Աւետիս Զիլճեան Ընկերութիւն

Աւետիս Զիլճեան Ընկերութիւն
Տեսակ առեւտրական ձեռնարկութիւն, երաժշտական գործիքների արտադրող? եւ ձեռնարկութիւն
Իրավաբանական ձեւ մասնավոր ընկերություն?
Հիմնադրուած է 1623
Վայր Նորուել, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ
Արդիւնաբերութիւն երաժշտական գործիքների արտադրող?
Կայք zildjian.com

Աւետիս Զիլճեան Ընկերութիւն (անգլերէն՝ Avedis Zildjian Company), «Զիլճեան» ապրանքանիշի ծնծղաներ արտադրող համաշխարհային ընկերութիւն մը, որ ունի աւելի քան 400 տարուան պատմութիւն։

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Պատմութիւնը կը սկսի 1618-էն, Օսմանեան կայսրութեան մէջ: Ծնծղաներու պատրաստութեան գործը կը սկսի Աւետիս Զիլճեանը, որ քիմիական փորձեր կատարելով` կը փորձէր ոսկի ստանալ, սակայն ի վերջոյ պղինձի, արծաթի եւ անագի խառնուրդէն ան կը յաջողի ստանալ նիւթ մը, որ բարձր եւ յստակ հնչողութիւն ունէր:

Օսման Բ. սուլթանը հաւնելով երիտասարդ հայ արուեստագէտին աշխատանքը` անոր ոչ միայն կը թոյլատրէ պատրաստել գործիքներ օսմանեան արքունիքին համար, այլ նաեւ Աւետիսին կու տայ Զիլճեան մականունը:

Ընտանիքը խանութ կը բանայ Պոլսոյ Սամաթիա թաղամասին մէջ, կը համագործակցի յունական ու հայկական եկեղեցիներու, սուֆի տերվիշներու եւ սուլթանի հարեմին հետ:

«Զիլճեան» ապրանքանիշի առաջին ծնծղաները 1851-ին յատուկ նաւով մը կը տեղափոխուին Լոնտոն` ցուցադրուելու համաշխարհային տօնավաճառին:

«Զիլճեան»-ը Միացեալ Նահանգներու մէջ սկսած է արտադրուելու 1929-ին: 20-րդ դարու սկիզբը ընկերութիւնը Թուրքիոյ մէջ կը ղեկավարէր Արամ Զիլճեանը, որ կ՛առաջարկէ Միացեալ Նահանգներ բնակող իր զարմիկին` Աւետիսին[1], ղեկավարել ընկերութիւնը: Աւետիսը, որ Միացեալ Նահանգներ տեղափոխուած էր նախքան Հայոց ցեղասպանութիւնը, կը համաձայնի` տեսնելով երկրին մէջ այդ երաժշտական գործիքին հանդէպ աճող հետաքրքրութիւնը:

Այժմ ընկերութիւնը կը գործէ Մասաչուսեց նահանգին մէջ[2]:

Այսօր իւրաքանչիւր գործիք կը շարունակէ անցնիլ բարձր որակաւորում ունեցող տասնեակ մը աշխատակիցներու ձեռքերէն, որոնք կը ստուգեն, որ «թուղթի բարակութիւն» ունեցող ծնծղաները ունենան անհրաժեշտ երաժշտական ձայնածաւալը (diapason)»․․․ Գործիքներէն իւրաքանչիւրը ունի իւրայատուկ եւ անկրկնելի ձայն:
- «Նիւ Եորք Թայմզ»


Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Cohan Jon (1999)։ Zildjian: A History of the Legendary Cymbal Makers (անգլերէն)։ Hal Leonard Corporation։ էջեր 7–11։ ISBN 978-0-7935-9154-1 – via Google Books 
  2. ««Նիւ Եորք Թայմզ»-ը Կ՛անդրադառնայ Հայկական Զիլճեան Ընտանիքին Եւ Համանուն Ապրանքանիշին Պատմութեան – Aztag Daily – Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)»։ www.aztagdaily.com։ արտագրուած է՝ 2023-03-23