Բարսեղ Շահպազ
Բարսեղ Շահպազ | |
---|---|
Ծնած է | Յունիս 1883 |
Մահացած է | 1915 |
Մասնագիտութիւն | Խմբագիր, հանրային գործիչ |
Բարսեղ Շահպազ (Յունիս 1883 - 1915, Եղեռնի զոհ), Հայ խմբագիր եւ հասարակական գործիչ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ուսումը կը ստանայ Պոյաճըքէօյի Կեդրոնական վարժարանին մէջ եւ կը շարունակէ Վենետիկի Մուրատ-Ռաֆայէլեան վարժարանին մէջ։ Հոն երկու տարի մնալով կը վկայուի եւ Ա․ Ահարոնեանի այցելութեան մը առիթով մաս կը կազմէ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան։ Պոլիս վերադառնալէ ետք, Միքայէլ Շամտանճեանի հետ կը հրատարակէ «Ծաղիկ» թերթը։ 1903-ին Ս․ Օրմանեանի դէմ կատարուած մահափորձին հետեւանքով, երբ հայ երիտասարդներ կը ձերբակալուին, Շահպազ կը փախչի Եգիպտոս, ուր 5 տարի կը զբաղի առեւտուրով։
Աղեքսանդրիոյ մէջ կը հրատարակէ «Կրակ» թերթը (2 թիւ), «Այլասիրութիւն եւ եսասիրութիւն» գրքոյկը, «Մտրակ» կիսամեան եւ «Հաչիւններ» թռուցիկը։ Սահմանադրութեան հաստատումէն ետք, կը վերադառնայ Պոլիս եւ հասարակական գործերով կ’ուղեւորուի ներքին գաւառներ։ Նոյն պատասխանատուութեամբ կը մեկնի Պուլկարիա, ապա՝ Եգիպտոս՝ ուր 1912-ին կ’ամուսնանայ եւ իրաւաբանութիւն սորվելու համար կը մեկնի Փարիզ։ Միքայէլ Վարանդեանի հետ կը հրատարակեն «Փրօ Արմենիա»-ն ու կ’աշխատակցի «Հայրենիք»-ին եւ «Հարիզոն»-ին։ Փաստաբանութիւնը աւարտելու սեմին, Վիքթոր Պերար աշխատանք մը վստահուի Շահպազին, եւ այդ պատճառով Ընդհանուր պատերազմի նախօրեակին կը վերադառնայ Պոլիս։
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Թէոդիկ, Յուշարձան ապրիլ տասնմէկ, Կ․ Պոլիս, 1919, «Արզուման» հրատարակչատուն Archived 2020-07-04 at the Wayback Machine.
- Գառնիկ Ստեփանեան, Կենսագրական բառարան, հատոր Գ, գիրք I, Ե., «Խորհրդային գրող», 1990, էջ 164։