Գրիգոր Ակներցի
Գրիգոր Ակներցի | |
---|---|
Ծնած է | 1250 |
Մահացած է | 1335 |
Մասնագիտութիւն | պատմաբան, գրիչ |
Գրիգոր Ակներցին, 13-րդ դարու հայ պատմիչ։
Կենսագրութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
Ակներցիի ծննդեան եւ մահուան թուականները անյայտ են։ 1665 կամ 1666 թուականին ան Արեւելեան Հայաստանէն գացած է Կիլիկիա եւ եղած՝ Ակներ վանքի միաբան։
Գործեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
1273 թուականին, ընդօրինակած է Միքայէլ Ասորիի ժամանակագրութիւնը, որուն որպէս շարունակութիւն գրած է «Պատմութիւն Ազգին Նետողաց» կամ «Պատմութիւն Թաթարաց» երկը։ Միջնադարեան պատմիչներուն մէջ ան եղած է միակը, որուն գործը մեզի հասած է իր ձեռագիրով։ Որոշ շրջան մը այս գործը սխալմամբ վերագրուած է Վարդան Արեւելցիին կամ Մաղաքիա Աբեղային։ Սակայն, ճշդուելէ ետք՝ երկին հեղինակին անձը, անոր ֆրանսերէն, վրացերէն եւ թուրքերէն թարգմանութիւնները լոյս տեսած են բուն հեղինակին՝ Գրիգոր Ակներցիի անունով։
Ակներցիի երկեր[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
«Պատմութիւն Ազգին Նետողաց» կամ «Պատմութիւն Թաթարաց»ը, զոր մեծ արժէք կը ներկայացէ։ Այս երկով Ակներցի կը ներկայացնէ ՝1220-էն մինչեւ 1273 թուականներու, մոնկոլական ժամանակաշրջանի պատմական իրադարձութիւնները։ Կարեւոր տեղեկութիւններ կու տայ այդ ժամանակաշրջանին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած մոնկոլական տիրապետութեան թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ տնտեսական բազմաթիւ հարցերու մասին։ Ան հետաքրքրական տեղեկութիւններ կու տայ նաեւ մոնկոլներու կրօնական հաւատալիքներու, կենցաղի եւ սովորութիւններու մասին։