Jump to content

Գուրգէն Կ. Եազըճեան

Գուրգէն Եազըճեան
Ծնած է 1898
Ծննդավայր Այնթապ
Մահացած է 1984

Գուրգէն Կարապետի Եազըճեան (1898, Այնթապ - 1984, Ֆրանսա), յօդուածագիր, գրող:

Նախակրթութիւնը կը ստանայ ծննդավայրի Վարդանեան վարժարանին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ կ'ըլլայ 1913-ին: Միջնակարգ ուսման համար նոյն թուականին մուտք կը գործէ Այնթապի նորաբաց Կիլիկեան Ճեմարանը, ուրկէ կը ստիպուի հեռանալ 1915-ին եւ ապաստանիլ Հալէպ, համաշխարհային Առաջին Պատերազմի ընթացքին թուրքերու կողմէ հայոց դէմ գործադրուած հալածանքին ու տեղահանութեան քաղաքականութեան պատճառով: Հալէպի մէջ տարի մը փախստական ապրելէ ետք, կը յաջողի պաշտօն մը ապահովել Պաղտատի երկաթուղիի երրորդ բաժանմունքին մէջ (Ռաս-Այն-Տարպասիէ), ուր կը պաշտօնավարէ երկու տարի՝ 1916-էն -1918: 1919-ին կը մեկնի Պէյրութ, ուր կը յաճախէ տեղւոյն ֆրանսական Սէն Ժոզէֆ Համալսարանը, որուն նախապատրաստական ընթացքը կ'աւարտէ ու կը ստանայ բարձրագոյն միջնակարգի վկայականին համազօր պաքալորիան: 1920-ին կը մեկնի Փարիզ, ուր կը հետամտի համալսարանական ուսման, հետեւելով իրաւագիտութեան դասընթացքներուն: Նիւթական անձուկ պայմանները կը ստիպեն զինք, որ հրաժարի մասնագիտական բարձրագոյն ուսումէն ու բաւարարուի պսակաւոր իրաւագիտութեան վկայականով: Ապա կը նետուի կեանքի ասպարէզ, միաժամանակ սակայն, ուշադրութիւնը սեւեռելով պատմագիտութեան վրայ, ուր զինք հետաքրքրող որոշ նիւթերու շուրջ նաեւ կը ստորագրէ շարք մը ուսումնասիրութիւններ:

Գուրգէն Եազըճեան գլխաւորաբար աշխատակցած է «Հայ Այնթէպ» (ապա՝ «Նոր Այնթապ») պարբերաթերթին (Պէյրութ), ուր օգտագործած է «Կուրկէն» գրչանունը: Հրապարակագրական ու յուշագրական իր յօդուածներէն անկախ, ան կը հրատարակէ՝ ՈՒՂԵՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ԴԷՊԻ ԾՈՎՔ-ՕՍՖ («Հայ Այնթէպ», Դ.տարի, 1963 թիւ 1, էջ 17, թիւ 2, էջ 21), Նիւթեր Խաչակարաց Պատմութենէն- Մեր Փեսաները («Հայ Այնթէպ», է. տարի, 1966, թիւ 4, էջ 4, Ը. Տարի, 1967, թիւ 3, էջ 3, թիւ 4, էջ 26, Թ. Տարի, 1968, թիւ 1, էջ 3, թիւ 2, էջ 6, թիւ 3, էջ 5, Ժ. Տարի, 1969, թիւ 1-2, էջ 6), «Նիզիպի ճակատամարտը» («Նոր Այնթապ», ԺԲ. Տարի, 1971, թիւ 3-4, էջ 9), ՆԻՒԹԵՐ ԽԱՉԱԿՐԱՑ ՊԱՏՄՈՒԹԵՆԷՆ-ՉՈՐՍ ՔՈՅՐԵՐ («Նոր Այնթապ», ԺԴ. Տարի, 1973, թիւ 1-2,էջ 46, թիւ 3, էջ 29) ուսումնասիրութիւնները: Առանձին հատորով կը հրատարակէ «Ապտիւլ Համիտ Բ.` կարմիր սուլթանը» (1980, շուրջ 900 էջ)[1], յարակցաբար՝ «Օսմանեան Պատմութիւն եւ հաստատութիւններ» (Պէյրութ, 1980), մեծածաւալ մենագրութիւնը (900 էջ): Իր իսկ վկայութեամբ ցարդ անտիպ կը մնայ իր «Պատմութիւն Խաչակրաց» աշխատասիրութիւնը:

Գուրգէն Կարապետի Եազըճեան կը մահանայ 1984-ի ամառը, Ֆրանսա:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Հայկազեան Հայագիտական Հանդէս, Պէյրութ 1982- 1984, Հատոր Ժ, էջ (398-399)