Գլխու Դիրքաւորման Նոպայական Գլխապտոյտ
Գլխու Դիրքաւորման Նոպայական Գլխապտոյտ | |
---|---|
| |
ՀՄԴ-9 | 386.11 |
ՀՄԴ-10 | H81.1 |
OMIM | 193007 |
MedlinePlus | 001420 |
eMedicine | 761 |
MeSHID | D014717 |
Գլխու դիրքաւորման նոպայական գլխապտոյտը (ԳԴՆ Գլխապտոյտը) յաճախ պատահող գլխապտոյտի տեսակ մըն է: Գլխապտոյտ ըսելով կը հասկնանք մարմինի հաւասարակշռութեան խանգարում եւ մարմնական անբնական թաւալումի զգացում, ինչպէս նաեւ շրջապատի թաւալում ու տեղաշարժ։ Գլխապտոյտը շարժումի եւ թաւալումի խաբկանք է[1][2]։
Մեր մարմինի ֆիզիքական հաւասարակշռութիւնը կը պահուի շնորհիւ մեր մարմինի երեք հիմնական կեդրոններու բնական գործունէութեան: Այս կեդրոնները հետեւեալներն են. Ա. Ներքի ականջները. Բ. Աչքերը-տեսողութիւնը. Գ. Մարմինի մկաններու եւ յօդերու զգացողականութիւնը[3][4]։
Յաւելեալ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Լաւապէս հասկնալու համար գլխապտոյտը ընդհանրապէս եւ «ԳԴՆ Գլխապտոյտ»ը՝ մասնաւորապէս, պէտք է գիտնալ վերոնշեալ երեք կեդրոններու կազմախօսութեան (anatomy) եւ գործունէութեան մասին, որոնք են՝
Ներքին ականջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Անիկա կազմուած է՝
- Երեք կիսաբոլոր խողովակներէ (semicircular canals), որոնց մէջ զետեղուած են հաւասարակշռութեան ջիղի սկզբնական մազմզուքները: Ասոնք շրջապատուած են իւրայատուկ հեղուկով մը, որ կը կոչուի ներաւիշ (endolymph): Մազմզուքներուն միացումով կը կազմուի հաւասարակշռութեան ջիղը, որ լսողութեան ջիղին հետ կ'ուղղուի դէպի ուղեղ։ Կիսաբոլոր խողովակները ուղեղին կը հայթայթեն որոշ տեղեկութիւններ՝ մարմինի դիրքին, կացութեան եւ գլխու շարժումներուն մասին. հետեւաբար ուղեղը կ'որոշէ համադրել մարմինին յարմարագոյն ձեւը եւ դիրքաւորումը.
- Խխունջէ (cochlea), որուն մէջ զետեղուած են լսողութեան ջիղին սկզբնական մազմզուքները: Լսողութեան ջիղը կը կազմուի այս սկզբնական մազմզուքներով.
- Անդաստակէ (vestibule), ուր կը գտնուին երկու պզտիկ տոպրակներ՝
- Պարկիկ (saccule).
- Արգանդիկ (utricle):
Կիսաբոլոր խողովակները անմիջական հաղորդակցութեան մէջ են պարկիկի եւ արգանդիկի հետ: Պարկիկին եւ արգանդիկին մէջ կը գտնուին ականջակրաքարեր (otoliths), որոնք ուղեղին հաղորդումներ կը ղրկեն մարմինի ուղղաձիգ (vertical) դիրքին մասին: Ականջակրաքարերը բնական պայմաններու մէջ կը մնան անշարժ, սակայն գլխու որոշ շարժումներով, անոնք կրնան տեղափոխուիլ եւ ուղղուիլ դէպի կիսաբոլոր խողովակներ ու խանգարել անոնց գործունէութիւնը եւ յառաջացնել նոպայական գլխապտոյտ։
Աչքեր եւ տեսողութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուղեղին հասած տեղեկութիւնները կը համադրուին աչքերուն եւ տեսողութեան հայթաթած տեղեկութիւններով:
Մկաններու եւ յօդերու զգացողականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սրունքներու, բազուկներու եւ վիզին մկաններէն ու յօդերէն որոշ զգացողական հաղորդումներ կ'ուղղուին դէպի ուղեղ: Այս հաղորդումները կը նպաստեն մարմինի հաւասարակշռութեան պահպանման։
Այս երեք կեդրոններու ներդաշնակ գործելակերպը կը նպաստէ մեր ամէնօրեայ շարժուձեւերուն եւ մեր շրջապատին հետ ունեցած կապակցութեան։ Վերոյիշեալ կեդրոնները կը գործեն անկախ, սակայն միասնաբար անհատը կը պահեն ոտքի եւ արթուն։ Որեւէ խանգարում այս երեքէն մէկուն մէջ՝ կը պատճառէ անհաւասարակշռութիւն եւ թաւալումի խաբկանք:
Ախտանշաններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«ԳԴՆ Գլխապտոյտ»ը ամէնէն յաճախակի գլխապտոյտն է։ Անիկա կը սկսի գլխու անակնկալ շարժումով եւ մանաւանդ անկողինին մէջ ուժգնօրէն մէկ կողմէն միւսը դառնալու ընթացքին։ Անիկա նոպայական, ժամանակաւոր եւ անցողակի գլխապտոյտ է: Անիկա մտահոգիչ չէ, սակայն ահազանգի կը մատնէ ենթական: Գլխապտոյտը կը տեւէ քանի մը երկվայրկեանէն մինչեւ քանի մը վայրկեան։
Գլխապտոյտը կը վերադառնայ ամէն անգամ, երբ գլուխը շարժի եւ կամ որոշ դիրքի մը վրայ պահուի։ «ԳԴՆ Գլխապտոյտ»ը կը պատահի ընդհանրապէս տարեցներու մօտ, սակայն անիկա կրնայ պատահիլ որեւէ տարիքի[5][6]։
Զարգացումը գլխապտոյտին
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«ԳԴՆ Գլխապտոյտ»ը բնախօսականօրէն (physiologically) կը զարգանայ հետեւեալ ձեւով՝
Ներքին ականջի կեդրոնի պարկիկին եւ արգանդիկին մէջ գտնուող շատ մանր ականջակրաքարերը գլխու արագ շարժումով մը կը ձգեն իրենց նստավայրը եւ կը տեղափոխուին կիսաբոլոր խողովակներուն մէջ, ուր ազատօրէն կը շարժին վեր-վար եւ կամ աջ-ձախ, կը կը գրգռեն կիսաբոլոր խողովակներու հաւասարակշռութեան սկզբնական մազմզուքները եւ կը յառաջացնեն անակնկալ, նոպայական, ուժգին, ժամանակաւոր եւ անցողակի գլխապտոյտ:
Օրինակներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«ԳԴՆ Գլխապտոյտ» ունեցող անձերէն մէկը կը նկարագրէ իր գլխապտոյտը հետեւեալ ձեւով. «Անկողնին մէջ պառկած էի, մարմինով եւ գլուխով կողմնակի դարձայ ու պատահեցաւ անսպասելի, անակնկալ եւ անբնական վիճակ մը: Զգացի, որ առանցքիս վրայ կը թաւալէի եւ զօրաւոր ուժ մը զիս կը քաշէր եւ կամ կը հրէր դէպի անդունդ: Այս զգացումը տեւեց մօտաւորապէս 30 երկվայրկեան, ապա նողկանք ունեցայ եւ փսխեցի»:
Իսկ ուրիշ մը կը նկարագրէ հետեւեալ ձեւով. «Ոտքի կեցած էի, անակնկալ գլուխս ծռեցի դէպի վար եւ փորձեցի գետինէն առարկայ մը վերցնել, անակնկալ գլուխս դարձաւ, հաւասարակշռութիւնս կորսնցուցի եւ անգիտակից ինկայ գետին»:
Հետեւանքներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]«ԳԴՆ Գլխապտոյտ»ին կ'ուղեկցին նողկանք, փսխունք, ուժասպառութիւն եւ քրտինք, բայց ոչ լսողական տկարութիւն կամ ականջաբզզիւն: Անոր պատճառաւ ենթական կրնայ գետին իյնալ եւ ունենալ մարմնական զանազան տեսակի վնասներ, մասնաւորապէս՝ ոսկրային կոտրուածք: Յաճախ «ԳԴՆ Գլխապտոյտ»ը կը կրկնուի քանի մը անգամներ մէկ օրուան ընթացքին եւ կրնայ տեւել օրեր եւ շաբաթներ[7]:
«ԳԴՆ Գլխապտոյտ»ի ախտաճանաչումը[8] կը կատարուի լսելով հիւանդին եւ իմանալով գլխապտոյտին նկարագրականը:
«ԳԴՆ Գլխապտոյտ»ին դարմանումը տեղի կ'ունենայ հետեւեալ միջոցառումներով՝
- Գլխու յատուկ մարզանքներ, որոնք կը կիրարկուին մասնագէտ բժիշկներու կողմէ: Այս մարզանքներէն յատկանշական է Epley գլխամարզանքը: Ենթական պառկած կ'ըլլայ կռնակին վրայ եւ բժիշկը կը կիրարկէ գլխու յատուկ շարժումներ, որպէսզի ականջակրաքարերը վերադառնան եւ հանգչին պարկիկին եւ արգանդիկին մէջ:
- Յատուկ ջղահանգստացուցիչ դեղեր.
- Գլուխը անշարժ պահել եւ նստած քնանալ.
- Արագ շարժող առարկաներու չնայիլ.
- Հեռատեսիլ չդիտել եւ գիրք չկարդալ։
Տե'ս Նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ականջ
- Փայծաղ
- Ականջային Արիւնահոսութիւն
- Գլխապտոյտ
- Մանկական Անդամալուծութիւն
- Ողնայարի Կողմնածռութիւն
- Ջղային Անախորժակութիւն
- Տանկի Տենդ
- Սուր Անակնկալ Շնչառական Համախտանիշ
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ Bhattacharyya N, Baugh RF, Orvidas L, Barrs D, Bronston L, Cass S, Chalian A, Desmond A, Earll J (2008)։ «Clinical practice guideline: benign paroxysmal positional vertigo» (PDF)։ Otolaryngol Head Neck Surg 139 (5 Suppl 4): S47–81։ PMID 18973840։ doi:10.1016/j.otohns.2008.08.022։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2011-05-26-ին։ արտագրուած է՝ 2016-03-29։ lay summary – AAO-HNS (2008-11-01)
- ↑ «Benign positional vertigo»։ A.D.A.M. Medical Encyclopedia։ արտագրուած է՝ 16 April 2014
- ↑ Sammartino G, Mariniello M, Scaravilli MS (2011)։ «Benign paroxysmal positional vertigo following closed sinus floor elevation procedure: Mallet osteotomes vs. Screwable osteotomes. A triple blind randomized controlled trial»։ Clinical oral implants research 22 (6): 669–72։ PMID 21054553։ doi:10.1111/j.1600-0501.2010.01998.x
- ↑ Kim MS, Lee JK, Chang BS, Um HS (2010)։ «Benign paroxysmal positional vertigo as a complication of sinus floor elevation»։ Journal of periodontal & implant science 40 (2): 86–9։ PMC 2872812։ PMID 20498765։ doi:10.5051/jpis.2010.40.2.86
- ↑ Schubert, M. C. (2007). Vestibular Disorders. In S. O’Sullivan & T. Schmitz (Eds.), Physical Rehabilitation (5th ed.) (pp. 999-1029). Philadelphia: F.A. Davis Company.Կաղապար:Page needed
- ↑ Korres SG, Balatsouras DG (2004)։ «Diagnostic, pathophysiologic, and therapeutic aspects of benign paroxysmal positional vertigo»։ Otolaryngology — head and neck surgery : official journal of American Academy of Otolaryngology — Head and Neck Surgery 131 (4): 438–44։ PMID 15467614։ doi:10.1016/j.otohns.2004.02.046
- ↑ Cohen HS (2004)։ «Side-lying as an alternative to the Dix-Hallpike test of the posterior canal»։ Otology & Neurotology 25 (2): 130–4։ PMID 15021771։ doi:10.1097/00129492-200403000-00008
- ↑ Bhattacharyya N, Baugh RF, Orvidas L, Barrs D, Bronston LJ, Cass S, Chalian AA, Desmond AL, Earll JM (2008)։ «Clinical practice guideline: Benign paroxysmal positional vertigo»։ Otolaryngology — head and neck surgery : official journal of American Academy of Otolaryngology — Head and Neck Surgery 139 (5 Suppl 4): S47–81։ PMID 18973840։ doi:10.1016/j.otohns.2008.08.022
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 24 Յունուար 2014: