Jump to content

Գրիգոր Փէշտիմալճեան

Գրիգոր Փէշտիմալճեան
Ծնած է 24 Դեկտեմբեր 1778(1778-12-24)
Ծննդավայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մահացած է Յունուար 1839 (60 տարեկանին)
Մահուան վայր Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն
Քաղաքացիութիւն Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն փիլիսոփայ, գրագէտ, ուսուցիչ և թարգմանիչ

Գրիգոր Փէշտիմալճեան (24 Դեկտեմբեր 1778(1778-12-24), Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն - Յունուար 1839, Պոլիս, Օսմանեան Կայսրութիւն), հայ անուանի փիլիսոփայ, ուսուցիչ, թարգմանիչ։ Ան 19-րդ դարու հայկական վերածնունդի ու բարեփոխումի շարժման ակնառու դէմքերէն է։[1]:

Գրիգոր Փեշտիմալճեան ծնած է Կոստանդնուպոլիս եւ իր ամբողջ կեանքը նուիրած է գրելու ու սորվեցնելու։ Ան դարձած է «Պէզճեան» հայկական վարժարանի տնօրէնը, ուր նաեւ կը դասաւանդէր լեզու, ճարտասանութիւն, փիլիսոփայութիւն եւ կրօն։ 1830 թուականէն սկսեալ հայոց լեզու եւ կրօն դասաւանդած է Միջագիւղի դպրոցին մէջ։ Այնուհետեւ նշանակուած է Մայր եկեղեցւոյ կից Մայր դպրատան ուսուցիչ (1824-1826), ուր վարած է ճարտասանութեան, տրամաբանութեան, հայոց լեզուի քերականութեան ու կրօնագիտութեան դասընթացքները։

1828-ին հիմնադրուած է Գում Գափուի «Ընծայարան» ուսումնարանը, որուն տնօրէն եւ գլխաւոր ուսուցիչ նշանակուած է Փեշտիմալճեան։ 1830 թուականին վերաբացուած է Մայր վարժարանը, եւ Փեշտիմալճեան միաժամանակ եղած է նաեւ անոր տնօրէնը։ 1829-ին լոյս տեսած է Փեշտիմալճեանի «Քերականութիւն հայկազեան լեզուի» աշխատութիւնը, որ փաստօրէն գրաբարի քերականութեան դպրոցական դասընթացք մըն է։ «Բառգիրք հայկազեան լեզուի» (հտ․ 1-2, 1844-1846) աշխատութիւնը Փեշտիմալճեան գրած է 1826 թուականէն առաջ, սակայն չէ աւարտած․ զայն լրացուցած են իր աշակերտները։

Ան դասաւանդած է Խասգիւղի հայկական հոգեւոր ընծայարանին մէջ եւ աշխատած է որպէս տնային մասնաւոր ուսուցիչ՝ ամիրաներու (սեղանաւորներու) ընտանիքներու մօտ։ Որպէս մանկավարժ՝ ան աշխատած է կրթական գործի կազմակերպման վրայ՝ պատրաստելով դասագիրքեր, ձեռնարկներ ու ուսումնական ծրագիրներ, ինչպէս նաեւ գրած է կանոնագիր մը՝ դպրոցական կարգապահութեան եւ աշակերտներու պատշաճ վարուելակերպին համար։

Իր կեանքի վաղ շրջանին ան կը սկսի կազմել դասական հայերէնի (գրաբար) բառարան մը․ կը ծրագրէր պատրաստել 2 հատոր, սակայն ծրագիրը կ'ընդհատուի։ Ան ապրեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ հայ հասարակութիւնը զբաղած էր սուր բանավէճերով՝ դասական հայերէնը հակադրելով ժամանակակից մայրենի լեզուին (աշխարհաբար)։ 1829-ին ան կը հրատարակէ «Քերականութիւն Հայկազեան լեզուի» աշխատութիւնը, որուն հիմքը գրաբարի քերականութիւնն էր։ Անոր «Տրամաբանութիւն կամ արուեստ բանական» փիլիսոփայական քննախօսութիւնը եւս գրուած էր գրաբարով։ Սակայն անոր միւս գործերը, ինչպէս՝ «Կրթութիւն Քաղաքավարութեան» եւ «Լուսաշաւիղ» աշխատութիւնները, գրուած են շատ պարզ, ժամանակակից հայերէնով։ Փեշտիմալճեանի աշխատանքները վճռական ազդեցութիւն ունեցան ԺԹ. դարու սկզբնական շրջանի հայերէնի լեզուական փոփոխութիւններուն վրայ։

Ան նաեւ դասաւանդած եւ գրած է փիլիսոփայական շարադրանքներ՝ ներշնչուած Լուսաւորութեան դարաշրջանի եւ եւրոպացի փիլիսոփաներու գաղափարներէն։ Թէեւ ան աշխարհիկ անձնաւորութիւն էր, սակայն իր կրօնական գիտելիքներն ու աստուածաբանական հմտութիւնը շատ աւելի խորունկ էին, քան շատ մը հոգեւորականներունը։ Ան ապրեցաւ այնպիսի ժամանակ մը, երբ զանազան յարանուանութիւններու դէմ կը պաշտպանէր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին, անոր վարդապետութիւնն ու աւանդութիւնները՝ ջանալով պահպանել հայ հասարակութեան ազգային եւ կրօնական միասնութիւնը։

Փեշտիմալճեանի գործերուն մեծ մասը գրուած է մաքուր աշխարհաբարով։ «Կրթութիւն քաղաքավարութեան» (1829) եւ «Վարժութիւն բարւոք խոստովանութեան» (1854) երկերը մեծ դեր խաղացած են աշակերտներու բարոյական դաստիարակութեան գործին մէջ։ «Լուսաշաւիղ...» (1848) գիրքին մէջ Փեշտիմալճեան պաշտպանած է բնական իրաւունքի տեսութիւնը․ ըստ իրեն՝ միայն բնական իրաւունքին համապատասխանող քաղաքացիական իրաւունքը կրնայ նպաստել հասարակութեան յառաջդիմութեան։ Ան դէմ եղած է միապետական ու ազնուապետական (արիստոկրատական) կառավարման ձեւերուն եւ պաշտպանած է ժողովրդապետութիւնը։

«Տրամաբանութիւն կամ արուեստ բանական»[4] (1854, գրաբար) երկին մէջ յստակօրէն կը նկատուի ԺԸ. դարու երկրորդ կէսի իտալացի փիլիսոփայ Ֆրանչեսքօ Սոաւէի «Արուեստ բանական» գիրքին ազդեցութիւնը։ Փեշտիմալճեան գոյաբանական հարցերը լուծած է դէիզմի (deism) դիրքերէն, իսկ իմացաբանութեան մէջ հետեւած է Ճոն Լոքին։ Ըստ Փեշտիմալճեանի՝ տրամաբանութիւնը հաւասարապէս կը զբաղի թէ՛ ճշմարտութեան բացայայտման եւ թէ՛ անոր հիմնաւորման օրէնքներով։ Ընդհանուր առմամբ ըլլալով զգայապաշտ (սենսուալիստ) փիլիսոփայ՝ որոշ հարցերու մէջ ան տուրք տուած է նաեւ բանապաշտութեան (ռացիոնալիզմին)։

Փեշտիմալճեան ունեցած է դասաւանդման ինքնայատուկ մեթոտ․ դասերը դարձուցած է հաճելի ու գործնական՝ առաջնորդուելով «պարզէն դէպի բարդը» եւ «ծանօթէն դէպի անծանօթը» սկզբունքով։ «Ընծայարանի» համար Փեշտիմալճեանի մասնակցութեամբ վերակազմուած է կանոնագիրը, ըստ որուն արգիլուած են ծեծը, ֆիզիքական պատիժը, հայհոյանքն ու ուսուցիչներուն կողմէ աշակերտներուն տրուող անարգական անունները։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. J. Hacikyan Agop (2005)։ The Heritage of Armenian Literature From The Eighteenth Century To Modern Times.։ Detroit: Wayne State Univ Pr։ էջեր 189–190։ ISBN 9780814332214։ արտագրուած է՝ 15 December 2012
  2. (հայերեն) Գրիգոր Փեշտիմալճյան, 2024-07-29, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B3%D6%80%D5%AB%D5%A3%D5%B8%D6%80_%D5%93%D5%A5%D5%B7%D5%BF%D5%AB%D5%B4%D5%A1%D5%AC%D5%B3%D5%B5%D5%A1%D5%B6&oldid=10060009, վերցված է 2026-05-18
  3. (հայերեն) Գրիգոր Փեշտիմալճյան, 2024-07-29, https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D4%B3%D6%80%D5%AB%D5%A3%D5%B8%D6%80_%D5%93%D5%A5%D5%B7%D5%BF%D5%AB%D5%B4%D5%A1%D5%AC%D5%B3%D5%B5%D5%A1%D5%B6&oldid=10060009, վերցված է 2026-05-18
  4. Hacikyan Agop J., Basmajian Gabriel, խմբգրնր․ (2005)։ From the eighteenth century to modern times։ The heritage of Armenian literature / Agop J. Hacikyan, coordinating editor. Gabriel Basmajian։ Detroit: Wayne State Univ. Press։ ISBN 978-0-8143-3221-4