Jump to content

Դիմակ

Ակամեմնոնի դիմակը
Կնոջ դիմակ

Դիմակ, որեւէ պատկերով (մարդու դէմք, անասունի դունչ, դիցաբանական էակի գլուխ) խաւաքարտէ կամ այլ նիւթերէ պատրաստուած՝ մարդու դէմքին հագցուող յատուկ հարմարանք։ Դիմակները կը գործածուին հնագոյն ժամանակներէն'

  1. որպէս ծիսադիմակներ․ կրած են ծիսակատարութիւններիու (պաշտամունքային եւ մոգական պարեր եւ այլն) մասնակիցները։
  2. Թաղման ընթացքին, մահացողին դէմքին դրուող դիմակ։ Փայտէն, կաւէն, ոսկիէ եւ այլ նիւթերէ պատրաստուած դիմակներ յայտնաբերուած են Եգիպտոսի, Կարթագէնի, Նինուէի, Մեքսիկայի, Իրանի եւ ուրիշ երկրներու հին գերեզմանոցներուն մէջ։ Այդ դիմակները մեծ մասամբ անհատական են եւ դիմապատկերներ։
  3. Թատերական դիմակներ, օգտագործած են դերասանները վաղեմի թատրոնին մէջ։ Դիմակները փոխարինած են դիմախաղին, հաղորդած տարբեր հոգեկան ապրումներ (օրինակ, դիմակի մէկ կողմը կը պատկերէր տառապանք, միւսը՝ ուրախութիւն)։ Դերասանին ձայնը ուժեղացնելու համար դիմակին ներսը եղած են մետաղեայ ձայնադարձիկներ։ Միջին դարերուն դիմակներ օգտագործած են միմոսները, սքոմորոխները։ Հայ գուսաններն օգտագործած են նաեւ երկդէմ դիմակներ։16-18 դարերուն դիմակներ կրած են իտալական կոմետիա տել արթէի կատակ–երգական անձնաւորութիւնները։
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։