Jump to content

Եկեղեցական Տօներ

Սուրբ Զատիկի առաւօտեան

Եկեղեցական տօներ, աստուածապաշտութեան կամ ծէսի եւ պաշտամունքի բաղկացուցիչ հիմնական բաժիններէն։ Կը կատարուին եկեղեցական հանդիսաւոր արարողութիւններով, նուիրուած են որոշակի դէպքերու ու անձերու ոգեկոչումներուն կամ ուղղակի միջոց են հոգեւոր խորհրդածութիւններու։ Նպատակն է նուիրուիլ օրուայ խորհւորդին, Աստուծոյ փառաբանութեան եւ կրօնական պաշտամունքին, ապրիլ հոգեւոր բարեպաշտական կեանքով եւ խորհիլ հոգեւոր արժէքներու մասին։ Քրիստոնեական, ինչպէս եւ Հայ եկեղեցւոյ տօները նուիրուած են Յիսուս Քրիստոսին, Աստուածածնին, խաչին, սուրբերուն եւ մարտիրոսներուն, ինչպէս նաեւ ազգ-եկեղեցական նշանակութիւն ունեցող իրադարձութիւններուն (հայոց համար այդպիսին են Թարգմանչաց, Վարդանանց տօները)։ Շարք մը քրիստոնէական տօներու հետ միախառնուած են նաեւ հեթանոսական շրջանի տօներու որոշ տարրեր եւ ժողովրդական սովորոյթներ։ Կիրակին Տերունական օր է, նուիրուած է Յիսուս Քրիստոսի Յարութեան եւ միշտ կը նշուի իբրեւ եկեղեցական տօն։ Շաբաթուայ մնացած օրերը սրբոց եւ պահոց օրեր են։

Հայ եկեղեցւոյ գլխաւոր հինգ եկեղեցական տօներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հայ եկեղեցւոյ գլխաւոր հինգ եկեղեցական տօները կը կոչուին Տաղաւար.

  1. Սուրբ Ծնունդ եւ Աստուածայայտնութիւն
  2. Սուրբ Զատիկ
  3. Խաչվերաց
  4. Վերափոխումն Սուրբ Աստուածածնի
  5. Վարդավառ։

Այդ տօներու յաջորդ օրը մեռելոց է, կը կատարուի գերեզմանօրհնէք։ Հայ եկեղեցին տարուայ օրերը բաժնած է երեք հիմնական խումբի տօներ, սրբոց (մարտիրոսաց) օրեր կամ սրբոց յիշատակներ եւ պահոց օրեր։ Տօները կը բաժնուին չորս խումբի.

  1. Տէրունի տօներ նուիրուած Քրիստոսի փրկագործ տնօրինութեան յիշատակներուն,
  2. Աստուածածնի տօներ,
  3. Խաչի տօներ,
  4. Եկեղեցւոյ տօներ

Աստուածածնի, Խաչի եւ Եկեղեցւոյ տօները Տէրունի տօներու մասեր են եւ նոյնպէս կը համարուին Տէրունի, քանի որ կը կատարուին ի պատիւ եւ յանուն Տիրոջ։ Սրբոց օրերը նուիրուած են սուրբերու յիշատակին։ Հայ եկեղեցին ունի Ընդհանրական (Տիեզերական) եկեղեցւոյ սուրբերու եւ զուտ Հայ եկեղեցւոյ սուրբերու տօներ։ Սուրբերու կարգին դասուած են նաեւ հրեշտակները, որոնց նուիրուած տօներ եւս ունի Հայ եկեղեցին։ Հայ եկեղեցւոյ տօները կ՚ըլլան շարժական եւ անշարժ։

Անշարժ եւ շարժական տօներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Սուրբ Ծնունդ

Անշարժ են այն տօները, որոնք հաստատուն կերպով կապուած են ամսաթիւերուն եւ ոչ թէ շաբաթուայ օրերուն։ Անոնք են 5 Յունուարէն մինչեւ 13-ը ներառող իննեակ օրերու տօները.

  1. Ճրագալոյց Սուրբ Ծննդեան (5 Յունուար)
  2. Սուրբ Ծնունդ եւ Աստուածայայտնութիւն (6 Յունուար)
  3. Սուրբ Ծննդեան եօթնեակը կամ ութօրեքը (7-12 Յունուար)
  4. Անուանակոչութիւն (13 Յունուար)
  5. Տեառնընդառաջ (14 Փետրուար)
  6. Աւետում (7 Ապրիլ)
  7. Ծնունդ Աստուածածնի (8 Սեպտեմբեր)
  8. Ընծայումն Աստուածածնի (21 Նոյեմբեր)
  9. Յղութիւն Աստուածածնի (9 Դեկտեմբեր

Հաստատուն օրեր ունին Աստուածածնի Վերափոխման (15 Օգոստոս) եւ Խաչվերաց (14 Սեպտեմբեր) տօները, բայց Հայ եկեղեցին զանոնք կը նշէ այդ օրերուն ամենամօտ Կիրակի օրը։ Սրբոց յիշատակը կը կատարուի ոչ թէ ամիսներու հաստատուն օրերով, այլ եօթնեակի դրութեամբ, որ շաբաթներու յաջորդութիւնն է։ Շաբաթուայ մէջ միայն Երկուշաբթի, Երեքշաբթի, Հինգշաբթի եւ Շաբաթ օրերուն կրնան սուրբերու յիշատակները նշուիլ։

Շարժական տօներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շարժական տօները կապուած են Սուրբ Զատիկ (Յարութեան) տօնի հետ համաձայն Լուսնի լրումին։

  • Հայկական հանրագիտարանի գլխ. խմբ., Քրիստոնեայ Հայաստան հանրագիտարան, Երեւան, «Հայկական Հանրագիտարան հրատարակչութիւն ՊՈԱԿ», 2002, էջ 2 — 1072 էջ