Jump to content

Բարսեղ Տինանեան

Բարսեղ Տինանեան
Ծնած է 1887
Ծննդավայր Ռոտոսթօ, Թուրքիա
Մահացած է 8 Փետրուար 1965(1965-02-08)
Մահուան վայր Պոլիս, Թուրքիա
Կրթութիւն Փարիզի համալսարան
Մասնագիտութիւն բժիշկ, հանրային գործիչ
Կոչում հարյուրապետ

Բարսեղ Տինանեան Մովսէսի (1887, Ռոտոսթօ, Թուրքիա- 8 Փետրուար 1965, Կ. Պոլիս), հայ բժիշկ, հասարակական գործիչ, ուսուցիչ։

Ծնած է 1887 թուականին Թուրքիոյ եւրոպական մասի՝ Ռոդոսթօ քաղաքը, բժիշկ Մովսէս Տինանեանի ընտանիքէն ներս։ 1906 թուականին աւարտած է Կ. Պոլիս՝ ասիական կողմի, Սկիւտար թաղամասի Պէր­պէրեան վար­ժա­րա­նը։ 1911 թուականի Փետրուար 15-ին աւարտած է Փարիզի համալսարանի բժշկական բաժիը։ Եղած է ներքին հիւանդութիւններու մասնագէտ։ 1911 թուականին վերադարձած է Կ. Պոլիս եւ որպէս բժիշկ աշխատած։

1912 թուականին՝ Պալքանեան պատերազմի ընթացքին, Ատրիանապոլիս քաղաքին մէջ, Օսմանեան բանակի բժիշկ ծառայած է՝ հարիւրապետի աստիճանով։ 1913-1914 թուականներուն մնայուն օգնական բժիշկ աշխատած է Կ. Պոլսի Ս. Փրկիչ ազգային հիւանդանոցի արտաքին բաժինէն ներս։ 1914 թուականին՝ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակ ծառայած է Կ. Պոլսի Պուլկարական հիւանդանոցին մէջ։ Պարգեւատրուած է պուլկարական արքունիքի «Կար­միր խաչ» շքանշանով։ 1915 թուականի Ապրիլին բանտարկուած է Կ. Պոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ, ապա աքսորուած Չանղըրը։ Անունը փորագրուած է Չանղըրըի բանտին մէջ հաւաքուած համրիչին՝ 99 հատիկներէն 41-րդին վրա։ Վերապրած է։

Եղած է 1919 թուականի Ապրիլ 11 (24)-ին՝ Մեծ Եղեռնին նուիրուած առաջին սգահանդէսին կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներէն։ Եղած է հանրային գործիչ, երկար տարիներ՝ «Կար­միր խա­չի» Կ. Պոլսոյ մասնաճիւղի ատենապետն ու Գա­րա­կէօ­զեան տան (որբանոց) մնայուն բժիշկը։ Զբաղած է նաեւ ուսուցչութեամբ։ Կ. Պոլսոյ Եսայեան վարժարանէն ներս դասաւանդած է առողջապահութիւն եւ կենսաբանութիւն առարկաները։ Իր նախաձեռնութեամբ նոյն վարժարանին մէջ՝ հիւանդապահներու, դասընթաց կազմակերպած եւ դասաւանդած է։ Տարեգիրքերու եւ օրաթերթերու էջերուն մէջ տպագրուած բժշկագիտական եւ հրապարակախօսական յօդուածներու հեղինակ է։ Եղած է լաւ ջութակահար եւ բարձր գնահատանքի արժանացած՝ արուեստասէր շրջանակներէն ներս։

Մահացած է 1965 թուականի Փետրուար 8-ին, Կ. Պոլիս|Կ. Պոլսոյ մէջ՝ 78 տարեկան հասակին։ Զաւակներէն՝ Ժիրայր Տինանեան, բնակած է Փարիզ եւ եղած՝ ներքին ու սրտային հիւանդութիւններու բժիշկ։

  • Բժիշկի մը խորհրդածութիւնները, Կ. Պոլիս, 1941։
  • Պալաքեան Գրիգորիս ծ. վրդ., Հայ գողգոթան, Վի­են­նա, 1922։
  • Ազգային հիւանդանոցի մէջ պաշտօնավարած բժիշկները, Ընդարձակ տարեգիրք Ազգային հիւանդանոցի, Սթանպուլ, 1939։
  • Շիկահեր Վարդ, Կիսադարեան պատմութիւն թրքահայ բժշկութեան, 19231975, Սթանպուլ, 1975։
  • Սիմոն Հովիւեան, «Ապ­րի­լե­ան Նա­հա­տակ­նե­րուն Շա­ւի­ղով, Մեծ Եղեռ­նի 60-ամե­ա­կի Սե­մին», Պէյրութ, 1975, 349 էջ։
  • Պալաքեան Գրիգորիս ծ. վրդ., Հայ գողգոթան, Երեւան, 1991։
  • Յարման Արսէն, Հայերը Օսմանեան առողջապահութեան ծառայութեան մէջ եւ պատմութիւն սուրբ Փրկիչ հայոց հիւանդանոցի (թուրքերէն), Սթամպուլ, 2001։
  • Աւագեան Կարինէ, Եղեռնայուշ մասունք կամ խոստովանողք եւ վկայք խաչի, Երեւան, 2002։
  • Աւագեան Կարինէ, «Չան­ղը­րըի 1915 թ. Ապ­րի­լի 11, Յի­շա­տակ»… Թանգարանային ցուցանմոյշը, «Հան­դէս Ամ­սօ­րե­այ», 2008, հ. 1-12։
  • Իսկահատեան Յ., Վկայարան հայկական ցեղասպանութեան, Գիրք Գ․, Պէյրութ, 2011, 395 էջ։

Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։