Jump to content

Արմէն Յարութիւնեան

Արմէն Յարութիւնեան
Ծնած է 6 Փետրուար 1930-ին
Ծննդավայր Հալէպ, Սուրիա
Մասնագիտութիւն Սեփական գործարար
Աշխատավայր Այնթապի Հայրենակցական Միութեան ատենապետ, Դպիր,սարկաւագ եւ Աւագ սարկաւագ

Արմէն Յարութիւնեան ծնած է 6 Փետրուար 1930-ին, Հալէպ: Գործարար, բարերար, գրող, հրապարակախօս: Ծառայած է Հայ եկեղեցիին իբրեւ Դպիր, սարկաւագ եւ Աւագ սարկաւագ: Այնթապի Հայրենակցական Միութեան ատենապետ։ ՀԵԸ-ի տեղական վարչութեան անդամ: ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամ

Արմէն Յարութիւնեան ծնած է 6 Փետրուար, 1930-ին, Հալէպ, Սուրիա: Յաճախած է Հալէպի Կրթասիրաց վարժարանը, ապա Ալեփփօ Գոլէճ: Հայրը եղած է բարեգործ անձնաւորութիւն:

Ուսանելու ընթացքին հետեւած է առեւտուրի, ապա սկսած է արտադրել սեփական զարդադեղերը (Գոսմեթիք):

1961-ին կը փոխադրուի Պէյրութ եւ կը հիմնէ սեփական գործարանը:

Փոքր տարիքէն եղած է Հալէպի Այնթապի Հայրենակցական Միութեան վարչական, ապա՝ ատենապետ: Լիբանան փոխադրուելէ ետք երկար տարիներ վարած է Այնթապի Հայրենակցական Միութեան ատենապետի պաշտօնը։

Աւելի քան եօթանասուն տարի ծառայած է Հայ եկեղեցիին, իբրեւ դպիր,սարկաւագ եւ Աւագ սարկաւագ:

Հալէպի մէջ կը մտնէ Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան (ՀԵԸ) շարքերը: Լիբանանի մէջ եղած է ՀԵԸ-ի տեղական վարչութեան անդամ: Նաեւ՝ ՀԲԸՄ-ի Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամ:

Հրատարակութեան հիմնադրամ եւ մեկենաս

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արմէն Յարութիւնեան Իր եւ տիկնոջ անունով ստեղծած է «Արմեն եւ Միմի Յարութիւնեան» հրատարակութեան հիմնադրամ մը, մեկենասելով 59 գիրքերու հրատարակութեան:

Հայոց Պատմութեան Ուսուցիչներու Ֆոնտ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

ՀԲԸՄ-ի վարժարաններու եւ Թէքէեան վարժարանի հայերէնի եւ հայոց պատմութեան ուսուցիչներուն համար հիմնած է ֆոնտ՝ տարեկան մէկ ամսական նուէր: Նոյնը յետագային կատարած է Լիբանանի ազգային վարժարաններու ուսուցիչներուն:

Երկուշաբթի, 2 դեկտեմբեր 2013-ին, Հայկազեան համալսարանի սեղմ շրջանակի մը մէջ, Լիբանանահայութեան ծոցին մէջ իր վաթսունամեակի սեմին գտնուող Հայկազեան համալսարանին համար իւրօրինակ այս նուիրատուութեան պաշտօնական արարողութիւնը կատարուեցաւ: Արդարեւ, տէր եւ տիկին Արմէն եւ Սալբի Յարութիւնեաններ 250,000 ամերիկեան տոլարի հայ ուսանողներու կրթանպաստի անձեռնմխելի ֆոնտ մը հաստատեցին Հայկազեան համալսարանին մէջ։ Աւելի քան երեսուն ուսանողներու նպաստ տրամադրած է համալսարանական ուսման համար:

Խօսք առնելով` բարերար Արմէն Յարութիւնեան «բարի» գտաւ նպատակը արարողութեան եւ մաղթեց, որ նման արարողութիւններ շատնան: Ան նշեց, որ Հայկազեան համալսարանը հայ երիտասարդութիւն կը մէկտեղէ եւ հայեցի մթնոլորտի մէջ զանազան մասնագիտութիւններ կը ջամբէ, որով կը բարձրանայ մեր ազգին ուսումնական արժեչափը, եւ կոչ ուղղեց. «Պէտք է գուրգուրալ Հայկազեան համալսարանին նիւթապէս եւ բարոյապէս»: Յարութիւնեան շեշտեց, որ Հայկազեան համալսարանը «բոլորին կը պատկանի», եւ առ այդ մաղթեց, որ այս արարքը վարակիչ դառնայ, ու իր խօսքը աւարտեց մէջբերելով Վահան Թէքէեանի «Հաշուեյարդար» ուսանելի բանաստեղծութենէն`

«Ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց,

Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինակ այն միայն»:
- Արմէն Յարութիւնեան


Սուրբ Էջմիածինի բարերար

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արմէն Յարութիւնեան Եղած է Սուրբ Էջմիածինի բարերար: Նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կեցած է Սուրբ Էջմիածինին:

Հայաստանի մէջ Այնթապի գործարանի հիմնադրութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արմէն Յարութիւնեան մեծ աշխատանք կատարած է Հայաստանի մէջ Այնթապի գործարանին հիմնադրութեան՝ նիւթապէս եւ բարոյապէս:

Նուիրատուութիւններ Լիբանանի Հայ համայնքին

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արմէն Յարութիւնեան Ֆանարի մէջ, Լիբանան, հայ ընտանիքներու համար նախատեսուած բնակարաններու շինարարութեան նուիրած է 35 խոհանոց:

Հրատարակչութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արմէն Յարութիւնեան մնայուն աջակցածէ Լիբանանահայ մամուլին: Ան Լիբանանահայ մամուլի մէջ ստորագրած է բազմաթիւ յօդուածներ: Իր ստորագրութեամբ երեք հատորներու հեղինակ է: Սոյն հատորները ծանօթ են «Նամակներ Պէյրութէն» վերտառութեամբ:

«Նամակներ Պէյրութէն-Բ.» հատորի հեղինակ Արմէն Յարութիւնեան: Գիրքը լոյս տեսած է Պէյրութ, 2010-ին, կը տարածուի 376 էջերու վրայ, կը բովանդակէ հարիւր նամակ, որոնք կը կրեն 101-էն 200 թիւերը: Շարքը կը սկսի 4 օգոստոս 2002-էն, կը հասնի դեկտեմբեր 2004-ի: Այսինքն` գրիչի մօտաւորապէս մէկ ու կէս տարուան արգասիք:

«Նամակներ Պէյրութէն-Բ.» հատոր լոյս տեսած է Յարութիւն եւ Միմի Արմէնեաններու մեկենասութեամբ:

Հեղինակը՝ Արմէն Յարութիւնեան, հատորը ձօնած է Յարութիւն Արմէնեանի կնոջ` Միմիին:

Արմէն Յարութիւնեանի նամակները հեղինակին վերապահած են մօտաւորապէս այն դերը, զոր ինք տեսած է մանկութեան օրերու իրենց թաղին` Հալէպի Նոր Գիւղ թաղամասի առաջին պաշտօնական պահակին մէջ. կը պատմէ, թէ Սեդրակ Էմմին` պահակը, գիշերները թաղերուն մէջ կը շրջագայէր ձեռքի գաւազանը գետին զարնելով ու բնակիչներուն հասկցնելով, թէ ինք հոն արթուն ներկայութիւն է: Ինքն ալ նոյնը կ՛ընէ ՆԱՄԱԿՆԵՐով եւ չ՛ակնկալեր, որ ընթերցողները ամէն հարցի մէջ համաձայն ըլլան իրեն: Վարձքդ կատար, պրն. Արմէն:
- ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ 3 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2011,ԿԼԵՆՏԷՅԼԻ ԳՐԱԴԱՐԱՆ , կազմակերպութեամբ՝ հայ այնթապցիներու մշակութային միութեան եւ Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղ


Երեքշաբթի, 3 Հոկտեմբեր 2017-ի առաւօտեան, Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտիչեան այցելեց լիբանանահայ համայնքի ծանօթ դէմքերէն Արմէն Յարութիւնեանի բնակարանը եւ անոր յանձնեց Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի հրամանագիրով շնորհուած «Մովսէս Խորենացի»ի մետալը:

Դեսպան Սամուէլ Մկրտիչեան նշեց, թէ պարգեւատրութիւնը՝ լիբանանահայ համայնքի եւ Հայաստանին ցուցաբերուած եօթ տասնամեակներու վրայ երկարող անշահախնդիր նուիրումին արժանի գնահատականն է:

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան տօնին առիթով` ի շարս նախագահական պարգեւատրումներու, Լիբանանի գաղութէն «Մովսէս Խորենացի» մետալով պարգեւատրուած է գրականութեան մէջ նամակագրութիւն սեռին հետեւած եւ լիբանանահայ մամուլին երկար տարիներ աշխատակցած Արմէն Յարութիւնեան