Jump to content

Գալուստ Արխանեան

Գալուստ Արխանեան
Ծնած է 1870
Ծննդավայր Փոքր Արմտան
Մահացած է 1905
Մահուան վայր Երզնկա, Էրզրումի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն
Մասնագիտութիւն ֆետայի
Կուսակցութիւն Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն

Գալուստ Արխանեան (Հաճի Բէկ, Մնձուրի Առիւծ, 1870, Փոքր Արմտան - 1905, Երզնկա, Էրզրումի վիլայէթ, Օսմանեան Կայսրութիւն), ազգային-ազատագրական շարժման գործիչ, ֆետայի։

Կենսագրական գիծեր եւ գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Մնձուրի ծնած է Արմտան գիւղը։ Յաճախած է ծննդավայրի դպրոցը։ Պատանի տարիքէն կորսնցուցած է հայրը եւ պանդուխտ գացած է Պոլիս, ուր երզնկացիները հռչակ հանած էին իբրեւ լաւ փռապաններ։ Ան միացած է Պոլսոյ մէջ պանդուխտ երիտասարդներու կազմած ինքնազարգացման խումբերուն։

Պոլսոյ մէջ ան ծանօթացած է հնչակեան գործիչներու հետ եւ ընդգրկուած է յեղափոխական շարժման մէջ։ 1891-ին կազմակերպածլ է ֆետայիներու խումբ, որ հիմնականօրէն գործած է Արմտանի շրջանին մէջ։ 1892-ին Տերսիմի Քեռիին (Ռուբէն Շիշմանեան) հետ կազմած են Երզնկայի, Ակնի եւ Տիւրիկի հայ ըմբոստ երիտասարդները համախմբող ֆետայական խումբեր։

1890-ին, Գալուստ Արխանեան իր մասնակցութիւնը բերած է Յուլիսին բռնկած Գում Գափուի մեծ ցոյցերուն[1]։

1893-ի Սեպտեմբերին Արխանեանին խումբը պաշարուած է Փոքր Արմտանի մէջ։ Թրքական կանոնաւոր զօրքին հետ մարտը տեւած է երեք օր, հայդուկներուն մեծ մասը նահատակուած եւ կամ վիրաւորուած է, զինամաթերքն ու սննդեղէնը վերջանալու պատճառով, Արխանեան ստիպուած յանձնուած է։ Զինք եղափոխած են Երզնկայի բանտ․ իսկ ատավարութիւնը տեւած է մէկ տարի։

Գալուստ Արխանեան դատապարտուած է մահապատիժի, որ ետքը փոխուած է ցկեանս բանտարկութեան։ 12 տարի ան տաժանակիր բանտարկութիւն կրելէ ետք, բանտին մէջ մահացած է ժանտատենդէ։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Գալուստ Արխանեան (1860-1905). Հայկական Ազատամարտի առաջին ծիծեռնակներէն Մնձուրի Առիւծը»։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն (en-US)։ 2012-11-18։ արտագրուած է՝ 2021-10-28 [permanent dead link]
Այս յօդուածի կամ անոր մէջ որոշակի յատուածի սկզբանական տարբերակը վերցուած է «Հայկական Հարց» Հանրագիտարանէն, որու նիւթերը թողարկուած են Քրիեյթիւ Քոմմոնս Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թույլատրագրի ներքո։