Արշակ Չորպաճեան
Ծննդավայր | Մարաշ, Մարաշի գաւառ, Հալէպի նահանգ |
---|---|
Կրթութիւն |
Այնթէպի Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճ, Պէյրութի Ամերիկեան համալսարան |
Մասնագիտութիւն | բժիշկ, քաղաքական գործիչ |
Կուսակցութիւն | Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն |
Ծնողներ | Հաճի Կիրակոս |
Արշակ Չորպաճեան Կիրակոսի (մօտ 1880, Մարաշ, Մարաշի գաւառ, Հալէպի նահանգ- անյայտ), հայ դեղագործ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է մօտ 1880 թուականին Հալէպի նահանգի, Մարաշի գաւառի կեդրոն՝ Մարաշ քաղաքին մէջ, Հաճի Կիրակոսի ընտանիքին մէջ։ 1902 թուականին աւարտած է Մարաշի ազգային վարժարանը։ 1902-1903 թուականներին դասաւանդած է Մարաշի ազգային վարժարանէն ներս։ 1904 թուականին աւարտած է ամերիկացի միսիոներներու՝ Այնթէպի Կեդրոնական Թուրքիոյ գոլէճը։ 1907 թուականին աւարտած է Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի բժշկական բաժինի դեղագործական ճիւղը։ 1907 թուականին Եգիպտոս տեղափոխուած է։ Ըլլալով ՀՅԴ Կիլիկիոյ շրջանի եռանդուն անդամներէն մէկը՝ 1907 թուականին ուղարկուած է Ժընեւ` ՀՅԴ «Դրօշակ» պաշտօնաթերթին խմբագրութեան։ 1908 թուականին՝ Օսմանեան սահմանադրութեան վերահաստատումէն ետք, Մարաշ վերադարձած է։
Ատանայի կոտորածի ժամանակ, որպէս յեղափոխական-կազմակերպիչ, Մարաշի Պատերազմական ատեանը զինք մահուան դատապարտած է։ Կրցած է Թուրքիայէն Եգիպտոս փախչիլ։ 1918 թուականին փորձած է Թուրքիա վերադառնալ, սակայն, տեսնելով Ատանայի ու Կիլիկիոյ պայքարները, ջարդերը եւ հայաթափումը, ստիպուած եղած է մեկնիլ Եգիպտոս, ուր դեղագործութեամբ զբաղած է։ «Մարաշ» գիրքի հրատարակութեան նպաստած է ՀՅԴ գործունէութեան մասին տեղեկութիւններ տալով։
Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Աղբիւր
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յարութիւն Մինասեան, Օսմանեան կայսրութիւնում Թուրքիայի Հանրապետութիւնում բռնաճնշումների եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած հայ բժիշկներ, Երեւան, «Լուսաբաց», 2014 — 520 էջ։