Եղբայրասէր
«Եղբայրասէր», քաղաքական, բանասիրական տասնօրեայ լրագիր։ Հրատարակուած է (վիմատիպ) 1862-1863 թուականներուն, Կալկաթայի մէջ։ Խմբագիր՝ Ե․ Տէր- Յարութիւնեան։ Լուսաբանած է քաղաքական իրադարձութիւնները, Հայկական գաղութներու առօրեան, Թուրքիոյ մէջ կատարուող դէպքերը (Զեյթունի եւ Վանի շարժումներ)։ Լայն տեղ յատկացուցած է Նոր Ջուղայի հայկական կեանքի իրադարձութիւններուն։ Հայ ժողովուրդի ազատագրութեան եւ գոյատեւման հարցին մէջ դրսեւորած է ռուսամէտ պահուածք[1][2]։
Հնդկաստանի եւ այլուր հայերու ուծացման դէմ պայքարի հիմնական ուղին «Եղբայրասէրը» համարած է ազգային մշակոյթի պահպանումն ու զարգացումը։ Արժէքաւոր կը համարուին հանդէսի տպագրած Եղիազար Տէր- Յարութիւնեանի «Գպրաւոունք ի Ջուղայ» (1862, № 8) ուսումնասիրութիւնը, հայ պարբերականներէն կատարած արտատպումները, ինչպէս նաեւ Կալկաթայի Հայոց Մարդասիրական ճեմարանի եւ Նոր Ջուղայի առաջին օրիորդաց վարժարանի մասին գրուած նիւթերը։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Վիեննայի Մենաստանին Մամուլին Շտեմարանը- ԵՂԲԱՅՐԱՍԷՐ»։ արտագրուած է՝ 2022-12-22
- ↑ «Համահայկական թվանշային գրադարան»