Եգիպտացորենի փաթիլներ
Եգիպտացորենի փաթիլներ | |
---|---|
| |
Ենթատեսակ | Չոր նախաճաշեր |
Առաջացման երկիր | ԱՄՆ |
Հեղինակ | John Harvey Kellogg? եւ Ուիլլիամ Քեյթ Քելլոգ? |
Ստեղծման տարեթիւ | 1895 |
Բաղադրամասեր | |
Հիմնական | եգիպտացորենի ալյուր? |
Եգիպտացորենի փաթիլներ, եգիպտացորենի հատիկներէ ստացուող սննդամթերք[1]։
Նմանատիպ մթերքները կը պատրաստուին ցորենի, բրինձի, վարսակի եւ այլ մշակաբոյսերու հատիկներէն։
Բաղադրատոմսի բացայայտման պատմութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Եգիպտացորենի փաթիլներու խատմութիւնը սկիզբ կ՚առնէ 19-րդ դարու սկիզբը։ «Բաթլ-Կրիկ» առողջարանի սեփականատէրերը՝ դոկտոր Ջոն Հարուի Քելլոգը եւ անոր եղբայր Ուիլլ Քիտ Քելլոգը, Միշիկըն նահանգի համանուն քաղաքին մէջ եգիպտացորենի ալիւրէ կը պատրաստէին ուտեստ, բայց անոնց անհրաժեշտ էր առողջարանի որոշակի անյետաձգելի գործերու պատճառով դադրեցնել ուտեստի պատրաստումը։ Երբ անոնք վերադարձան, յայտնաբերեցին, որ եգիպտացորենի ալիւրը փչացած է։ Քանի որ անոնց պիւճէն խիստ սահմանափակ էր, Քելլոգի եղբայրները, այնուամնեայնիւ, որոշեցին օգտագործել այդ ալիւրը. անոնք խմոր պատրաստեցին, որ սեղմուեցաւ, եւ ստացան փաթիլներ ու գնդիկներ։ Եղբայրները յուսահատութենէն որոշեցին բովել այդ փաթիլները, եւ պարզուեցաւ՝ անոնցմէ մէկ մասը դարձած էր օդային, իսկ միւս մասը խռթխռթան նիւթակազմուածք ունէր։
Արդիւնքով այս փաթիլները առաջարկուեցան դոկտոր Քելլոգի հիւանդներուն՝ որպէս նոր ուտեստ, եւ մատուցուելով կաթով եւ զեֆիրով՝ անոնք մեծ տարածում ստացան։
Փաթիլներուն շաքարաւազ աւելացնելով՝ Վիլլ Քիտ Քելլոգը անոնց համը շատ աւելի հաճելի ու ընդունելի դարձուց։ Այսպիսով՝ 1894-ին բուն եգիպտացորենի փաթիլները արտօնագրեցին ամերիկացի բժիշկ Ջոն հարուի Քելլոգի կողմէ։ 1906-ին Քելլոգները սկսան սնունդի նոր տեսակի զանգուածային արտադրութիւնը եւ հիմնեցին սեփական ընկերութիւնը՝ Kellogg’s-ը, որ մինչ օրս ալ կը հանդիսանայ եգիպտացորենի փաթիլներու եւ չոր նախաճաշերու արտադրութեան առաջատարը ըլլալ։
Պատրաստման տեխնոլոգիա
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Պատրաստման տեխնոլոգիան կը ներառէ եգիպտացորենի հատիկներէն թաղանթներու հեռացումը, սաղմերու առանձնացումը, հատիկի ստացումը, որուն կը յաջորդէ վերջինիս եփումը աղաշաքարաւազային օշարակի մէջ, յետոյ բարակ շերտեր կը պատրաստեն եւ 140 °C ջերմաստիճանով կը բովեն վառարաններուն մէջ՝ մինչեւ խռթխռթան դառնալը։
Պատրաստի փաթիլները կարելի է պատել ապակեբուռով, ինչպէս նաեւ լցոններով՝ ընկոյզով, ցուկատով, հրուշակեղէնի փշուրներով եւ այլն[2]։
Կիրառում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Եգիպտացորենի փաթիլները կարող են կիրառուիլ որպէս ինքնուրոյն մթերք։ Որպէս կանոն՝ եգիպտացորենի փաթիլները, ինչպէս եւ մուսլին, կ՚ուտեն՝ աւելցնելով սառ կաթ։
Մեր օրերուն եգիպտացորենի փաթիլները կը համարուին միջազգային մթերք, որ երեխաներուն համար սիրելի քաղցրաւենիք է[3]։
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ «Եգիպտացորենի փաթիլներու բաղադրութիւնը եւ յատկութիւնները»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2019-03-16-ին։ արտագրուած է՝ 2022-01-22
- ↑ Տնային պայմաններուն մէջ ինչպէ՞ս պատրաստել եգիպտացորենի փաթիլներ
- ↑ Եգիպտացորենի փաթիլներու օգտակար եւ վնասակար յատկութիւնները