Jump to content

Գիտելիքի Գաղտնի Նստարանը

Coordinates: Missing latitude
Invalid arguments have been passed to the {{#coordinates:}} function

Գիտելիքի Գաղտնի Նստարանը (անգլThe Secret Bench of Knowledge, պաշտօնապէս` Գաղտնի Նստարան, Կորսուած Դրախտ), ծագումով չեխ քանատացի քանդակագործ Լի Վիվոյի բազմաթիւ ձուլուածքներով ստեղծած քանդակը, որոնցմէ ամենայայտնին կը գտնուի Օթթաուայի մէջ` Վելինգտօն փողոցի վրայ գտուող Քանատայի գրադարանի եւ արխիւի մուտքին մօտ, ուր տեղադրուած է 1989-ին քանդակագործին իսկ կողմէ[1]:

Քեղադրումէ մէկ տարի ետք Վիվօ քանդակը հեռացուց` խոստանալով զայն փոխարինել նոր քանդակով: Չորս տարի ետք՝ 1 Մայիս 1994-ին, 3000 քաղաքացիներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ նոր Գաղտնի Նստարանի բացումը: Նոր քանդակը կ՛ընդգրկէր բազմաթիւ նոր ուղերձներ: Քանատայի բոլոր դպրոցական երեխաներն ու գրողները իրենց ուղերձները ներկայացուցած էին նոր ձուլման համար, որոնցմէ շուրջ 100-ը, որոնք կը ներկայացնեն ընթերցանութեան կարեւորութիւնն ու հաճոյքը, փորագրուած են նստարանին վրայ:

Նոր քանդակին բացումը կատարած է Լի Վիվօն, փոքրիկ կոյր տղայի` Գաբրիէլ ՄաքՊրայտի ուղեկցութեամբ, որ իր հաղորդագրութիւնը գրած էր Պրայլի գիրերով:

Քանդակին միւս տարբերակները կը գտնուին Օնթարիոյի տարբեր քաղաքներու մէջ (օրինակ` Սարնիայի), ինչպէս նաեւ Մոնրէալի (Յունիս 1989)[2] եւ Նիւ Եորք քաղաքին մէջ:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. Vivot Lea։ «Secret Bench»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2015-02-01-ին։ արտագրուած է՝ 2018-11-22 
  2. «Secret Bench sculpture in Montreal»։ dcMemorials.com 

Արտաքին յղումներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]