Jump to content

Դարման (ամսագիր)

Դարման
Դարման եւ Tarman
Տեսակ պարբերաթերթ
Լեզու հայերէն
Հիմնադրուած է Յունուար 1920
Երկիր  Օսմանեան Կայսրութիւն
Հրատարակման վայր Կոստանդնուպոլիս

Դարման, բժշկա-առողջապահական եւ գիտական պատկերազարդ հայերէն 22-24 էջերով ամսաթերթ:

Ամսագիրը ունեցած է ֆրանսերէն բաժին մը: Հրատարակուած է Պոլսոյ Հայ բժշկական միութեան հովանաւորութեամբ 1920-22 եւ տնօրէնութեամբ բժիշկ Օննիկ Փափազեանի:

Բովանդակութիւնը կազմուած է ընտանեկան, դպրոցական, պատանեկան եւ երիտասարդական առողջապահական յօդուածներով, ինչպէս նաեւ վարակիչ հիւանդութիւններու, համաճարակներու մասին գրութիւններով եւ համաշխարհային բժշկագիտութեան պատմական տեղեկութիւններով:

1921-ին միանալով «Հայ Բուժակ»ին՝ կոչուած է «Դարման-Հայ Բուժակ»:

Տպուած է Պեճիտեան եղբայրներու տպարանին մէջ[1]:

Ծանիթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Հայ Բժշկական Ժողովրդային Պարբերաթերթեր Եւ Գիրքեր Հայկական Սփիւռքի Մէջ 1850-1980 (Գ.)»։ Asbarez - Armenian (en-US)։ 2018-02-10։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2021-01-28-ին։ արտագրուած է՝ 2021-01-19 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։