Տանկի Տենդ

Phlebotomus pappatasi մժեղը.

Տանկը ժահրային վարակիչ հիւանդութիւն մըն է, որուն յարուցիչը Տանկ ժահրն է (Dengue virus): Անիկա առաւելաբար արեւադարձային կամ տաք գօտիի (tropical) երկիրներու մէջ կը պատահի: Անիկա կը կոչուի նաեւ ոսկրակտորտուքի տենդ (break bone fever): Միջազգային առողջապահական կազմակերպութիւններու տեղեկագիրներուն համաձայն այս հիւանդութիւնը 100է աւելի երկիրներու մէջ տարածուն է եւ 50-300 միլիոն անձեր տարեկան կը վարակուին ու 25,000 մահեր կը պատահին ամբողջ աշխարհի տարածքին: Տանկը տեղաճարակի (endemic) վերածուած է շատ մը երկիրներու մէջ։ Յաճախ անիկա կը յայտնուի համաճարակի (epidemic) ձեւով: Կը փոխանցուի զանազան տեսակի մժեղներով, մասնաւորապէս՝ A.aegipti մժեղներով: Ժահրը ունի 4 խմբաւորումներ. մէկ խմբաւորումի վարակումը կը հայթայթէ ամբողջ կեանքի դիմադրողականութիւն (immunity) այդ խմբաւորումին դէմ, իսկ մնացեալ երեք տեսակ ժահրերու պարագային դիմադրողականութիւնը ժամանակաւոր է[1][2]:

Տանկի Զարգացում[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տանկը կը տարածուի եւ կը փոխանցուի վարակուած անձէ մը առողջ անձի մը մժեղներու միջոցաւ: Էգ մժեղը կը խայթէ Տանկով վարակուած անձ մը եւ կը ծծէ անոր Տանկ ժահրով հարուստ արիւնը: Ժահրերը կը կուտակուին մժեղին լորձնագեղձերուն մէջ։ Մժեղը խայթելով առողջ անձ մը կը փոխադրէ վարակիչ ժահրերը անոր արեան մէջ։ Վարակիչ ժահրերը կը մտնեն խայթուող անձին արեան ճերմակ գնդիկներուն մէջ եւ այնտեղ կը բազմապատկուին: Այս հանգրուանին ճերմակ գնդիկները կ'արտադրեն որոշ սպիտակուցներ (proteins), որոնք պատճառ կը դառնան ջերմին եւ մնացեալ ախտանշաններուն: Քիթի, բերանի եւ ստամոքսա-աղիքային արիւնահոսութիւն տեղի կ'ունենայ արեան մանրանօթներու պատերու սպիտակուցներուն յառաջացուցած վնասումով: Արիւնահոսութեամբ կը նուազի արեան ճնշումը: Մարմինի որոշ օրկաններ պէտք եղած քանակութեամբ արիւն չեն ստանար, մասնաւորապէս լեարդը եւ ոսկրածուծը (bone marrow), ուր արեան խցաբջիջներու (platelets) արտադրութիւնը կը նուազի. այս մէկը ինքնին պատճառ կը դառանայ յաւելեալ արիւնահոսութեան: Առողջ անձ մը կը վարակուի նաեւ այս հիւանդութեամբ, երբ Տանկով վարակուած անձէ մը արեան փոխներարկում (transfusion) ստանայ: Տանկ ժահրը չի փոխանցուիր անձէ անձ ուղղակիօրէն: Մժեղները կը խայթեն ընդհանրապէս ցերեկը եւ անոնք առաւելաբար կ'ապրին անձրեւոտ եղանակին եւ ճահիճներու մէջ:

Տանկը կը հարուածէ բոլոր մարդկութիւնը՝ առանց սեռի եւ տարիքի խտրութեան, բայց առաւելաբար իգական սեռը եւ գէր անձերը: Մանուկներուն մօտ անիկա կը յայտնուի ընդհանրապէս շատ ուժեղ ընթացքով:

Տանկի ախտանշանները հետեւեալներն են.

  • Անակնկալ բարձր ջերմ, դող եւ գլխացաւ,
  • Մկանացաւ, յօդացաւ, կրկնակի ցաւ, կոկորդի ցաւ,
  • Սիրտի զարկի եւ արեան ճնշումի նուազում,
  • Մորթային որոշ ցան (rash), որ կը նմանի հարսանիթի (measles) ցանին եւ որ կը տեսնուի ամբողջ մարմինին վրայ՝ բացի երեսէն,
  • Վիզի եւ աճուկի (groin, inguinal region) աւշագեղձերու (lymph nodes) ծաւալում,
  • Ջրանուազում (dehydration),
  • Նողկանք եւ փսխունք,
  • Բերանի, քիթի եւ ստամոքսա-աղիքային արիւնահոսութիւն:

Տանկէ վարակուողներուն 80 տոկոսը ընդհանրապէս ախտանշաններ չեն ունենար եւ կամ միայն մեղմ ջերմ կ'ունենան: Իսկ մնացեալ 20 տոկոսին 5 տոկոսը կը ներկայանան վտանգաւոր վիճակով:

Տանկ ժահրին թխսումը (incubation) վարակումէն ետք 3-14 օրեր են, որմէ ետք կը յայտնուին ախտանշանները: Բարձր ջերմը կը տեւէ 3-4 օր եւ յաջորդ օրերուն անիկա կը մեղմանայ:

Ամբողջական ապագինումը կը տեւէ 3-4 շաբաթ:

Տանկի ախտաճանաչումը կը կատարուի՝

  • Արեան քննութիւններով, որոնք կը յայտնաբերեն.

ա. Արեան ճերմակ գնդիկներու եւ խցաբջիջներու նուազում, բ. Արեան կարմիր գնդիկներու խտացում, գ. Տանկ ժահրի գոյութիւն:

  • Ծաւալած աւշագեղձերով:

Յառաջացած Տանկը կը ստեղծէ որոշ բարդութիւններ՝

  • Արիւնահոսութիւն, մասնաւորապէս՝ քիթին, բերանին, ստամոքսին եւ աղիքներուն մէջ.
  • Արեան խցաբջիջներու (platelets) նուազում.
  • Մարմնական ընդհանուր փլուզում-փլանք (shock):

Մանուկներու մօտ Տանկի արիւնահոսութիւնը կրնայ վտանգաւոր աստիճանի հասնիլ եւ ստեղծել մտահոգիչ կացութիւն: Երեխան կ'ունենայ փորի ցաւ, բարձր ջերմ, գլխացաւ, կոկորդի ցաւ, հազ, նողկանք, փսխունք, արիւնահոսութիւն: Շաբաթ մը ետք ջերմի նուազումով տեղի կ'ունենան՝ սիրտի զարկի նուազում, շրթունքներու կապտութիւն եւ փլանք:

Տանկը յատուկ դարման չունի: Ջերմին եւ ցաւերուն համար կը տրուին հակաջերմ եւ ցաւաբեկ դեղեր: Ջրանուազումը պէտք է դիմագրաւել առատ բերանային եւ ներերակային (intravenous) հեղուկներով: Իսկ մեծ արիւնահոսութեան պարագային արեան փոխներարկումը պարտաւորիչ կը դառնայ: Տանկը կ'անխարգիլելի (preventable) է հետեւելով կարգ մը գործնական ցուցմունքներով՝

  • Մժեղներու դէմ պայքար՝ մժեղասպան դեղերու գործածութիւն.
  • Ճահիճներու եւ աղտոտ ջուրերու ոչնչացում.
  • Զգուշանալ եւ հեռու մնալ մժեղներէ՝ երկար թեւով շապիկներ հագնիլ, մահճակալներու վրայ ցանցեր (nets) զետեղել, միջատ վանող (insect repellent) դեղեր եւ պաշտպանակներ գործածել:

Տե'ս Նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. «Dengue and severe dengue Fact sheet N°117»։ WHO։ May 2015։ արտագրուած է՝ 3 February 2016 
  2. Kularatne SA (15 September 2015)։ «Dengue fever.»։ BMJ (Clinical research ed.) 351: h4661։ PMID 26374064 

Աղբիւրներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • «Asbarez» օրաթերթ, Յօդուածներ, դտկ. Կարպիս Հարպոյեան, 21 Փետրուար 2014: