Գէորգ Աթոքեան
Գէորգ Աթոքեան | |
---|---|
Ծնած է | 14 Ապրիլ 1940 |
Ծննդավայր | Հալէպ, Սուրիա |
Մահացած է | 20 Յուլիս 2007 (67 տարեկանին) |
Մահուան վայր | Հալէպ, Սուրիա |
Քաղաքացիութիւն | Սուրիա |
Ուսումնավայր | Կիլիկեան Կրթական Հաստատութիւն |
Մասնագիտութիւն | ուսուցիչ, գրագէտ, թարգմանիչ, հրապարակախօս |
Աշխատավայր | Կիլիկեան Կրթական Հաստատութիւն |
Գէորգ Աթոքեան (14 Ապրիլ 1940, Հալէպ, Սուրիա - 20 Յուլիս 2007, Հալէպ, Սուրիա) բնիկ Ուրֆացի ծնողներէ: Կրթական մշակ, մանկավարժ, գրող, թարգմանիչ, հրապարակագիր:
35 տարիներ անընդմէջ Գէորգ Աթոքեան Հալէպի Կիլիկեան Ճեմարանէն ներս անգլերէն լեզու եւ գրականութիւն դասաւանդեց, ուր միաժամանակ անգլերէն լեզուով գիտական եւ գրական դասագիրքեր պատրաստելով, օգտակար հանդիսացաւ շրջանաւարտ ուսանողութեան:
Կենսագրութիւն եւ կրթութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Հալէպի Ամերիկեան Քոլէճի վերջին երկու տարիները՝ Freshman & Sofomor դասարանները արդէն Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի առաջին երկու տարիներն էին, զորս ինք յաջողութեամբ աւարտեց Հալէպի մէջ։ Ամավերջի քննութիւններէն զերծ մնալով, ան կարճ ժամանակի մէջ պատրաստուեցաւ Սուրիոյ պաքալորիայի պետական քննութիւններուն եւ յաջողեցաւ բարձր գնահատականով: 1963-1964 տարեշրջանին որպէս տաղանդաւոր ուսանող՝ Աթոքեանին առաջարկուեցաւ ուսանիլ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի մէջ աստուածաբանութիւն, սակայն Գէորգ Աթոքեանին նախասիրութիւնը այլ էր։ Ան հակում ունէր ուսման այլ ճիւղերու եւ հայ գաղութին բարգաւաճման գործունէութեանց: Ուստի հրաժարեցաւ:
Կեանքի դժուար պայմաններու բերումով, Աթոքեանը պէտք էր թէ՛ աշխատէր եւ թէ ուսանէր: Ուստի նոյն տարին ան դիմեց Հալէպի պետական համալսարան, միեւնոյն ժամանակ իր ժամերը յարմարցնելով Կիլիկեան Ճեմարանի դասապահերուն, ուր հրաւիրուած էր պաշտօնավարելու, տնօրէնութեան եւ խնամակալութեան կողմէ:
Կիւլպէնկեան Հաստատութեան Ամառնային Դասընթացք - Լոնտոն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1965 թուականի ամռան, Գէորգ Աթոքեանը մասնակցեցաւ անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան ամառնային դասընթացքին` (Gulbenkian Foundation course-երուն), Լոնտոնի մէջ։
Յառաջիկայ տարիներուն ան շարունակեց հետեւիլ անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան ամառնային դասընթացներուն՝ Լոնտոնի հետ, որմէ ձեռք բերած վկայականը վաւերացուեցաւ Հալէպի կրթական տնօրէնութեան կողմէ, որպէս բարձրագոյն վկայական: Սոյն թուականներէն ետք, որպէս իրենց ուսումնարանէն վկայեալ անդամ՝ ամէն տարուան համար իրեն կը ղրկէին անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան դասաւանդութեան նորագոյն մեթոտները պարունակող ամսագիրներն ու ձայներիզները, զորս լաւագոյնս կ'օգտագործէր իր ունեցած տաղանդին հետ միասին, անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան ուսուցման գործին մէջ:
Մանկավարժական Դասընթացք - Երեւան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1966 թուականին ան մէկ ամիսով հրաւէր ստացաւ մասնակցելու ուսուցչական հաւաքին՝ Երեւան, հետեւելու մանկավարժական դասընթացքին: 29 Օգոստոս 1982 թուականին Հայաստանի Սփիւռքահայութեան Հետ Մշակութային Կապի Կոմիտէն պաշտօնապէս կը հրաւիրէր զինք Հոկտեմբեր 20-էն սկսեալ ներկայ գտնուելու իր նախաձեռնած սփիւռքահայ մշակութային կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու հաւաքին, Երեւանի մէջ:
Հալէպ Գաղութի Երեք Ճեմարաններու Ուսանողութեան Տիպար ուսուցիչ եւ Նուիրեալ Անձնաւորութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Տիպար ուսուցիչ եւ նուիրեալ անձնաւորութիւն էր Գէորգ Աթոքեան: Անոր վաղահաս եւ դառնաղէտ մահը 2007-ին խոր յուզում ու կսկիծ պատճառեց ո՛չ միայն անմիջական հարազատներուն եւ գաղափարակից ընկերներուն մօտ, այլեւ հալէպահայ կրթական եւ մշակութային ոլորտէն ներս գործող պատասխանատուներուն, յատկապէս գաղութիս երեք ճեմարաններու ուսանողութեան, որոնք իրենց անգլերէն լեզուն ու գրականութիւնը իւրացնելու համար զինք կը փնտռէին անպայման:
Հմուտ դաստիարակի համբաւը, զինք դարձուցած էր ուսանողութեան կողմէ փնտռուած եւ լիարժէք յարգանքի արժանի ուսուցիչ մը: Առիթներով կը կազմակերպէր մրցումներ երեք լեզուներով՝ հայերէն, անգերէն եւ արաբերէն ու կը պարգեւատրէր առաջնութիւն շահողը: Ան գիտէր ինչպէս պիտի վարուէր ուսանողին հետ եւ երեւան հանէր անոր թաքուն տաղանդը, ձիրքը եւ զարգացնէր զայն գեղարուեստական փորձերով:
Ուսանողական Պարբերաթերթ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կիլիկեան Ճեմարանի «Կայծեր-Sparks» խորագիրով ուսանողական պարբերաթերթը եռալեզու հայերէն-արաբերէն-անգլերէն խմորատիպ՝ Գէորգ Աթոքեան խմբագրած է երկար տարիներ:
1965-1975 թուականին՝ «Կայծեր» պարբերաթերթ, սկզբնական շրջանին հայերէն, յետագային կ'անուանափոխուի եւ կը կոչուի «Sparks» (արաբ.՝ Էլ-Շարար), որ հարազատ թարգմանութիւնն է «Կայծեր» բառին: Պարբերաթերթը կը դառնայ եռալեզու (խմբագիր՝ Գէորգ Աթոգեան): «Sparks»-ի առաջին թիւը լոյս տեսած է 1968 թուականին: «Լուսաթեւիկ» պարբերաթերթը Կիլիկեան Ճեմարանի ուսանողութեան հայերէն օրկանը եղած է, լոյս տեսած է Ա. թիւը միայն, 1994-1995 ուսումնական տարեշրջանին:[1]
Միւս կողմէ, Կիլիկեան Կրթական Հաստատութիւնը ունեցած է իր «Պատի օրացոյց»ը, օրաթերթի կամ ամսաթերթի դրութեամբ: |
Ազգային-Հասարակական եւ մշակութային գործունէութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գէորգ Աթոքեանը ունեցած է նաեւ ազգային-հասարակական եւ մշակութային երկարամեայ բեղուն գործունէութիւն: Օրինակելի եւ բոլորանուէր իր աշխատանքներով, գաղութիս հայ եւ արաբ շրջանակներուն մօտ բացառիկ յարգանք կը վայելէր, որպէս շրջահայեաց եւ հաւասարակշռուած անձնաւորութիւն:
Իր անշահախնդիր եւ վեհանձն ծառայութիւններուն որպէս արդիւնք, ան ներգրաւուած էր Ուրֆայի Վերածնունդ Մշակութային եւ Նոր Սերունդ Մշակութային Միութեան շարքերը, ուր ստանձնած պաշտօնները նախանձախնդրութեամբ եւ ձեռնհասօրէն վարած է:
Իբրեւ ընկերվարական գաղափարախօսութեան ջերմերանդ հաւատացող, ուր որ ալ գտնուած է ան, միշտ բարձր պահած է պատկանած կազմակերպութեան վարկն ու դրօշը:
Թատերգութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գէորգ Աթոքեան գրած է նաեւ հայրենասիրական բնոյթի թատերգութիւններ, որոնք հայկական եւ արաբական ազատագրական պայքարները կը նկարագրէին: Այս թատերգութիւնները որպէս նիւթ կ’ընդգրկէին պաղեստինեան դատն ու պայքարը եւ անոնց ջարդը, մասնակի նմանցնելով հայկական ցեղասպանութեան:
Անգլերէն լեզուի դասաւանդութեան կողքին, ան մեծ կարեւորութեամբ կը հետեւէր նաեւ ուսանողին հայերէն լեզուին՝ զանազան միջոցներով: Ան կը կազմակերպէր ձեռնարկներ, ուր կը բեմադրէր թատերախաղեր հայերէն լեզուով, ինչպէս՝ Յակոբ Պարոնեանին «Ալաֆրանկան» եւ անծանօթ հեղինակի մը պատկանող «Աղջիկտեսը», եւ այլն:
Քանի մը տարի անց, այս անգամ հայկական գրականութեան երգիծաբաններէն՝ Օտեանի եւ այլոց գործերը բեմադրուեցաւ: Մելքոն Դաւիթեանի ջանքերը ի զուր չանցան եւ բեմ բարձրացաւ ժողովուրդին սրտին խօսող` "Աղջիկտես"-ը եւ "Բռնի Ամուսնութիւն"-ը: Սրահը միշտ եղաւ լեփ-լեցուն եւ շատերը նախընտրեցին դիտել յոտնկայս, "նոյնիսկ ելեկտրականութեան անջատումը չ'ազդեց հանդիսականներուն վրայ եւ ներկայացումը շարունակուեցաւ անխափան" ,– կը յիշեն ներկաները այսօր:
Գնահատանքի խօսք ու գիր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կրթական կեանքի մէջ իր մասնայատուկ տեղը նուաճած է Գէորգ Աթոքեան, բազմաթիւ սերունդներու Անգլերէն լեզու սորվեցուցած է եւ անգլիական գրականութիւն: Կիլիկիան Ճեմարանի երկար տարիներու կրթական իր վաստակին կը միանայ նաեւ Հալէպի միւս երկրորդական վարժարաններու բարձրագոյն կարգերու աշակերտներուն եւս կատարած դասաւանդութիւնները: Գէորգ Աթոքեանի մշակութային կեանքին բերած մեծ նպաստը թատերական մարզէն ներս իր բեմադրութիւններով, դասախօսութիւններով, գրական հանդիպումներով հալէպահայ կեանքին պսակը կը կազմեն: Շաքէ Մանկասարեանը Աթոքեանի մասին իր պատրաստած էջով հանրութեան ուշադրութեան յանձնեց հայ ազգի երախտաւորներէն մէկուն եռուն գործունէութիւնը Հալէպի մէջ եւ այս ձեւով մոռացութիւնէնէ փրկեց արժէքաւոր մտաւորականի մը եւ կրթութեան նուիրեալի մը վաստակը: - Հանրածանօթ մտաւորական, վաստակաշատ կրթական մշակ, գրող Ազատուհի Սիմոնեան Գալայճեան
|
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- ↑ https://hairenikweekly.com/2017/11/10/33672 ՀԱՅԵՐԸ ՀԱԼԷՊԻ ՊԱՏՄՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ (Գ. ՄԱՍ)