Jump to content

Գրիգոր Նորիկեան

Գրիգոր Նորիկեան
Ծնած է 1 Յունիս 1943(1943-06-01) (81 տարեկան)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան[1]
Կրթութիւն Փիէթրօ Վանուչի ակադեմիա
Մասնագիտութնիւն գեղանկարիչ

Գրիգոր Նորիկեան (1 Յունիս 1943(1943-06-01), Պէյրութ, Լիբանան[1]), արուեստագէտ գեղանկարիչ, հայոց Մեծ Եղեռնէն փրկուած ընտանիքի զաւակ: Միջազգային համբաւի տիրացած արուեստագէտ: Իր 50 ամեայ գեղանկարչական վաստակի ստեղծագործութիւններու պաստառներուն մէջէն կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդը ու զանազան երկիրներու մէջ ապրած եւ ստեղծագործած փորձառութիւնը:

Լիբանանի հայ համայնքի գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեան ծնած է 1 Յունուար 1943-ին, Պէյրութ: նախնական կրթութիւնը (փորագրութիւն, իւղաներկ) ստացեր է Պէյրութի մէջ: 1959-1960 թուականներուն իր ուսումը աւարտելէ ետք, կը յաճախէ Պէյրութի իտալական արուեստի հիմնարկ, ուր կը ծանօթանայ Կիւվտէրին եւ 1963-64 կը յաճախէ Կիւվտէրի արուեստի վարժարանը:1965-ին կը մեկնի Իտալիա, ուր իր ուսումը կը շարունակէ «Փերուջի Փիէթրօ Վանուչ»ի ակադեմիային մէջ: 1967-ին մուտք կը գործէ Փարիզի արուեստի բարձրագոյն դպրոց` յաճախելով «Լուսիէն Քութո»յի աշխատանոցը: Ան 28 տարի ապրեր է Փարիզ:

Գրիգոր Նորիկեանի Ցուցահանդէսները

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Նորիկեան բազմաթիւ ցուցահանդէսներ տուած է տարբեր երկիրներու եւ քաղաքներու մէջ` ԱՄՆ-ի Գանատայի, Պէյրութի, Փարիզի Օթթաուայի, Մանհայմի, Պուէնոս Այրեսի, Ժընեւի, Մասաչուսեցի, Լոս Անճելըս եւ այլ քաղաքներու մէջ: Առաջին անգամ եղեր է Հայաստան 2008 թուականին:

Նորիկեանի գեղանկարները ցուցադրուած են Երեւանի Պետական եւ Արդի արուեստի թանգարաններուն մէջ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան թանգարանին եւ Պէյրութի, Զմմառու եւ Սըրսոք թանգարաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ` Երուսաղէմի Ս. Յակոբ վանքի թանգարանին մէջ:

«Յետադարձ հայեացք» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

«Յետադարձ հայեացք» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը նուիրուած է ո՛չ միայն գեղանկարիչին 50 տարուան ստեղծագործական կեանքին, այլ նաեւ ձօնուած է հայութեան 100-ամեայ գոյատեւման, վերապրումին, պայքարին եւ Ցեղասպանութեան նկատմամբ տարած յաղթանակին: Հոն կան կերպարներ («Անորոշ կինը», «Անտունի», «Խելագարներ», «Ճշմարտութեան կալանաւորները», «Հաւատացեալ կինը», «Պոռթկացող մարդը» եւ այլն), դառն կացութիւններ («Բաժանում», «Սպասում», «Ամենայն կսկիծով», «Մօր մը տառապանքը», «Ինչ որ կը մնայ», «Սոսկումէն ետք», «Եկեղեցին հայկական» եւ այլն), տարբեր երեւոյթներ` մերթ կսկիծով լի, մերթ յոյսով («Դժոխային եղանակ», «Տեղի մը յիշատակը», «Ժողովուրդի մը ժառանգութիւնը», «Ճակատագիր», «Երազանք» եւ այլն): Պաստառները դիտելով Նորիկեանի հետ` «Թափօր»-ով կը կատարես «Ճամբորդութիւն… դէպի» «Երազային յաղթանակ»` «Ամենայն կսկիծով», «Վայրի մը յիշողութեամբ», «Անվերջանալի ճամբով» եւ այն համոզումով, որ «Կեանքը թատրոն մըն է»[2]

– Ես ալ չեմ գիտեր… Կը քնանամ` մտածելով, որ լաւ կ՛ըլլայ, եթէ հրաժարիմ նման ծրագիրէ մը, սակայն յաջորդ առաւօտ ներքին ձայն մը մէջէս կը սկսի հնչել, զիս հանգիստ չի ձգեր, կը մղէ զիս Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին տեղահանուածներուն վերաբերող պաստառներու ցուցահանդէս կազմակերպելու ծրագիրս իրականութիւն դարձնելու եւ այդ ստեղծագործութիւնները հատորի մը մէջ ամփոփելու…
- Գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեան


«Այս ցուցահանդէսին պատրաստութիւնը զիս շատ յոգնեցուց թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ՛ յատկապէս բարոյական իմաստով, որովհետեւ ամբողջ աշխատանքը առանձինս կատարեցի: 1966-էն մինչեւ օրս 50 տարուան նկարչութեանս ուղիով յետադարձ կատարեցի, հին պաստառներ մէջտեղ հանեցի, անոնց հետ` յիշատակներ, յոյզեր, ապրումներ: Ասոնք բոլորը Ֆրանսայի մէջ գծուած են, մաս մը արդէն փաթթուած եւ այդպէս պահպանուած էր, ուրիշներ այդպէս ձգած էի, այս բոլորը համախմբեցի, պատրաստեցի եւ նկարել տուի, որպէսզի գիրքը հրապարակուի:
- Գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեան

[2]

«Դժբախտութիւնը այն է, որ մենք ղեկավար չունինք արուեստի բնագաւառին մէջ, ինչպէս է պարագան, օրինակ, նուագախումբի մը, որ գեղարուեստական հիմնական ղեկավար չունի, այն ատեն այդ նուագախումբէն ի՞նչ կարելի է ակնկալել: Նկարչութիւնն ալ նոյն է, ամէն մարդ կը նկարէ, ես մէկը քննադատելու իրաւունք չունիմ, բայց պէտք է ըլլայ ղեկավար մը, որ ղեկավարէ նկարչութիւնը, դասաւորէ եւ ճշդէ արժէքները:
- Գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեան

[2]

Հայրենիքը երազ էր Գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեանի համար

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
«Հայրենիքը երազ էր ինձի համար: Արտասահմանի մէջ ինչ-որ կը գծէի, հայի զգացումով կ'ընէի: Ես իմ հայրենիքս կը գծէի: Երբ եկայ տեսայ իրականը, զգացումս եւ իրականութիւնը բաւականաչափ մօտ էին իրարու: Երեւակայութեանս մէջ էր Հայաստանը, հոս կոխեցի հողը, դպայ, քարը սիրեցի, տեղ մը գացինք, առանձնացայ, ականջս դրի քարին վրայ, անանկ, որ կրնայ ձայն մը ելլել մէջէն: Աղուոր է՝ քարի մէջէն երգեցողութիւն արթնցնել, լսել: Գեղեցիկ բաներ են ասոնք: Ղարաբաղ ալ գացինք, մեծ տպաւորութիւն ունեցայ, քիչ մարդ կայ Ղարաբաղի մէջ, ամայութիւն կայ, բայց գեղեցիկ քաղաքներ կան, այն մարդիկը, որ ճամբան տեսայ, զիս տպաւորեցին: Արտաքինով ուրիշ տեսակ են՝ յաղթանդամ են, անցեալ հռոմէական ժամանակները կը յիշեցնեն: Մէկ բան կ'ըսեմ, այդքան տարածութիւն ունինք, պիտի լեցնենք այդ տարածութիւնը»,-
- Գեղանկարիչ Գրիգոր Նորիկեան

[3]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]