոստոս 2000-ին։

Նախապատմութիւնը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

14 Դեկտեմբեր 1995-ին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ժողովը, հաշուի առնելով հասարակութեան մէջ երիտասարդութեան կարեւորագոյն դերը, կ՚ընդունի ոլորտային հիմնարար փաստաթուղթ մը (A/RES/50/81)՝ Երիտասարդութեան առնչուող գործողութիւններու համաշխարհային ծրագիրը (ԵԳՀԾ (WPAY))[4]։ 8-12 Օգոստոս 1998-ին Լիզպոնի մէջ տեղի ունեցած երիտասարդութեան հարցերով նախարարներու համաշխարհային խորհրդաժողովը նոյնպէս, կարեւորելով երիտասարդութեան դերը, իր Երիտասարդական քաղաքականութեան ու ծրագրերու մասին հռչակագրին մէջ (WCMRY/1998/28)[5]՝ ի թիւս այլ միտքերու, կ՚առաջարկէ 12 Օգօստոսը հռչակել երիտասարդութեան միջազգային օր։

Իր աջակցութիւնը յայտնելով Լիզպոնեան հռչակագրի առաջարկին եւ հիմք ընդունելով իր նախորդ որոշումները՝ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր ժողովը 17 Դեկտեմբեր 1999-ին որոշում կը կայացնէ (A/RES/54/120, կէտ 7-րդ)[6] 12 Օգօստոսը հռչակել Երիտասարդութեան միջազգային օր։

ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Ժողովը բոլոր շահագրգիռ կողմերուն կ՚առաջարկէ Օրուան նշանաւորման եւ Գործողութիւններու ծրագրի վերաբերեալ (յատկապէս երիտասարդներու շրջանակին մէջ) իրազեկութեան բարձրացման նպատակով բոլոր մակարդակներուն կազմակերպել տեղեկատուական-քարոզչական միջոցառումներ։

Կ՚ենթադրուի, որ ամբողջ աշխարհին մէջ կառավարութիւններու, կազմակերպութիւններու համար երիտասարդութեան հիմնախնդիրներուն վրայ ուշադրութիւն հրաւիրելու հնարաւորութիւն կը ստեղծուի։

Աւանդաբար տօնի նախօրէին ուղերձով հանդէս կու գայ ՄԱԿ-ի Գլխաւոր քարտուղարը։

Տարբեր երկիրներու մէջ շնորհաւորական ուղերձներով հանդէս կու գան նաեւ կեդրոնական իշխանութեան եւ տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ղեկավարները, տարաբնոյթ միջազգային եւ ազգային կազմակերպութիւններու ու կառոյցներու ներկայացուցիչները։

Տեղի կ՚ունենան ոլորտի պատասխանատուներու, երիտասարդական կազմակերպութիւններու հանդիպումներ, քննարկումներ, երիտասարդական ու մշակութային միջոցառումներ։

Միջազգային օրուան թեմաները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Իւրաքանչիւր հերթական օրուան (տարուան) համար կ՚ընտրուի որոշակի թեմատիկ ուղղութիւն, որու շրջանակին մէջ ալ փորձ կ՛ըլլայ համատեղել, կեդրոնացնել շահագրգիռ կողմերու ջանքերը[7][8]։

  • 2019թ․ — «Փոխակերպելով կրթութիւնը»:
  • 2016 թ. — «Ճանապարհ դէպի 2030՝ վերացնել աղքատութիւնը եւ հասնիլ կայուն սպառնման եւ արտադրութեան»:
  • 2015 թ. — «Երիտասարդութիւն եւ քաղաքացիական մասնակցութիւն»։
  • 2014 թ. — «Երիտասարդութիւն եւ հոգեկան առողջութիւն»։
  • 2013 թ. — «Երիտասարդութեան գաղթ՝ առաջընթաց զարգացման ճանապարհին»։
  • 2012 թ. — «Կառուցենք աւելի լաւ երկիր. համագործակցութիւն երիտասարդութեան հետ»։
  • 2011 թ. — «Փոխենք մեր աշխարհը»։
  • 2010 թ. — «Երկխօսութիւն եւ փոխըմբռնում»։
    • 2010 - 2011 — Երիտասարդութեան միջազգային տարի։
  • 2009 թ. — «Կայունութիւն՝ մեր մարտահրաւէրը, մեր ապագան»։
  • 2008 թ. — «Երիտասարդութիւնն ու կլիմայի փոփոխութիւնը. ժամանակն է գործելու»։
  • 2007 թ. — «Եղիր նկատելի, եղիր լսելի. երիտասարդութեան մասնակցութիւնը յանուն զարգացման»։
  • 2006 թ. — «Աղքատութեան դէմ համատեղ պայքար. երիտասարդութիւնն ու աղքատութեան վերացումը»։
  • 2005 թ. — «ԵԳԾՀ+10. պարտաւորութիւններու ապահովում»։
  • 2004 թ. — «Երիտասարդութիւնը սերունդներու համագործակցութեան վրայ հիմնուած հասարակութեան մէջ»։
  • 2003 թ. — «Երիտասարդներու համար արժանապատիւ եւ արդիւնաւէտ աշխատանք ամէնուրէք»։
  • 2002 թ. — «Այժմ եւ յանուն ապագայի. երիտասարդութեան գործունէութիւնը՝ կայուն զարգացմամբ»։
  • 2001 թ. — «Առողջապահական եւ գործազրկութեան խնդիրներու լուծում»։
  • 2000 թ. — Երիտասարդութեան միջազգային առաջին օրուան նշում։

Հայաստանի մէջ օրը սկսած են նշել 2000-ականներու կէսէրէն[9]։

Միջոցառումներու շարքին տեղի կ՚ունենան ՀՀ Մարզանքի եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարարի, փոխնախարարի, վարչութիւններու աշխատակիցներու այցեր, հանդիպումներ, քննարկումներ երիտասարդական կազմակերպութիւններու ու խումբերու հետ։ Մայրաքաղաքին ու մարզերուն մէջ տեղի կ՛ունենան երիտասարդական փառատօներ, ֆորումներ, սեմինարներ, շնորհանդէսներ, էքսպո-ցուցահանդէսներ, աշխատանքի տօնավաճառներ, մշակութային-ժամանցային միջոցառումներ եւ այլն։ Անոնց գերակշիռ մեծամասնութիւնը հանրային, բաց մասնակցային սկզբունքով, յաճախ ՏԻՄ կառոյցներու հետ համագործակցելով, կը նախապատրաստեն ու կ՚իրականացնեն երիտասարդական հասարակական կազմակերպութիւններն ու նախաձեռնող խումբերը[10][11]։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. 1,0 1,1 https://www.un.org/en/observances/youth-day
  2. https://web.archive.org/web/20110514200049/http://www.un.org/events/youth2000/
  3. https://undocs.org/es/A/RES/54/120
  4. «A/RES/50/81 - R - A/RES/50/81»։ undocs.org։ արտագրուած է՝ 2019-10-15 
  5. World Conference of Ministers Responsible for Youth (1998; Lisbon). Report of the World Conference of Ministers Responsible for Youth: 8-12 August 1998, Lisbon. -New York: UN, 1999.
  6. «A/RES/54/120 - R - A/RES/54/120»։ undocs.org։ արտագրուած է՝ 2019-10-15 
  7. https://www.un.org/en/events/youthday/pastobs.shtml
  8. https://www.un.org/ru/events/youthday/themes.shtml
  9. «AUNA»։ www.auna.am։ արտագրուած է՝ 2019-10-15 
  10. «Գիւմիի մէջ նշեցին երիտասարդներու միջազգային օրը»։ Hetq.am (հայերեն)։ արտագրուած է՝ 2019-10-15 
  11. «Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած են Երիտասարդութեան միջազգային օրուան նուիրուած միջոցառումներ»։ tsayg.am (ամհարերեն)։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-10-15-ին։ արտագրուած է՝ 2019-10-15 

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]