Jump to content

Արում Թիթան

Արում Թիթանը աշխարհի ամէնէն մեծ ծաղիկն է: Անոր հասակը կրնայ հասնիլ մինչեւ 3 մեթրի: Ասիկա անոր միակ մրցանիշը չէ. ան նաեւ աշխարհի ամէնէն գէշ հոտը ունեցող ծաղիկն է: Երբ անիկա ծաղկի, կ'արձակէ փտած միսի կամ հինցած ձուկի հոտ:

Նախքան առաջին անգամ ծաղկիլը, բոյսը պէտք է աճի 5-էն 10 տարի: Այնուհետեւ, կարգ մը բոյսեր կրնան չծաղկիլ 7-էն 10 տարի եւս, իսկ ուրիշներ՝ իւրաքանչիւր երկու կամ երեք տարին մէկ անգամ[1]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]