Jump to content

Արմենիաքոն Թեմ

Բիւզանդական կայսրութեան թեմերը 750-ին․ վարդագոյնով՝ Արմենիաքոն

Արմենիաքոն Թեմ կամ Արմենիա՛քոն․ Բիւզանդական Կայսրութեան միջին ժամանակաշրջանի զինուորական եւ վարչական բաժանումներէն մէկը։ Կը գտնուի Փոքր Ասիոյ հիւսիս-արեւելքը։

Պատմական ակնարկ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առաջին ստեղծուած չորս թեմերէն մէկը եղած է՝ Է․ դարասկիզբին։ Իրաքլիոս կայսր պարսկական արշաւանքներուն ընթացքին (629), նշած է «Գէորգ, Արմենիաքոնի թուրմարխիս*» (Γεωργίου, τουρμάρχη των Αρμενιακών)։ Այդ տարին հաւանաբար կրնայ նկատուիլ որպէս թեմի հիմնադրութեան թուականը։ Սակայն պաշտօնական աղբիւրներուն մէջ որպէս թեմին ստեղման թուական կը նշուի 667/668։

Փոքր Ասիոյ բիւզանդական թեմերը, 780 թուականին
Արմենիաքոն թեմին դիրքը Բիւզանդական կայսրութեան տարածքին, 1000 թուականին

*τουρμάρχης= հազարապետ

Թեմը կը ստեղծուի արաբական արշաւանքներուն ընթացքին պարտուած բանակի մը մնացորդացէն։ Magister militum per Armeniae բանակը այդ շրջանէն ետ կը քաշուի եւ անոր կու տայ իր անունը։ Բանակը կը վերահաստատուի Պոնտոսի, Բաֆլաղոնիայի եւ Կապադովկիոյ շրջանները։

Ամասիա եղած է մայրաքաղաքը, իսկ «սթրաթիղոս»ը (զօրավարը), իշխանութիւնը կը վարէր Անաթոլիքոն եւ Թրաքիսիոն թեմերուն զօրավարներուն հետ միասնաբար։ Թ. դարուն թեմը զինուարագրած է 9 000 զինուորներով բանակ մը եւ ունեցած է 17 ամրոցներ։

Շնորհիւ թեմին տարածքին ու դիրքին՝ արաբներուն սահմանամերձ, զօրավարը դարձած էր կարեւոր անձնաւորութիւն մը եւ զինուորական ուժերը Ը․ դարուն մասնակցած են բաւական ըմբոստութիւններու։ Այդ պատճառով Թ․ դարուն կը բաժնուի․ Խարսիանոնի եւ Կապադովկիոյ շրջանները կը հեռանան եւ Բաֆլաղոնիայի եւ Խալտիայի շրջանները որպէս թեմ կը ստեղծուին 819-ին, իսկ 863-ին վերջիններուն կը հետեւի Քոլոնիաս։ Հետեւաբար Արմենիաքոն թեմը կը սահմանուի արեւմտեան Պոնտոսի շրջանին մէջ եւ Բիւզանդական Կայսրութեան ներքեւ կը մնայ մինչեւ 1073-ին, երբ ամիսներու ժամանակաշրջանի մը համար կ՛անցի վարձկան զինուորներուն իշխանութեան տակ, ղեկավարութեամբ Ռուսել տէ Պայոլին (Roussel de Bailleul)։ Բիւզանդացի կայսր Ալեքսիոս Ա․ Գոմնինոս կը վերատիրանայ թեմին մինչեւ ան վերջնականապէն իյնայ սելճուք թուրքերուն գերիշխանութեան տակ։

[1] [2] [3] [4] [5] [6] [7]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]