Jump to content

Ականջաբզզիւն

Ականջաբզզիւն

Ականջաբզզիւնը ականջին մէջ կամ ականջին շուրջը լսուած ձայն մըն է: Tinnitus բառը կու գայ լատիներէն, tinire բառէն, որ կը նշանակէ՝ զանգել (ring): Ականջաբզզիւնը հիւանդութիւն մը չէ, այլ ան ախտանշանն է շատ մը հիւանդագին երեւոյթներու եւ ան կրնայ ըլլալ առաջին եւ միակ ախտանշանը վտանգաւոր եւ լուրջ հիւանդութեան մը: Ան յաճախ անբաժան մէկ ընկերն է լսողութեան տկարութեան եւ գլխապտոյտին[1]:

Ականջաբզզիւնը կը պատահի որեւէ մէկ տարիքի, սակայն առաւելաբար տարեցներու մօտ: Տեսնուած է որ մարդկութեան մէկ երրորդը կը գանգատի ականջաբզզիւնէ: Հիւանդներուն 80 տոկոսը կ'ունենան զուգահերաբար լսողութեան տկարացում: Յայտնի փաստաբան եւ գծագրիչ՝ Ժորժ Քադլին, որ տառապած է լսողութեան տկարացումէ եւ ականջաբզզիւնէ ըսած է. «Ինչ որ կը փափաքիմ լսել չեմ լսէր եւ այն ինչ որ չեմ ուզեր լսել պարտադրուած եմ լսել»:

Ականջաբզզիւնը կրնայ ըլլալ միակողմանի կամ երկկողմանի համաձայն անոր դրդապատճառներուն: Ան կրնայ ըլլալ շարունակական կամ ընդմիջումներով ու տարբեր ուժգնութեամբ՝ մեղմ կամ զօրաւոր: Երբ ան մեղմ է՝ լսելի կ'ըլլայ միայն շրջապատի լռութեան պարագային. երբ ան զօրաւոր է եւ շարունակական՝ լսելի կը դառնայ նոյնիսկ աղմկոտ շրջապատի մէջ եւ կը պատճառէ ջղագրգռութիւն ու կը դառնայ նեղացուցիչ[2]:

Հիւանդներ իրենց ականջաբզզիւնը կը նկարագրեն իբրեւ՝ թաւ, մեղմ, զօրաւոր, զիլ, մնայուն, ընդմիջումներով, ժամանակաւոր, սուլող (hissing), զանգակային-հնչող (ringing ), թեթեւ, բաբախող (pulsating), տրոփող (throbing) եւ ֆշշացող եւ ելեւէջային (fluctuating) ձայն[3]:

Հիւանդներուն մեծամասնութիւնը առաւելաբար կը գանգատին ականջաբզզիւնէ գիշերները, երբ շրջապատի ձայները եւ աղմուկը նուազագոյն ուժգնութիւն ունին. իսկ օրուայ ընթացքին անոնք աւելի հանգիստ կը զգան եւ չեն նշմարէր ականջաբզզիւնը՝ շրջապատի աղմուկին գոյութեամբ:

Ականջաբզզիւնը յաճախ կ'անտեսուի որոշ հիւանդներու կողմէ՝ վարժութիւն դարձած ըլլալուն պատճառով: Շարունակական, զօրաւոր եւ անտանելի ականջաբզզիւնի պատճառով շատ քիչ հիւանդներ կը զարգացնեն իրենց մէջ՝ ջղային վիճակ եւ հոգեբանական խանգարումներ ու հազուադէպօրէն անձնասպանութիւն կը պատահի:

Ականջաբզզիւնը ընդհանրապէս ենթակայական է, լսելի՝ միայն հիւանդին կողմէ. իսկ առարկայական ականջաբզզիւնը՝ լսելի է նաեւ զինք քննող բժիշկին կողմէ:

Ենթակայական ականջաբզզիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ենթակայական ականջաբզզիւնը կը յառաջանայ ներ-ականջային եւ արտա-ականջային հիւանդութիւններով:

Ներ-ականջային հիւանդութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Արտաքին ականջի հիւանդութիւններ՝
  1. Արտաքին ականջացնցուղին մէջ գէջի (wax) եւ կամ այլ օտար մարմնի մը գոյութիւն.
  2. Արտաքին ականջացնցուղի լաւորակ-պարզ եւ չարաղէտ-վտանգաւոր ուռեր.
  3. Ականջաթմբուկի վիրաւորանք՝ պատռուածք կամ ծակ.
  • Միջին ականջի հիւանդութիւններ՝
  1. Շիճուկային կամ թարախային բորբոքում: Ականջաբզզիւնը կ'ըլլայ մեղմ զօրութեամբ, ընդմիջումներով եւ բաբախող:
  2. Միջին ականջի երեք ոսկրիկներու ոսկրապնդացում (otosclerosis): Այս պարագային երրորդ ոսկրիկը՝ ասպանդակ (stapes) կ'անշարժանայ ներքին ականջի սկզբնաւորութեան ձուաձեւ պատուհանին (oval window) վրայ։ Ականջաբզզիւնը զանգակային, սլոցային եւ մնայուն է:
  3. Լաւորակ կամ չարաղէտ ուռեր եւ պոլիպներ: Ականջաբզզիւնը միակողմանի եւ հարուածային է:
  4. Միջին ականջի արիւնահոսում գանկային հարուածի հետեւանքով: Ականջաբզզիւնը կը պատահի սրտի զարկին հետ զուգահեր:
  5. Միջին ականջի զարկերակային պզտիկ ուռ մը (glomus tumor): Ականջաբզզիւնը կը պատահի սրտի զարկին հետ զուգահեր:

Վերոյիշեալ հինգ պարագաներուն ականջաբզզիւնը տեղի կ'ունենայ լսողութեան տկարացումին հետ:

  • Ներքին ականջի հիւանդութիւններ եւ լսողական ջիղի տկարացում.

Լսողութեան ջիղը կը տկարանայ հետեւեալ ազդակներով՝

  • Զօրաւոր աղմուկի ենթակայութիւն՝ աղմկարար գործարաններ, բարձրաձայն-զօրաւոր ճազ-ռոք երաժաշտութիւն եւ ռումբերու պայթումներ: Ասոնք կը յառաջացնեն լսողական ջիղի տկարացում՝ լսողութեան տկարացում եւ ականջաբզզիւն, որ կ'ըլլայ զանգակային, զօրաւոր, զիլ, մնայուն եւ երկկողմանի:
  • Հրացանի գործածութիւն զինուորներու եւ որսորդներներու կողմէ: Ականջաբզզիւնը միակողմանի կամ երկկողմանի, զիլ, մնայուն եւ զանգակային է:
  • Որոշ դեղերու գործածութիւն՝ Aspro, Aspirine, Quinine, Streptomycin, Kanamycin եւ Neomycin ինչպէս նաեւ հակագերզգայնութեան, հանդարտեցուցիչ, քնաբեր, եւ միզամղիչ (diuretic) դեղեր: Ականջաբզզիւնը երկկողմանի, բարձր, զիլ եւ ժամանակաւոր է: Այս դեղերու կասեցումով ականջաբզզիւնը ամբողջութեամբ կ'անհետանայ:
  • Ներքին ականջի զարկերակներու մասնակի խցում-պնդերակութիւն, որ կը յառաջանայ արեան գերճնշումով, ծխախոտի չափազանց գործածութեամբ եւ շաքարախտով:
  • Սրտի գերհոգնութիւն, գերաշխատանք եւ ձախողանք, արիւնանուազում, վահանագեղձի գերաշխատանք, մարմնական գերհոգնութիւն, գերմարմնամարզ, որոնց պատճառով նուազ արիւն կը մատակարարուի ականջի լսողութեան ջիղին եւ տեղի կ'ունենայ լսողութեան ջիղի տկարացում՝ լսողութեան տկարացում եւ ականջաբզզիւն:
  • Արեան տկարացում (anemia), արեան ճնշումի նուազում (hypo-tention). Ականջաբզզիւնը երկկողմանի եւ մեղմ է:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Levine RA, Oron Y (2015)։ «Tinnitus.»։ Handbook of clinical neurology 129: 409–31։ PMID 25726282։ doi:10.1016/B978-0-444-62630-1.00023-8 
  2. «Tinnitus»։ September 2014։ արտագրուած է՝ 22 May 2015 
  3. Han BI, Lee HW, Kim TY, Lim JS, Shin KS (March 2009)։ «Tinnitus: characteristics, causes, mechanisms, and treatments»։ J Clin Neurol 5 (1): 11–19։ PMC 2686891։ PMID 19513328։ doi:10.3988/jcn.2009.5.1.11։ «About 75% of new cases are related to emotional stress as the trigger factor rather than to precipitants involving cochlear lesions.» 
  • «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 20 Փետրուար 2015:

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Մ.Վ.Խանբաբեան, Ա.Մ.Խանբաբեան «Լսողութեան, խօսքի, տեսողութեան օրգանների անատոմիայ, ֆիզիոլոգիայ եւ պաթոլոգիայ» Երեւան 2008 թ, «Հիւանդի ականջների խնամքը»: