Jump to content

Արի Թօփուզխանեան

(Վերայղուած է Արի Թոփուզխանեան-էն)
Արի Թօփուզխանեան
Ծնած է 18 Փետրուար 1936(1936-02-18) (88 տարեկան)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Քաղաքացիութիւն  Ֆրանսա
Կրօնք Քրիստոնեայ
Ուսումնավայր Լիոնի համալսարան?
Կարողութիւն նախաձեռնողն է «Մաքինթոշ» համակարգիչներու մէջ հայ տառերու եւ յայտագրերու տեղադրութեան
Մասնագիտութիւն Ճարտարագէտ եւ գիտնական
Աշխատավայր Նախապէս Լիոնի համալսարան՝ որպէս գիտաշխատող Ֆրանսայի Գիտահետազօտական Ազգային Կեդրոնի
Ամուսին Փօլէթ Քիւրքճեան (Մարսէյլ, 1966)
Ծնողներ Տիգրանակերտցի Արամ Թօփուզխանեան եւ Խարբերդցի Աստղիկ Պուճիգանեան
Երեխաներ Աստղիկ, Բենիամին, Սիլվիա եւ ունի 4 թոռնիկ

Արի Թօփուզխանեան (ծն․՝ 18 Փետրուար 1936, Պէյրութ), հանրածանօթ գիտնական, Ճարտարագէտ, խմբագիր, թարգմանիչ, հեղինակ, դասախօս: Նախաձեռնողն է «Մաքինթոշ» համակարգիչներու մէջ հայերէն տառերու եւ յայտագրերու տեղադրութեան: Նախկին գիտաշխատող Ֆրանսայի Գիտահետազօտական Ազգային Կեդրոնին մէջ։ Դոկտ. Արի Թօփուզխանեան «Նոյեան Տապանի Հետքերը Արարատ Լերան Վրայ» շարժանկարը հայերէնի վերածած է:

Դոկտ. Արի Թօփուզխանեան ծնած է Պէյրութ եւ յաճախած Ազգային Սահակեան վարժարանը, երկրորդական կրթութիւնը՝ ֆրանսական Լիսէն (Lycée Français de Beyrouth), բարձրագոյն կրթութիւնը՝ Պէյրութի Ճարտարագիտական համալսարանը(Ecole Supérieure d’Ingénieurs de Beyrouth), ապա Լիոնի համալսարանը (Université Claude Bernard-Lyon I), ուր պատրաստած է իր դոկտորական աւարտաճառը եւ պաշտօնավարած է որպէս գիտաշխատող Ֆրանսայի Գիտահետազօտական Ազգային Կեդրոնին մէջ։

Ան հեղինակ է զանազան յօդուածներու եւ ուսումնասիրութիւններու, ինչպէս նաեւ նախաձեռնողն է «Մաքինթոշ» համակարգիչներու մէջ հայերէն տառերու եւ յայտագրերու տեղադրութեան, որոնց գործածութեան մասին դասաւանդած է Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի տպարանի եւ Երեւանի Մատենադարանի աշխատակիցներուն:

Դասախօսութիւն «Նոյեան Տապանի Հետքերը Արարատ Լերան Վրայ» Պէյրութ, Լիբանան

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Կազմակերպութեամբ Հաճնոյ Հայրենակցական Միութեան, Ուրբաթ, 22 Փետրուար 2019-ին, երեկոյեան ժամը 7-ին, տեղի ունեցաւ իւրայատուկ դասախօսութիւն մը, նիւթ ունենալով «Նոյեան Տապանի Հետքերը Արարատ Լերան Վրայ»: Դասախօսութիւնը կը հովանաւորէր գաղութիս բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմեզեան, զոր կը ներկայացնէր Արժ. Տ. Նարեկ Ա. Քհնյ Հեճինեան:

Օրուան դասախօսը՝ Դոկտ. Արի Թօփուզխանեան նշեց թէ կը հետեւէր Արարատի գագաթին վրայ ամերիկացի քրիստոնեաներու կատարած փնտռտուքներուն եւ երբ կարողացաւ ձեռք բերել անոնց մէկ խումբին պատրաստած շարժանկարը, յանձն առաւ անոր հայերէնի թարգմանութիւնը:

Ապա ներկաները մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցան շարժանկարին, ուր դիտեցին բազմաթիւ մասնագէտներու կատարած հետախուզութիւնները, որոնք գիտական տուեալներով փաստեցին որ Նոյեան Տապանը հանգչած է Արարատ լերան վրայ:

Արարատ» Գիտութեանց Միջազգային Ակադեմիայի 25-ամեակը – Փարիզ, Ֆրանսա

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Փետրուար 2012-ին, Փարիզի 9-րդ շրջանի թաղապետարանի «Ռոսինի» սրահին մէջ, հանդիսաւոր բացումը տեղի ունեցաւ «Արարատ» Գիտութեանց Միջազգային Ակադեմիայի կազմակերպած երկօրեայ գիտաժողովին։ Այս միջոցառումը նպատակ ունէր տօնելու Ակադեմիայի հիմնադրման 25-ամեակը։ Լեզուաբանութեան յատկացուած նիստին նախագահողը Արի Թօփուզխանեանն էր։

Ակադեմիան կը միաւորէ աշխարհի զանազան երկիրներէ աւելի քան հարիւր անդամներ, գլխաւորաբար՝ ճշգրիտ եւ բնական գիտութիւններու ներկայացուցիչներ, բայց նաեւ մարդկային գիտութիւններու մասնագէտներ։ Միջազգային այս գիտաժողովը, որ 5-րդն էր, կը նուիրուէր միաժամանակ նշանակալից հինգ տարեդարձներու – հայ տպագրութեան 500-ամեակին, Սայեաթ Նովայի եւ Ժան-Ժաք Ռուսոյի ծննդեան 300-ամեակին, Ֆրիտեոֆ Նանսէնի ծննդեան 150-ամեակին եւ Հայաստանի վերանկախացման 20-ամեակին։

«Արարատ» Գիտութեանց Միջազգային Ակադեմիայի 30- ամեակը – Ժընեւ, Զուիցերիա

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Բացառիկ պայմաններու տակ եւ հեղինակաւոր վայրի մը մէջ է որ «Արարատ» Գիտութեանց Միջազգային Ակադեմիան կազմակերպեց իր 7-րդ գիտաժողովը՝ 5-7 Սեպտեմբեր 2016-ին, միաժամանակ տօնելով իր հիմնադրութեան 30-ամեակը։ 33 տարբեր երկիրներէ բարձրորակ գիտնականներ իրենց մասնակցութիւնը բերին, արդարացնելով Ակադեմիային Միջազգային յորջորջումը, մանաւանդ որ նիստերը տեղի ունեցան խաղաղարար Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Ժընեւի Ազգերու Պալատին մէջ։ Ձեռնարկը ձօնուած էր քանի մը օր ետք՝ ամսուն 21-ին մայր հայրենիքին մէջ տօնուող Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան հիմնադրութեան 25-րդ տարեդարձին։ Գիտաժողովին բնաբաններն էին՝ Հիմնական եւ Կիրառական Գիտութիւններ, Գիտական Մշակոյթ, Լեզուաբանութիւն, Շրջավայր եւ Խաղաղութիւն։ Լեզուաբանութեան Եւ Գիտական Մշակոյթի նիստին նախագահողն էր Արի Թօփուզխանեան, իսկ իր զեկոյցին նիւթն էր հայերէն տպագիր Սուրբ Գիրքին 350-ամեակը։

«Բանբեր» Հոգեւոր Ամսագրի Խմբագիր

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Արի Թօփուզխանեան «Բանբեր» հոգեւոր ամսագրի խմբագրութիւնը ստանձնեց 1973-էն սկսեալ։

«Համակարգչային Աստուածաշունչ»ի Համահրատարակիչ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Հինգշաբթի, 6 Նոյեմբեր 2003-ին, Պէյրութի Հայկազեան Համալսարանին մէջ Արի Թօփուզխանեան ներկայացուց «Համակարգչային Աստուածաշունչ»ը. զեկուցողը քանի մը տարի առաջ, Հայաստանի Քրիստոնէացման 1700-ամեակին առթիւ, խմբային թարգմանութեան մաս կազմած էր՝ արեւմտահայերէն Աստուածաշունչը վերամշակելով։ Յետագային այդ հայերէն տարբերակը ընդգրկել տուաւ համակարգչային խտասալիկի մը մէջ, ուր Աստուածաշունչը արձանագրուած է ուրիշ եօթը լեզուներով (լատիներէն, ֆրանսերէն, անգլերէն, գերմաներէն, իտալերէն, սպաներէն եւ փորթուկերէն) եւ կարելի է զայն հետազօտել:

Հասարակական Գործունէութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  • Ֆրանսերէնի թարգմանութիւն գերմանացի գիտնական Bernhard Philberth-ի հեղինակած «Guerre Atomique et Prophétie Biblique» գրքին (1973)
  • Խմբագրութիւն «Բանբեր» ամսաթերթի (1973-էն սկսեալ)
  • Ձայնասփռում գիտա-կրօնական հաղորդումներու Մոնթէ-Գարլոյի Ռատիոկայանի հայերէն հոգեւոր յայտագրերու ծիրէն ներս (1979-էն սկսեալ)
  • Նախաձեռնութիւն լուսատիպ մեքենաներու պաստառներուն վրայ հայ տառերու ցուցադրութեան (1980-էն սկսեալ)
  • Նախաձեռնութիւն երրորդ սերունդի «Մաքինթոշ» համակարգիչներուն մէջ հայ տառերու եւ յայտագրերու գործածութեան (1984-էն սկսեալ)
  • Համահիմնադրութիւն եւ Ընդհանուր Քարտուղարութիւն «Արարատ Գիտութեանց Միջազգային Ակադեմիա»յի Փարիզ, (1986-էն սկսեալ)
  • Յօրինում «Մաքինթոշ» համակարգիչներու յատուկ օտար 17 լեզուներու տառատեսակներու (1987)
  • «Մաքինթոշ» համակարգիչներու գործածութեան դասաւանդութիւն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի տպարանի ու Երեւանի Մատենադարանի աշխատակազմերուն (1988-էն սկսեալ)
  • Մասնակցութիւն «Հայ Գիտնականներու եւ Ճարտարագէտներու Առաջին Համաշխարհային Համաժողով» ին (Լոս Անճըլըս, 1989)
  • Համահիմնադրութիւն « Արեւմտահայ Աշխարհաբարի Եզրաբանական Խորհուրդ»ին (Մարսէյլ, 1989)
  • Նշանակում Հայաստանի «Գիտութիւն եւ Տեխնիկա» գիտահանրամատչելի հանդէսի Խմբագրական Կազմին մէջ (Երեւան, 1992)
  • Համահիմնադրութիւն «Լիոն-Երեւան Ընկերակցութեան» (Լիոն,1992)
  • Մասնակցութիւն «Հայ Էներկեդիկներու Առաջին Համաժողով»ին (Երեւան,1992)
  • Հրատարակութիւն «Եզրաբանական Խորհուրդի Առաջին Ուղեցոյց»ին (Մարսէյլ, 1993)
  • Կազմակերպութիւն «Հայ Գիտնականներու եւ Ճարտարագէտներու Երկրորդ Համաշխարհային Համաժողով»ին (Փարիզ, 1993)
  • Համահիմնադրութիւն «Ֆրանսեւհայկական Յառաջադրումի Ընկերակցութեան» (Մարսէյլ, 1994)
  • Համահիմնադրութիւն եւ վարչական պատասխանատուութիւն «Յոյս Հայաստանի Համար» Ընկերակցութեան (Լիոն, 1994-էն սկսեալ)
  • Հրատարակութիւն «Եզրաբանական Խորհուրդի Երկրորդ Ուղեցոյց»ին (Մարսէյլ, 1994)
  • Յօրինում «Մաքինթոշ» համակարգիչներու յատուկ՝ Նոր Գալետոնիոյ «Աժիէ» բարբառի տառատեսակին 1995)
  • Համահրատարակութիւն «150-ամեակի Նոր Կտակարան»ին (Պէյրութ, 1995)
  • Յօրինում «Մաքինթոշ» համակարգիչներու յատուկ՝ Չատի «լաքա» բարբառի տառատեսակին (1996)
  • Համահիմնադրութիւն «Ֆրանսեւհայկական Անկարներու Լիոնեան Ընկերակցութեան» (Լիոն, 1998)
  • Համակազմակերպութիւն «Պետութիւն եւ Հաշմանդամներու Հարցերով Զբաղուող Հասարակական Կազմակերպութիւններ» գիտաժողովին (Երեւան, 1998)
  • Համահրատարակութիւն «1700-ամեակի Աստուածաշունչ»ին (Պէյրութ, 2001)
  • Համահրատարակութիւն «Համակարգչային Աստուածաշունչ եւ Բազմալեզու Համաբարբառ» խտասալիկին (Ալզաս, Ֆրանսա, 2002)
  • Դասախօսութիւններ «1700-ամեակի Աստուածաշունչ»ին եւ «Բազմալեզու Համակարգչային Համաբարբառ»ին մասին հայաշատ 30 քաղաքներու մէջ (2002-2011)
  • Կազմակերպութիւն «Արարատ Գիտութեանց Միջազգային Ակադեմիա»յի «Ե. Միջազգային Գիտաժողով»ին (Փարիզ, 2012)
  • Կազմակերպութիւն «Արարատ Գիտութեանց Միջազգային Ակադեմիա»յի «Զ. Միջազգային Գիտաժողով»ին (Երուսաղէմ, 2014)
  • Կազմակերպութիւն «Արարատ Գիտութեանց Միջազգային Ակադեմիա»յի «Է. Միջազգային Գիտաժողով»ին (Ժընեւ, 2016)
  • Կազմակերպութիւն «Արարատ Գիտութեանց Միջազգային Ակադեմիա»յի «Ը. Միջազգային Գիտաժողով»ին (Ժընեւ, 2017)
  • Կազմակերպութիւն «Արարատ Գիտութեանց Միջազգային Ակադեմիա»յի «Թ. Միջազգային Գիտաժողով»ին (Փարիզ, 2018)
  • Զեկոյց «Հայալեզու Մամուլը Ֆրանսայի Մէջ» գիտաժողովին՝ «Բանբեր Ամսագրի Նպաստը Սփիւռքահայ Մամուլի Զարգացման» խորագրով (Փարիզ, 2019)