Արեան Շրջանառութիւն
Արեան շրջանառութեան համակարգ, արեան շրջանառութիւնը օրկանիզմով։ Արիւնը կը շարժի սիրտէն արիւնատար անօթներ եւ հակառակը։ Արիւնը կը մատակարարէ հիւսուածքները թթուածինով եւ սննդարար նիւթերով։ Արեան հարստացումը թթուածինով տեղի կ'ունենայ թոքերուն մէջ։ Արեան շրջանառութիւնը սովորաբար կազմուած կ'ըլլայ սիրտէ եւ անկէ դուրս եկող արիւնատար անօթներէ։
Արեան շրջանառութիւնը արեան շարժումն է սիրտ-անօթային համակարգին մէջ, որով կ'ապահովուին օրկանիզմի եւ արտաքին միջավայրի միջեւ կատարուող կազի փոխանակութիւնը, նիւթի փոխանակութիւնը, տարբեր պաշտօններու հիւթային կարգաւորումն ու ջերմութեան կանոնաւորումը։ Արեան շրջանառութիւնը առաջին անգամ նկարագրած է անգլիացի բժիշկ-կազմախօս Վ․ Հարվէյը (1628)։ Անողնաշար կենդանիներու մեծ մասի արեան շրջանառութիւնը բաց է։ Որոշ անողնաշարներ, բոլոր ողնաշարները եւ մարդիկը ունին արեան շրջանառութեան փակ համակարգ, որ նայած շնչառութեան տիպին, կը կատարուի մէկ կամ երկու շրջանով։ Խռիկային շնչառութիւն ունեցողներու (բոլորաբերաններ, ձուկերուն մեծ մասը) արեան շրջանառութիւնը մէկ է, սիրտը երկխոռոչանի է (նախասիրտ եւ փորոք), արիւնը կը հոսի դէպի խռիկները, կ'ենթարկուի կազի փոխանակութեան եւ կը վերադառնայ հիւսուածքներ։ Թոքային շնչառութիւն ունեցող կենդանիները (կրկնաշունչ ձուկեր, ցամաքային բոլոր ողնաշարները, մարդ) ունին երկու՝ մեծ կամ իրանային, փոքր կամ թոքային արեան շրջանառութիւն։ Սիրտը կրնայ ըլլալ եռախորշ (երկկենցաղներ, որոշ սողուններ) կամ քառախորշ (թռչուններ, կաթնասուններ, մարդ)։ Քառախորշ սիրտին մէջ զարկերակային եւ երակային արիւնը լրիւ առանձնացած են, ուսաի հիւսուածքներն ու մարմինի անդամները կը ստանան միայն զարկերակային արիւն, իսկ եռախորշ սիրտի պարագային՝ խառն, երակ-զարկերակային արիւն։
Արեան անընդհատ շարժումը անօթներու փակ համակարգով կը կոչուի արեան շրջանառութիւն։ Արեան շրջանառութեան համակարգը կազմուած է սիրտէ եւ արիւնատար անօթներէ։ Այդ համակարգի հիմնական դերը օրկանիզմին ու հիւսուածքներուն արեան մատակարարումը եւ արեան պաշտօնին իրականացումն է։
Սիրտը արեան շրջանառութեան կեդրոնական օրկան է, որ արիւնը կը մղէ անօթներ, կ'ապահովէ անոր շարժումը եւ վերադարձը դէպի սիրտ։ Սիրտի աշխատանքի դադարէն մարդը կը մահանայ, որովհետեւ կ'ընդհատուի օրկաններուն եւ հիւսուածքներուն թթուածինի, սննդանիւթերու մատակարարումը եւ նիւթափոխանակութեան արգասիքների հեռացումը։
Արիւնատար Անօթներու Կառուցուածքը Եւ Պաշտօնները
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արիւնատար անօթներուն պատերը, բացառութեամբ մազանօթներուն, եռաշերտ են։ Ներքին շերտը կազմուած է հարթ էփիթելային բջիջներէ, միջինը՝ առաձիգ թելերէ եւ հարթ մկանահիւսուածքէ, որոնց կծկման շնորհիւ կը փոխուի արիւնատար անօթի լուսանցքը։ Արտաքին շերտը կազմուած է փուխր շարակցական հիւսուածքէ։ Այդ շերտէն կ'անցնին անօթներու լուսանցքը կարգաւորող նեարդերը։
Ըստ կառուցուածքին եւ կատարած պաշտօնին անօթները կը բաժնուին զարկերակներու, երակներու եւ մազանօթներու։
Զարկերակները այն անօթներն են, որոնցմով արիւնը կը հոսի սիրտէն։ Անոնք ունին ամուր, համեմատաբար հաստ պատեր, որոնք կը պարունակեն մեծ քանակով հարթ մկանաբջիջներ եւ առաձիգ տարրեր, որոնց շնորհիւ կը լայննան եւ կը դիմանան բարձր ճնշումի։ Զարկերակներէն կը հոսի թթուածինով հարուստ արիւն։ Բացառութիւն կը կազմեն թոքային զարկերակները, որոնցմէ կը հոսի երակային արիւն։
Երակները արիւնը կը տանին դէպի սիրտ։ Անոնց պատերը նոյնպէս եռաշերտ են, սակայն առաձիգ եւ աւելի քիչ մկանային տարրեր կը պարունակեն, որուն հետեւանքով նուազ ճկուն են եւ հեշտութեամբ կը սեղմուին։ Ի տարբերութիւն զարկերակներու, երակներու պատերուն վրայ կան գրպանիկներ յիշեցնող փականներ։ Այդ փականները կը բացուին դէպի սիրտ եւ կը կանխեն արեան հետհոսքը։
Մազանօթները նուրբ եւ բազմաքանակ անօթներ են։ Անոնց պատերը կազմուած են շարակցահիւսուածքային թիթեղէ եւ հարթ էնդոթելային բջիջներու մէկ շերտէ։ Մազանօթներու պատը ունի մեծ թափանցելիութիւն։ Արեան փլազմային մէջ լուծուած նիւթերը եւ թթուածինը մազանօթներու պատէն կ'անցնին հիւսուածքային հեղուկի, իսկ այնտեղէն՝ բջիջներու մէջ։ Բջիջներու կենսագործունէութեան արգասիքները հիւսուածքային հեղուկէն՝ մազանօթներու պատին միջոցով կը ներծծուին արեան մէջ։ Մազանօթներ կան գրեթէ բոլոր օրկաններուն մէջ, բացառութիւն կը կազմեն վերնամաշկը, եղունգները, աչքի եղջերաթաղանթը, ոսպնեակը, ատամի էմալը։ Մազանօթներու ընդհանուր քանակը մօտաւորապէս 40 միլիառ է, իսկ երկարութիւնը՝ շուրջ 100000 քմ։ Հանգիստ վիճակի մէջ կը գործէ մազանօթներու 20-30%-ը, իսկ ֆիզիքական լարուած աշխատանքի ժամանակ՝ մօտաւորապէս 60%-ը։
Արեան Շրջանառութեան Մեծ Շրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Օրկանիզմին մէջ արիւնը կը շարժի անօթներու երկու փակ համակարգով՝ մեծ եւ փոքր շրջաններով։
Արեան ուղին, որ կը սկսի է ձախ փորոքէն՝ աորթայէն եւ կ'աւարտի աջ նախասիրտի վերի եւ վարի սիներակներուն մէջ, կը կոչուի արեան շրջանառութեան մեծ շրջան։ Ձախ փորոքի կծկման հետեւանքով թթուածինով հարուստ արիւնը կը մղուի աորթա, որ մեծագոյն անօթն է։ Աորթայէն կը ճիւղաւորուին զարկերակներ, որոնք արիւն կը մատակարարեն բոլոր օրկաններն ու հիւսուածքները։ Օրկաններուն մէջ զարկերակները կը ճիւղաւորուին փոքր տրամաչափի զարկերակներու, ապա զարկերակիկներու եւ մազանօթների։ Մազանօթներէն մարմինի բոլոր բջիջները կ'անցնին սննդանիւթեր, թթուածին, իսկ բջիջներէն մազանօթներ՝ ածխաթթու կազ եւ նիւթի փոխանակութեան այլ արգասիքներ։ Մազանօթներուն մէջ արիւնը զարկերակայինէն կը փոխարկուի երակային արեան։ Երակային մազանօթները միանալով կը կազմեն երակիկներ, ապա երակներ, որոնք միանալով կ'առաջացնեն խոշոր երակներ՝ վերի եւ վարի սիներակներ։ Իրմէ, ստորին վերջոյթներէ, որովայնի խոռոչի օրկաններէն երակային արիւնը ստորին սիներակէն, իսկ գլուխէն, պարանոցէն, վերի վերջոյթներիէն՝ վերի սիներակէն կը թափի աջ նախասիրտ։ Արեան շրջապտոյտը արեան մեծ շրջանէն կը տեւէ 22-23 վրկ։ Երակային արիւնը աջ նախասիրտէն կը լեցուի աջ փորոք, հոնկէ կ'ուղղուի արեան շրջանառութեան փոքր շրջան։
Արեան Շրջանառութեան Փոքր Շրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արեան ուղին, որ կը սկսի աջ փորոքէն՝ թոքային ցողունէն եւ կ'աւարտի ձախ նախասիրտին՝ չորս թոքային երակներուն մէջ, կը կոչուի արեան շրջանառութեան փոքր շրջան։ Աջ փորոքը կծկուելով արիւնը կը մղէ թոքային ցողուն, որ կը բաժնուի երկու թոքային զարկերակներու։ Թոքերուն մէջ զարկերակները կը բաժնուին փոքր զարկերակներու, ապա զարկերակիկներու եւ կը վերածուի մազանօթներու, որոնք կը ցանցապատեն թոքաբշտիկները։ Թոքաբշտիկները եւ զանոնք շրջապատող մազանօթներուն միջեւ տեղի կ'ունենայ կազի փոխանակութիւն։ Թոքաբշտիկներուն մէջ գտնուող թթուածինը անկայուն միացութիւն մէջ կը մտնէ հեմոկլոպինի հետ, եւ երակային արիւնը կը փոխարկուի զարկերակայինի։ Այնուհետեւ արիւնը կը հաւաքուի երակներու մէջ, որոնք միանալով կ'առաջացնեն թոքային չորս երակներ։ Իւրաքանչիւր թոքէն երկուքական երակներով զարկերակային արիւնը կը հոսի ձախ նախասիրտ։ Անիկա բացառութիւն է, քանի որ երակներէն կը հոսի միայն երակային արիւն։
Սիրտի Կառոյցը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սիրտը կը գտնուի կրծքաւանդակին մէջ։ Անիկա կոնաձեւ, սնամէջ մկանային օրկան է, որուն մեծ մասը կը գտնուի կրծքաւանդակի ձախ մասին մէջ։ Սիրտին մեծութիւնը մօտաւորապէս տուեալ անձին բռունցքին չափ է։ Չափահաս մարդուն սիրտին միջին զանգուածը 250-300 կրամ է։ Սիրտը կը գտնուի շարակցահիւսուածքային թաղանթի՝ սրտապարկի մէջ։ Անիկա կը պարունակէ քիչ քանակով հեղուկ, որ խոնաւ կը դարձնէ է սիրտի մակերեսը եւ կծկման ժամանակ կը փոքրացնէ շփումը։
Մարդու սիրտը քառախորշ է։ Անիկա միջնապատով բաժնուած է իրար հետ չհաղորդակցող աջ եւ ձախ կէսերու։ Իւրաքանչիւր կէս իր հերթին կազմուած է իրար հետ հաղորդակցող 2 խոռոչներէ՝ նախասիրտէ եւ փորոքէ։ Փորոքներու մկանային պատը նախասիրտերու համեմատութեամբ զգալիօրէն հաստ է, յատկապէս ձախ փորոքի մկանապատը, քանի որ ան մեծ աշխատանք կը կատարէ։ Նախասիրտերու եւ փորոքներու միջեւ կան անցքներ, որոնց եզրերուն կը գտնուին փեղկաւոր փականներ։ Անոնք ջլային թելերով ամրացած են փորոքներու պատերուն պտկաձեւ մկաններուն։ Սիրտի աջ նախասիրտին եւ աջ փորոքին բացութեան սահմաններուն մէջ կը գտնուին եռափեղկ փականներ (կազմուած երեք փեղկերէ), իսկ ձախ նախասիրտի ու ձախ փորոքի բացութեան սահմաններուն մէջ՝ երկփեղկ փականները։ Սիրտէն դուրս եկող թոքային զարկերակի եւ աորթայի ներսը կան կիսալուսնաձեւ փականներ։ Իւրաքանչիւր կիսալուսնաձեւ փական կազմուած է երեք թերթերից, որոնք գրպանիկներու տեսք ունին։ Գրպանիկներու ազատ եզրերը ուղղուած են դէպի անօթներու լուսանցք։ Եռափեղկ եւ երկփեղկ փականները կը խոչընդոտեն արեան հետադարձ շարժումը փորոքներէն նախասիրտեր։ Կիսալուսնաձեւ փականները կ'արգելակեն արեան հետադարձ շարժումը թոքային զարկերակէն եւ աորթայէն դէպի սիրտ։ Աորթայի կիսալուսնաձեւ փականներէն վեր դուրս կու գան սիրտը սնուցող պսակաձեւ 2 զարկերակներ։
Սիրտի Գործունէութեան Ուսումնասիրման Մեթոտներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սրտամկանի դրդումն ու կծկումն կ'ուղեկցուին ձայնային, մեքանիք եւ ելեկտրական երեւոյթներով, որոնց արձանագրութիւնը կը կիրառուի տարրալուծարաններուն մէջ։ Անիկա ախտորոշիչ նշանակութիւն ունի եւ կարելիութիւն կու տայ սիրտի գործունէութեան խանգարումներու առանձնայատկութիւնները։
Սիրտը կծկուելու ժամանակ իր դիրքը որոշակիօրէն կը փոխէ կրծքաւանդակը։ Անիկա կը դառնայ ամուր, կարծր եւ որոշ չափով կը դառնայ իր առանցքին շուրջ՝ ձախէն աջ ու կը հարուածէ կրծքաւանդակը։ Հինգերորդ միջկողային տարածութեան մէջ միջին գիծէն 1 սմ ձախ անիկա կը շոշափոխուի եւ կը կոչուի սրտային հրոց։ Անոր արձանագրութիւնը կը կոչուի գագաթասրտագրութիւն։
Սիրտի կծկման իւրաքանչիւր փուլ կ'ուղեկցի նաեւ հնչիւններով։ Անոնց առաջացումը կապուած է փեղկաւոր փականներու միաժամանակեայ փակման, անոնց ամրացած ջլային թելերու թրթռոցներու, կիսալուսնաձեւ փականներու փակման եւ աորթայի ու թոքային զարկերակի պատերու տատանումներու հետ։ Փականներու ախտահարումներու՝ սիրտի արատներու պարագային կ'առաջանան աղմուկներ, որոնք կարելի է արձանագրել յատուկ ձայնասրտագրիչներու միջոցով՝ ֆոնոքարտիոկրաֆիա։
Սիրտի գործունէութեան հետեւանքով կ'առաջանան թոյլ կենսաելեկտրական ազդակներ։ Քանի որ մարմինը օժտուած է բարձր ելեկտրահաղորդելիութեամբ, եւ սիրտը կրծքաւանդակին մէջ անհամաչափ կը բաշխուի մարմինի մակերեսին։ Անիկա կարելիութիւն կու տայ ձեռքերու եւ ոտքերու մաշկէ եւ կրծքաւանդակի մակերեսէ արտածել այդ ազդակները։ Արձանագրութիւնը կը կատարուի յատուկ սարքով, որ կը կոչուի ելեկտրասրտագրիչ, իսկ ստացուած պատասխանը՝ ելեկտրասրտագիր։ Անիկա կ'արտացոլայ սրտամկանի վիճակը եւ անոր գործունէութեան կարեւոր ցուցանիշ է։ Ախտաբանական վիճակներու պարագային փոփոխութիւններ կ'արձանագրուին ելեկտրասրտագիրին մէջ, որոնցմով կարելի է դատել սիրտի ինքնավարութեան, հաղորդելիութեան, դրդունակութեան եւ սրտամկանի արեան շրջանառութեան անբաւարարութեան մասին։
Սրտային Բոլորաշրջան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սիրտին պաշտօնը զարկերակներուն մէջ պարբերաբար արիւն մղելն է, որ կ'իրականանայ նախասրտերուն եւ փորոքներուն կծկումներուն եւ թուլացումներուն շնորհիւ։ Սրտային բոլորաշրջանը բաղկացած է իրարու յաջորդող երեք փուլերէ՝ նախասրտերու կծկում, փորոքներու կծկում եւ ընդհանուր դադար։ Սրտային բոլորաշրջանի տեւողութիւնը կախեալ է սրտի կծկումներու յաճախութենէն։ Առողջ մարդու սիրտը յարաբերական հանգիստ վիճակի մէջ մէկ վայրկեանի մէջ 75 անգամ կծկուելով սրտային բոլորաշրջանը կը տեւէ 0,8 երկվայրկեան, որմէ 0,4 երկվայրկեանը կը կազմէ սիրտի ընդհանուր դադարը։
Սրտային բոլորաշրջանը կը սկսի նախասրտերու կծկումով (սիսթոլա), որ կը տեւէ 0,1 երկվայրկեան։ Այդ ընթացքին փորոքները թուլցած են (տիասթոլա), փեղկաւոր փականները բաց, կիսալուսնաձեւ փականները փակ են։ Նախասրտերու կծկման հետեւանքով արիւնը կը լեցուի փորոքներ։ Այնուհետեւ նախասրտերը կը թուլնան, եւ կը սկսի փորոքներու կծկումը, որ կը տեւէ 0,3 երկվայրկեան։ Փորոքներու կծկման սկիզբը փեղկաւոր փականները բաց են, կիսալուսնաձեւ փականները՝ փակ։ Երբ փորոքներու բոլոր մկանաթելերը կը կծկուին, ճնշումը անոնց խոռոչին մէջ աստիճանաբար կը բարձրանայ, եւ փեղկաւոր փականները կը փակուին։ Արեան ճնշումը փորոքներու խոռոչին մէջ կը գերազանցէ նախասրտերու ճնշումին, արիւնը կը ձգտի վերադառնալ նախասիրտ, սակայն փականներու ջլային թելերու պրկումը թոյլ չի տար փակուած փեղկերուն շրջուելու։ Երբ փորոքներու խոռոչին մէջ արյան ճնշումը կը գերազանցէ աորթայի եւ թոքային զարկերակի ճնշումին, կիսալուսնաձեւ փականները կը բացուին, եւ արիւնը ուժգնօրէն կը մղուի զարկերակների մեջ։ Փորոքներու կծկումը կը փոխարինուի անոնց թուլացումով, որ կը տեւէ 0,5 երկվայրկեան։ Կիսալուսնաձեւ փականները փակուելէ ետք փորոքներուն ճնշումը կը սկսի նուազիլ, երբ անիկա կը մօտենայ 0-ի, կը բացուին փեղկաւոր փականները, եւ կը սկսի արիւնալցման փուլը։
Փորոքներու իւրաքանչիւր կծկումի ընթացքին զարկերակներու մէջ կ'արտամղուի 65-70 լիթր արիւն, որ կը կոչուի սիսթոլական ծաւալ։ Յարաբերական հանգիստ վիճակի մէջ չափահաս մարդու սիրտը 1 վայրկեանի մէջ կը կծկուի 70-75 անգամ, ուստի արեան վայրկեանական ծաւալը պիտի կազմէ 4,5-5 լիթր։
Սիսթոլային եւ վայրկեանական ծաւալները հաստատուն մեծութիւններ չեն, անոնք կը փոխուին, կախուած օրկանիզմի գտնուելու պայմաններէն եւ կատարած աշխատանքէն։ Ֆիզիքական ծանրաբեռնուածութեան պարագային չմարզուած մարդու սիրտը մէկ վայրկեանի մէջ կ'արտամղէ 15-20 լիթր, իսկ մարզուածինը՝ 30-40 լիթր արիւն։ Չմարզուածներուն վայրկեանական ծաւալի մեծացումը կը կատարուի սիրտի յաճախութեան, իսկ մարզուածներունը՝ սիսթոլային ծաւալի մեծացման հաշիւին։
Սիրտի բարձր աշխատունակութեան առանձնայատկութիւններէն է նաեւ անոր արեան մատակարարումը։ Միայն հանգիստ վիճակը մէջ 1 վայրկեանի մէջ ան կը ստանայ 250-300 սմ3 արիւն, իսկ ֆիզիքական գերծանրաբեռնուածութեան ժամանակ՝ մինչեւ 2000 սմ3։
Սիրտի կծկումներու յաճախության արագացման պարագային կը կրճատի սիրտի ընդհանուր դադարի տեւողութիւնը։ Անկէ կու գանք այն եզրակացութեան, որ չմարզուած մարդկոց սիրտը աւելի քիչ արդիւնաւէտ աշխատանք կը կատարէ եւ շուտ կը հիւծուի։ Այդ է պատճառը, որ մարզիկներու մօտ սիրտ-անօթային հիւանդութիւնները աւելի սակաւ կը յառաջանան։
Սիրտի Ինքնավարութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Կենդանի օրկանիզմէն մեկուսացած սիրտը ֆիզիոլոգիական լուծոյթով սնելով երկար ժամանակ կը պահպանէ կծկուելու ունակութիւնը։
Ինքնավարութիւնը սիրտի պարբերաբար կծկուելու ունակութիւնն է իր մէջ ծագող ազդակներու ազդեցութեամբ։ Ինքնավարութիւնը պայմանաւորուած է սիրտի մկանաթելերու առանձնայատկութիւններով։ Սիրտին մէջ կան երկու տեսակ մկանային բջիջներ, որոնք իրարմէ կը տարբերին ինչպէս կառուցուածքով, այնպէս էլ ֆիզոլոգիական յատկութիւններով։ Մկանային բջիջներու խումբ մը օժտուած է դրդունակութեամբ եւ կծկողունակութեամբ, այլ խումբ մը չի կծկուիր, օժտուած է ինքնածին դրդունակութեամբ եւ դրդումը հաղորդելու յատկութեամբ։ Այս մկանային բջիջները տեղադրուած են սիրտի որոշ բաժիններու մէջ։ Անոնց այդ կուտակները կը կոչուին հանգոյցներ, որոնք նեարդային բջիջներու հետ կը կազմեն սիրտի հաղորդող համակարգը։ Առաւելագոյն ինքնավարութեամբ օժտուած հանգոյցը կը գտնուի աջ նախասրտին մէջ, վերին սիներակի մուտքին մօտ։ Այստեղ առաջացած ազդակները կ'որոշեն սիրտի կծկումներու ռիթմը եւ կը հաղորդեն համակարգի միւս հանգոյցներուն, որոնց ինքնավարութիւնը աստիճանաբար կը նուազի։
Սիրտ-անօթային Համակարգի Գործունէութեան Կարգաւորումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արեան շրջանառութեան կարգաւորումը տեղի կ'ունենայ նեարդային (ռեֆլեքթոր) եւ հումորալ (արիւն, աւիշ) ճանապարհով։ Կեդրոնէն եկող թափառող եւ սիմպաթիկ նեարդերը, լայնցնելով կամ նեղցնելով անօթները, կը փոխեն սիրտի կծկումներու ռիթմը եւ ուժը, ինչպէս նաեւ անօթներու լուսանցքը, հետեւաբար՝ մղուած արեան քանակն ու ճնշումը։ Նման ազդեցութիւն կը գործեն նաեւ օրկանիզմին մէջ առաջացող քիմիական որոշ նիւթեր՝ ատրենալինը, վազոփրեսինը, ասետիլխոլինը, հիսթամինը։
Սիրտի Գործունէութեան Կարգաւորումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սիրտի Գործունէութեան Նեարդային Կարգաւորում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սիրտի գործունէութեան փոփոխութիւնը կախեալ է օրկաններու համակարգերու գործառական վիճակէն եւ այն պայմաններէն, որուն մէջ կը գտնուի օրկանիզմը։ Սնունդի ընդունումը, արտաքին միջավայրի պայմաններու փոփոխութիւնը, ֆիզիքական ծանրաբեռնուածութիւնը եւ յուզական վիճակները կ'առաջացնեն սիրտի գործունէութեան փոփոխութիւններ։
Օրկանիզմի փոխուող պահանջներուն սիրտի գործունէութեան յարմարումը տեղի կ'ունենայ նեարդային եւ հումորալ համակարգերով։ Սիրտի գործունէութիւնը կարգաւորող նեարդային կեդրոնները տեղադրուած են երկարաւուն ուղեղի եւ ողնուղեղին մէջ։ Սիրտի կծկումներու յաճախութիւնը դանդաղեցնող եւ ուժը թուլցնող ազդակները երկարաւուն ուղեղէն կը հաղորդուին պարասիմպաթիկ թափառող նեարդէն։ Այդ նեարդերու ազդեցութիւնը պայմանաւորուած է անոնց վերջաւորութիւններուն մէջ արտազատուող միջնորդանիւթերով (ասետիլխոլին, նորադրենալին)։
Սիրտի գործունէութեան կարգաւորումը կ'իրականանայ նաեւ ռեֆլէքսային ճանապարհով։ Սիրտի խոռոչներու եւ մեծ անօթներու պատերուն մէջ կը գտնուին ընկալուչներ, որոնք կ'ընդունին արեան ճնշման տատանումները։ Երբ արեան ճնշումը այդ անօթներուն մէջ կը բարձրանան թափառող նեարդի կեդրոնի լարուածութիւնը, եւ դէպի սիրտ կու գան արգելակող ազդակներ։ Պաղ ջուրի մէջ լողալէն կ'առաջանայ սիրտի աշխատանքի ռեֆլէքսային դանդաղում։ Մաշկի սառնազգաց ընկալուչներէն կեդրոնաձիգ նեարդներէն գրգիռը կը հաղորդուի երկարաւուն ուղեղ, ուրկէ սիրտին կը հաղորդուին արգելակող ազդակներ, եւ սիրտի կծկումները կը դանդաղին։ Աջ նախասիրտ մտնող արեան քանակութեան նուազումին պարագային սիմպաթիկ նեարդներէն արեան անօթները կը սեղմուին, եւ սիրտի աշխատանքը կը զօրանայ։ Սիրտի գործունէութեան վրայ կ'ազդեն նաեւ ցաւային գրգիռները, յոյզերը եւ այլն։ Դրական յոյզերը կը բարձրացնեն, իսկ բացասական յոյզերը կ'իջեցնեն սիրտի աշխատունակութիւնը։ Սիրտի գործունէութեան կարգաւորման բարձրագոյն կեդրոնները կը գտնուին ենթատեսաթումբին եւ մեծ կիսագունդերու կեղեւին մէջ։
Սիրտի Գործունէութեան Հումորալ Կարգաւորում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սիրտի գործունէութեան հումորալ կարգաւորումը կ'իրականացնեն արեան մէջ շրջանառող կենսաբանական աշխուժ նիւթերը։ Սիրտի աշխատանքը կ'արագացնեն մակերիկամներու միջուկային շերտէն ներզատուող ատրենալին հորմոնը եւ փլազմային մէջ գտնուող քալսիումի իոնները։ Անոր համար ալ տարրալուծարաններուն մէջ սիրտի աշխատանքի դադարի ժամանակ անմիջապէս սիրտին մէջ կը ներարկեն ատրենալին։ Սիրտի գործունէութիւնը կը դանդաղեցնեն ասետիլխոլինը, կալիումի իոնները եւ թթուածինի անբաւարարութիւնը։
Նեարդային եւ հումորալ կարգաւորումները կ'ապահովեն սիրտի գործունէութեան յարմարումը օրկանիզմի պահանջներուն եւ շրջապատող միջավայրի փոխուող պայմաններուն։
Արեան Շրջանառութեան Խանգարումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արեան շրջանառութեան խանգարումները կ'առաջանան սիրտ-անօթային համակարգի եւ անոր նեարդային կարգաւորման ախտահարումներու հետեւանքով։ Արեան շրջանառութեան խանգարումները կ'ըլլան տեղական եւ ընդհանուր։ Առաջինին պարագային կը խախտուի օրկանիզմի որեւէ մասի կամ օրկանի (օրինակ, վերջոյթներու, սրտամկանի, գլխուղեղի) արիւնամատակարարումը, որուն պատճառներն են՝ աթերոսքլերոզը, արիւնատար անօթներու բորբոքումներն ու խցանումը։ Տեղական խանգարումներու ժամանակ կրնան առաջանալ սրտամկանի կամ այլ օրկանի կաթուած, ափոփլեքսիա եւ այլն։ Արեան շրջանառութեան ընդհանուր խանգարումներու պարագային կը խախտուի ամբողջ օրկանիզմի արիւնամատակարարումը, որ կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ սիրտի (սրտային անբաւարարութիւն) եւ անօթներու (անօթային անբաւարարութիւն) գործունէութեան խանգարումով։
Սրտային անբաւարարության պատճառներն են. սիրտի (փականներու արատներ, սրտամկանի ախտահարում), երիկամներու, թոքերու, ինչպէս նաեւ հիպերտոնիկ հիւանդութիւնները։ Սրտային անբաւարարութիւնը կ'արտայայտուի հեւոցով, սրտախփոցով, հազով, այտուցներով, կապտուկով եւ ջրգողութեամբ։ Անօթային անբաւարարութիւնը կը զարգանայ սուր վարակիչ հիւանդութիւններու, արեան մեծ կորուստներու եւ վնասուածքներու ժամանակ ու հետեւանք է արեան շրջանառութիւնը կարգաւորող նեարդային համակարգի գործունէության խանգարման։ Անօթային անբաւարարութենէն կը լայննան արիւնատար անօթները, կը նուազի արեան ճնշումը եւ հոսքի արագութիւնը խիստ կը դանդաղի (շոք, քոլապս)։
Արեան Ճնշում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արիւնը շրջանառութիւն կատարելու ժամանակ որոշակի ճնշում կը գործադրէ անօթներու պատերուն վրայ։ Անիկա պայմանաւորուած է սիրտի կծկման ուժով, անօթային համակարգ մղուող արեան քանակով, արիւնատար անօթներու պատերու դիմադրութեամբ եւ արյան մածուցիկութեամբ։ Որքան անօթը մօտ է սրտին, այնքան ճնշումը անոր մէջ մեծ է։ Սիրտի փորոքներու կծկման ժամանակ առաջացող անօթային ճնշումը կը կոչուի զարկերակային առաւելագոյն ճնշում,իսկ թուլացման ժամանակ՝ զարկերակային նուազագոյն ճնշում։ Բնականոն պայմաններու մէջ չափահաս մարդու զարկերակային առաւելագոյն ճնշումը կը կազմէ 110-120 մմ ս.ս.,իսկ նուազագոյնը՝ 70-80 մմ ս.ս.։
Բարձրագոյն ճնշումն աորթային մէջ է։ Երբ արիւնը կը շարժի անօթային համակարգէն, ճնշումը աստիճանաբար կը նուազի եւ փոքրագոյն մեծութեան կը հասնի վերի ու ստորին երակներուն մէջ։ Անիկա կը բացատրուի անով, որ սիրտի զարգացրած ուժը կը ծախսուի արեան հոսքի դիմադրութիւնը յաղթահարելու համար։
Արիւնատար համակարգի տարբեր մասերուն մէջ եղած ճնշումներու տարբերութիւնը կ'ապահովէ արեան անընդհատ հոսքը անօթներէն՝ բարձր ճնշումէն դէպի ցած ճնշումը։
Բնականոն պայմաններու մէջ շրջանառու արեան քանակն ու ճնշումը աննշան կը փոխուին։ Սակայն արիւնահոսութիւններու ժամանակ, երբ կը նուազի շրջանառու արեան ծաւալը, կը պակսի սիրտ ներհոսող եւ արտամղուող արեան քանակը, զարկերակային ճնշումը կը նուազի։ Օրկանիզմը կը հակազդէ արեան ճնշման նուազեցումին։ Ռեֆլէքսային ճանապարհէն կը սեղմուին անօթները, կը շատնայ անօթասեղմիչ նիւթերու (ատրենալին) արտազատումը, պահուստային օրկաններուն մէջ (փայծաղ,լեարդ) կուտակուած արիւնը կ'անցնի արիւնատար հուն։
Արեան Ճնշման Ինքնակարգաւորում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առողջ մարդոց արեան ճնշումը կը պահպանուի համեմատաբար հաստատուն մակարդակի վրայ։ Սակայն ֆիզիքական ծանրաբեռնուածութեան, լարուած իրավիճակներու եւ ուժեղ յուզմունքներու պարագային արեան ճնշումը կը բարձրանայ։ Արեան ճնշման վերականգնումը ելակետային մակարդակի կ'իրականանայ ինքնակարգաւորման մեքանիզմով։ Մեծ զարկերակներու պատերուն մէջ գտնուող ճնշաընկալիչներէն ազդակները կը հաղորդուին երկարաւուն ուղեղ՝ սիրտի եւ անօթներու լուսանցքը կարգաւորող նեարդային կեդրոններ։ Դէպի սիրտ եկող նեարդային ազդակները կը դանդաղեցնեն կծկումներու յաճախութիւնը, իսկ դէպի անօթներ հաղորդող ազդակները կը լայնցնեն վերջինները, եւ ճնշումը կը նուազի։ Արեան ճնշման անկման պարագային ինքնակարգաւորող մեքանիզմները կը զօրացնեն սիրտի աշխատանքը եւ կը սեղմեն անօթները։
Արեան ճնշման կարգաւորման մեքանիզմներու խանգարումներու հետեւանքով կ'առաջանան արեան ճնշման տատանումներ։ Արեան ճնշման բարձրացումը կը կոչուի հիփերտոնիա, իսկ նուազումը՝ հիփոտոնիա։
Սովորաբար արեան ճնշումը կ'որոշուի յատուկ սարքի միջոցով, որ կը կոչուի ճնշաչափ (տոնոմեթր)։
Արեան Ճնշման Չափումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Զարկերակային արեան ճնշումը կը չափուի ճնշաչափի օգնութեամբ։ Աւելի յարմար է չափել բազուկի զարկերակի արեան ճնշումը։ Բազուկին կը կապուի ռետինէ թեւքածալ, որ միացած է ռետինէ տանձակին եւ ճնշաչափին։ Թեւքածալի մէջ ռետինէ տանձիկով օդ կը ներմղուի մինչեւ զարկերակային անօթը սեղմուի եւ արեան հոսքը դադար առնէ։ Ապա պտուտակի միջոցով օդը թեւքածալէն աստիճանաբար դուրս կը մղուի, որուն հետեւանքով ճնշումը կը նուազի, սեղմուած անոօթի լուսանցքը կը բացուի, արիւնը կը սկսի հոսիլ եւ կ'առաջանայ ձայն։ Այդ պահը կը համապատասխանէ առաւելագոյն ճնշման։ Աստիճանաբար ձայները կը զօրանան, ապա կը թուլնան եւ անօթի լուսանցքի լրիւ բացուելուն զուգընթաց կ'անհետանայ։ Ձայնի անհետացման պահը կը համապատասխանէ նուազագոյն ճնշման։
Անօթազարկ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մարմինի այն մասերուն մէջ, ուր մեծ զարկերակները կը գտնուին մակերեսի մօտ, օրինակ քունքի, դաստակի, պարանոցի վրայ, կարելի է շօշափել անօթներու պատերուն պարբերական տատանումներ։ Անիկա զարկերակային անօթազարկն է։ Անոր ալիքի տարածման արագութիւնը 6-10 մ/երկվայրկեան է։ Տարիքի յառաջացման զուգընթաց, անօթներու պատերու առաձգականութեան անկման հետեւանքով, անօթազարկի տարածումը կ'արագանայ: Հանգիստ պայմաններու մէջ չափահաս մարդու անօթազարկի յաճախականութիւնը վայրկեանի հաւասար է 60-80 հարուածի։ Եթէ սրտամկանը մարզուած եւ ուժեղ է, ապա անօթազարկի յաճախականութիւնը կրնայ ցած ըլլալ՝ 50-55 հարուած մէկ վայրկեանի մէջ։ Անիկա կը բացատրուի անով, որ մարզուած մարդու սրտամկանը իւրաքանչիւր կծկման պահին աւելի շատ արիւն կը մղէ դէպի հիւսվածքներ, քան՝ չմարզուածինը։ Ֆիզիքական աշխատանքի ժամանակ անօթազարկի յաճախականութեան չափէն աւելի աճումը կրնայ վկայել հիւանդագին վիճակի մասին։
Ձախ փորոքի իւրաքանչիւր կծկման ժամանակ ճնշումը աորթային մէջ կը բարձրանայ, եւ անոր պատերու տատանումները կը տարածուին մինչեւ փոքրագոյն զարկերակները։ Անօթազարկը կ'անհետանայ մազանօթներուն մէջ։
Զարկերային անօթազարկը անօթներու պատերուն պարբերական տատանումներն են, որոնք կ'առաջանան արյան ճնշման փոփոխութիւններու հետեւանքով, սիրտի կծկումներու ռիթմին համապատասխան։ Անօթազարկը կը համապատասխանէ սիրտի իւրաքանչիւր կծկման։ Ուստի անօթազարկէ կարելի է որոշել սիրտի կծկումներու յաճախութիւնը եւ անօթներուն վիճակը։ Այս մեթոտը լայն կիրառութիւն ունի բժշկութեան եւ առօրեայ կեանքին մէջ։
Արեան Հոսքի Արագութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արեան շարժումը անօթներէն ունի իր առանձնայատկութիւնները։ Անոնցմէ է արեան հոսքի անընդհատութիւնը։ Արիւնը սիրտէն անօթներ կը մղուի միայն փորոքներու կծկման պահին, սակայն աորթայի եւ մեծ զարկերակներու պատերուն առաձգականութեան շնորհիւ արեան հոսքը կը դառնայ անընդհատ։ Միւս առանձնայատկութիւնը արեան միակողմանի հոսքն է, որուն կը նպաստեն փակային ապարատը եւ անօթային հունի սկիզբը ու վերջը եղած ճնշումներու տարբերութիւնը։
Արիւնատար հունի տարբեր մասերէն արիւնը կը հոսի տարբեր արագութեամբ, որ կախեալ է անօթներու պատերուն ցուցաբերած դիմադրութենէն եւ անօթներու լուսանցքի գումարային մակերեսէն։ Որքան մեծ է անօթներու կտրուածքի գումարային մակերեսը, այնքան փոքր է արեան հոսքի արագութիւնը։
Արիւնատար համակարգի ամենանեղ անօթը աորթան է, ուր արեան հոսքը ամէնէն արագն է։ Անիկա հաւասար է 0,5 մ/երկվայրկեանի։ Չնայած իւրաքանչիւր զարկերակ աորթայէն նեղ է, սակայն բոլոր զարկերակներու լուսանցքներու գումարը նշանակալիօրէն մեծ է, ուստի անոնցմէ արեան հոսքը աւելի դանդաղ է։
Արիւնատար հունի ամենալայն հատուածը մազանօթներն են։ Բոլոր մազանօթներու գումարային լուսանցքը 500-600 անգամ կը գերազանցէ աորթայի լայնական կտրուածքին, ուստի արեան հոսքի արագութիւնն փոքրագոյնն է՝ 0,5 մմ/երկվայրկեան։ Երակներուն մէջ արիւնատար հունի նեղնալուն հետեւանքով արեան շարժումը կ'արագանայ մեծանում եւ կը կազմէ 20 սմ/երկվայրկեան։
Արեան Շարժման Առանձնայատկութիւնները Երակներուն Մէջ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Երակները արեան արտատար անօթներն են, որոնք հիւսուածքներէն կը հեռացնեն ածխաթթու կազը եւ նիւթի փոխանակութեան այլ արգասիքներ։ Անոնց պատերը ունին թոյլ առաձգականութիւն, փափուկ են եւ հեշտութեամբ կը սեղմուին։ Երակներով պայմանաւորուած է արեան շրջանառութեան ամբողջ համակարգի տարողունակութիւնը, սիրտ հոսող արեան քանակի մեծութիւնը եւ սիրտի վայրկեանական ծաւալը։ Երակներէն արեան շարժման կը նպաստեն թոքային եւ մզային խոռոչի բացասական ճնշումը, կմախքային մկաններու կծկումները, որոնց հետեւանքով կը սեղմուին անոնց մէջէն անցնող անօթները։ Ատոր հետեւանքով երակներուն մէջ ճնշումը կը բարձրանայ, իսկ փականները կը խոչընդոտեն արեան հետհոսքը, եւ արիւնը կ'ուղղուի դէպի սիրտ։ Քալելու ժամանակ ոտքի մկաններու կծկումները կը զօրացնեն արեան շարժումը երակներուն մէջ։ Եթէ մարդը երկար ժամանակ կը կանգնի անշարժ, ապա ոտքի երակներուն մէջ ճնշումը կը բարձրանայ, եւ կ'առաջանայ այտուցուածութիւն։ Ատոր համար անհրաժեշտ է պարբերաբար շարժողական վարժութիւններ կատարել։
Արեան Վերաբաշխում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Այն օրկանները, որոնք աւելի շատ աշխատանք կը կատարեն, կը ստանան աւելի մեծ քանակով արիւն։ Քանի որ տարբեր պայմաններու մէջ օրկաններու գործունէութիւնը կը փոխուի, ուստի տեղի կ'ունենայ արեան վերաբաշխում։ Ընդ որուն, աշխատող օրկանէ ուժգնօրէն կը մատակարարուի արեամբ՝ ի հաշիւ մարմինի միւս մասերուն մէջ արեան մատակարարման նուզացման։ Անօթները օժտուած են նեղնալու եւ լայննալու յատկութեամբ, որով կ'իրականացուի արեան վերաբաշխումը։ Արեան ընդհանուր կայուն քանակի պարագային աշխատող օրկանը աւելի լաւ կը մատակարարուի արեամբ։ Այսպէս, աշխատող մկանին մէջ արեան մատակարարումը 50 անգամ կ'աւելնայ չաշխատող մկանի համեմատութեամբ։
Անօթների լայնացումը եւ նեղացումը կը կատարուի անոնց պատերու հարթ մկաններու միջոցով, որոնք կը նեարդաւորուին անօթալայնիչ եւ անօթասեղմիչ նեարդաթելերով։
Արիւնատար Անօթներու Լարուածութեան Նեարդահումորալ Կարգաւորում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Բոլոր արիւնատար անօթները, բացառութեամբ մազանօ0թներու, կազմուած են հարթ մկաններէն։ Սիմպաթիկ նեարդերը կը հանդիսանան անօթներու լարուածութիւնը կարգաւորող նեարդային կեդրոնը կը գտնուի երկարաւուն ուղեղին մէջ։ Անօթասեղմիչ նեարդներէն եկող ազդակները կը կծկեն անօթներու հարթ մկանները, կը նեղցնեն զարկերակներուն լուսածերպը, որուն հետեւանքով կը նուազի օրկանի արեան մատակարարումը։ Անօթասեղմիչ նեարդներէն հաղորդուող ազդակներու նուազման պարագային անօթներու լարուածութիւնը կը թուլնայ, եւ անոնք կը լայննան։ Անօթասեղմիչ նեարդներէն բացի որոշ անօթներ նեարդաւորուած են նաեւ պարասիմպաթիկ նեարդներով, որոնց գրգռումը կ'առաջացնէ անօթների լայնացում եւ կը զօրացնէ արեան ներհոսքը դէպի օրկան։
Կենսաբանօրէն աշխուժ նիւթերէ ատրենալինը կը նեղցնէ անօթներուն մեծ մասը, բացառութեամբ սիրտ սնուցող պսակաձեւ անօթներուն, ուղեղի եւ կմախքային մկաններու անօթներու։ Անօթասեղմիչ յատուկ նիւթ կ'արտադրուի երիկամներուն մէջ։ Անօթներու լուսանցքը կը լայնացնէ թթուածնի անբաւարարութիւնը, ածխաթթու կազի աւելցուքը, նիւթի փոխանակութեան որոշ միջանկեալ արգասիքներ։
Առաջին Օգնութիւնը Արիւնահոսութիւններու Պարագային
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մարդու արիւնատար համակարգին մէջ արեան քանակը միջին հաշիւով 5 լ է, ընդ որուն հասուն մարդու արեան քանակը կը կազմէ մարմինի զանգուածի 7-8 %-ը, նորածինի մօտ՝ 15 %։ Արիւնահոսութեան պատճառներ կրնան ըլլալ արիւնատար անօթներու պատերու վնասումը, տարբեր հիւանդութիւններու պարագային անոնց թափանցելիութեան բարձրացումը եւ արեան մակարդման խանգարումը։ Արեան կորուստի պարագային զարկերակային ճնշումը կը նուազի, կը խանգարուի արեան շրջանառութիւնը,գլխուղեղին, սիրտին եւ միւս օրկաններուն թթուածինի ու սննդանիւթերու մատակարարումը։ Արեան ծաւալի 1/3 աւելի կորուստը վտանգաւոր է կեանքի համար, իսկ 2-2,5 լ արեան կորուստը՝ մահացու։
Արիւնահոսութիւնները կ'ըլլան երեք տեսակի՝ մազանօթային, երակային, զարկերակային։
Մազանօթային արիւնահոսութեան առանձնայատկութիւնը այն է, որ կ'արիւնահոսի վնասուած ամբողջ մակերեսը։ Քանի որ մազանօթներէն արիւնը դանդաղ կը հոսի, ոչ բարձր ճնշմամբ, ուստի անիկա կարելի է կեցնել։ Վէրքը կը մշակեն եօտի թուրմով, վրան կը դնեն մաքուր վիրակապ, որ օրկանիզմը կը պաշտպանէ մանրէներու ներթափանցումէն եւ կը նպաստէ արեան արագ մակարդման։
Երակային արիւնահոսութեան պարագային արիւնը կը հոսի հաւասարաչափ, անընդհատ, գոյնը մուգ է, որ պայմանաւորուած է ածխաթթու կազի մեծ պարունակութեամբ։ Երակներուն մէջ արեան հոսքի արագութիւնը համեմատաբար մեծ է։ Վնասուած երակէն արագ հոսելով, արիւնը կը տանի մակարդման ժամանակ առաջացած մակարդուկները։ Կարճ ժամանակի մէջ, մարդը կրնայ կորսնցնել մեծ քանակով արիւն, որ վտանգաւոր է կեանքի համար։ Երակներու վնասուածները ամէնէն յաճախ կ'առաջանան վերջոյթներուն մէջ։ Անոր համար ամէնէն առաջ անհրաժեշտ է վնասուած վերջոյթը բարձրացնել վեր, որպէսզի պակսի արեան ներհոսքը, եւ արիւնահոսութիւնը դադրի։ Երակային փոքր արիւնահոսութիւնները դադրեցնելու համար անհրաժեշտ է վերքին դնել սեղմիչ վիրակապ, որ կը սեղմէ վնասուած անօթին փափուկ պատերը, կը նպաստէ արեան մակարդուկի առաջացման եւ կ'արգիլէ արեան հոսքը։
Զարկերակային արիւնահոսութիւնները աւելի հազուադէպ են, բայց շատ վտանգաւոր են կեանքի համար։ Այդ արիւնահոսութեան բնորոշ է վէրքէն շատրուանող ալ կարմիր գույնի արեան շիթը։ Քանի որ զարկերակներու պատերը ամուր են, սեղմիչ վիրակապը հազուադէպ արիւնը կը դադրեցնէ։ Ատոր համար անհրաժեշտ է վերջոյթը առաւելագոյն չափով ծալել (ծունկի կամ արմուկի յօդին մէջ),ապա ամրացնել վիրակապով։ Մեծ զարկերակներու արիւնահոսութեան պարագային մատով սեղմել անօթը վէրքէն վեր, երբ արիւնահոսութիւնը պակսի, դնել ռետինէ խողովակ կամ քուղ։ Նախքան քուղը դնելը, նեարդները եւ մաշկը չվնասելու համար, վէրքին վրայ դնել կտոր մը գործուածք։ Քուղը դնել վնասուած մասէն վեր եւ ձգել, որպէսզի հիւսոգածքները եւ անօթներու պատերը սեղմուին։ Արիւնահոսութիւնը դադրելու ժամանակ անօթազարկը չի շօշափուիր, եւ վերջոյթը կը գունատուի։ Եթէ հիւանդը երկու ժամուան ընթացքին չտեղափոխեն հիւանդանոց, անհրաժեշտ է քուղը թուլցնել, որպէսզի հիւսուածքները չմահանան։
Քիթի արիւնահոսութիւններ։ Քիթի արիւնահոսութիւններու պատճառ կրնան ըլլալ գլխու վնասուածքը, արեան ճնշման բարձրացումը, մարմնի գերտաքացումը։ Քիթի արիւնահոսութեան պարագային արիւնը կրնայ լեցուիլ բերանի խոռոչ, որմէ կ'առաջանայ հազ, երբեմն ալ՝ փսխումներ։ Արագ, կտրուկ շարժումները, որոնք կ'առաջանան հազի, փռշտոցի ժամանակ, կը զօրացնեն արիւնահոսութիւնը։ Արիւնահոսութեան մեղմացման համար անհրաժեշտ է քիթի խոռոչ մտցնել ջրածինի պերօքսիտով կամ պաղ աղաջուրով թրջուած բամպակ, պահել 3-5 վայրկեան, գլուխը պէտք է ուղղուած ըլլայ դէպի ետեւ։ Եթէ արիւնահոսութիւնը չի դադրի, պէտք է լուր տալ բժիշկին։
Սիրտ-անօթային Համակարգի Առողջաբանութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Առողջ սիրտը օրկանիզմի բնականոն գործունէութեան կարեւոր պայմանն է։Մարզանքով, ֆիզիքական աշխատանքով պարբերաբար զբաղիլը կը զօրացնէ կոփում սրտամկանը, կը նպաստէ ձախ փորոքի մկանապատի հաստացումին։ Դեռահասներու արիւնատար անօթներու ցանցը իր զարգացման աստիճանով ետ կը մնայ սիրտէն։ Ուստի դեռահասներուն ֆիզիքական աշխատանքով ծանրաբեռնելու ժամանակ սիրտը լրացուցիչ ճիգեր կը գործադրէ անօթներու նեղ լուսանցքէն արիւն մղելու համար։ Տարիքին համապատասխան թեթեւ աշխատանէն ծանրին անցնելու ժամանակ պէտք է պահպանել աստիճանականութիւն։
Ծխելը եւ ալքոհոլի չարաշահումը կ'առաջացնեն սիրտ-անօթային համակարգի ախտահարումներ։Ծխախոտի ծուխը կը պարունակէ շուրջ 300 թունաւոր նյութեր՝ նիքոթին,ածխաթթու կազ եւ այլն։ Նիքոթինը կը սեղմէ արիւնատար անօթները, կը բարձրացնէ արեան ճնշումը, կ'արագացնէ արեան մակարդումը։ Իւրաքանչիւր ծխած գլանակէն ետք անօթները կը նեղնան շուրջ 30 վայրկեան, որուն հետեւանքով կը դժուարանայ արեան շրջանառութիւնը։Ալքոհոլը արեան մէջ կ'անցնի օգտագործելէն քանի մը վայրկեան ետք եւ կը շրջանառէ 5-7 ժամ։ Անիկա կը գրգռէ նեարդային համակարգը, կը սեղմէ սիրտի պսակաձեւ անօթները, որուն պատճառով սրտամկանը անբաւարար քանակով թթուածին եւ սննդանիւթեր կը ստանայ։ Ծխող եւ ալքոհոլ գործածող մարդիկ յաճախ կ'ունենան սիրտի եւ անօթներու ջղակծկումներ, սրտային ծանր նոպաներ։
Թերշարժունութիւնը վնասակար ազդեցութիւն ունի օրկանիզմի ընդհանուր վիճակի, ինչպէս սիրտ-անօթային համակարգի վրայ։ Երկարարտեւ թերշարժունութիւնը կը նպաստէ անօթներու լուսանցքի կարգաւորման եւ արեան վերաբաշխման խանգարման, ճարպակալման, կը նուազեցնէ օրկանիզմի դիմացկունութիւնը եւ աշխատունակութիւնը։
Սիրտ-անօթային հիւանդութիւններէն յաճախ կը հանդիպինք «կրծքային հեղձուկ»-ին, որ կը կոչեն ստենոկարդիա։ Անիկա կը դրսեւորուի ծան ցաւային ալիքներով, յատկապէս կրծքաւանդակի կամ ձախակողմեան մասին մէջ։ Որոշ պարագաներու ցաւը կը տարածուի ձախ ձեռքի ուղղութեամբ։ Ցաւային ալիքները սովորաբար կը տեւեն քանի մը վայրկեան, կ'ուղեկցի օրկանիզմի ընդհանուր թուլութեամբ եւ վախի զգացումով։ Ստենոկարդայի պատճառը սիրտը սնուցող պսակաձեւ զարկերակներու նեղացումն է, որմէ կը պակսի սիրտի որոշ մասերու մէջ արեան մատակարարումը։ Եթէ սրտամկանի տուեալ տեղամասին մէջ արեան մատակարարումը երկարատեւ կը դադրի ապա այդ տեղամասի հիւսուածքը կը մահանայ, եւ կ'առաջանայ մեռուկ (ինֆարկտ)։ Ինֆարկտը եւ սիրտի այլ ախտահարումները կը յայտնաբերուին սրտագիրի միջոցով, որ կ'արտայայտէ սրտամկանի ելեկտրական աշխուժութիւնը։
Ստենոկարդիայի ալիքներու ժամանակ անհրաժեշտ է հիւանդի հանգիստ վիճակ, որովհետեւ ֆիզիքական ծանրաբեռնուածութիւնը կրնայ խիստ վատացնել հիւանդութեան ընթացքը։ Անհրաժեշտ է նաեւ հիւանդին տալ դեղեր, որոնք կը լայնցնեն սիրտի անօթները։ Սիրտ-անօթային որոշ հիւանդութիւններու պարագային արեան ճնշումը շատ կը բարձրանայ։ Հիւանդը կ'ունենայ տաքութեան զգացում, դէմքին մաշկը կը կարմրի, կ'արագնայ սիրտին զարկերը, եւ սիրտին շրջանին մէջ կ'առաջանան ծակող բնոյթի ցաւեր, որոնք երբեմն կ'ուղեկցին սրտխառնութեամբ եւ փսխունքով։
Այդպիսի հիւանդներուն առաջին օգնութիւն ցոյց տալու համար անհրաժեշտ է զանոնք պառկեցնել անկողինին մէջ եւ տալ բժիշկի առաջարկած դեղերը։ Խորհուրդ չի տրուիր օգտագործել մեծ քանակութեամբ հեղուկներ եւ չարաշահել կենդանական ճարպի օգտագործումը։ Բացարձակապէս կ'արգելուի ծխելը եւ ալքոհոլ պարունակող խմիչքներու օգտագործումը։
Սիրտի Եւ Անօթներու Հիւանդութիւններու Կանխարգիլումը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Մարդու առողջութիւնը մեծ չափով կախեալ է օրկաններու արեան չափաւոր մատակարարումէն։ Ատոր համար շատ կարեւոր է կատարել կանոնաւոր ֆիզիքական աշխատանք։ Ֆիզիլական աշխատանքը եւ մարզանքը կը զարգացնեն ոչ միայն կմախքային մկանները, այլ նաեւ սրտամկանը։ Որքան մարզուած ըլլայ սրտամկանը, այնքան շատ արիւն կրնայ մղուիլ դէպի անօթային համակարգ միաւոր ժամանակի մէջ։ Ֆիզիքական աշխատանքին եւ կանոնաւոր մարզումներու հետ զուգընթաց կը լայննան սիրտը սնող անօթները։ Չմարզուած մարդու իսրտի աշխատանքը հանգիստի ժամանակ լիովին կը բաւարարուի օրկան-համակարգերու պահանջով։ Սակայն ֆիզիքական գերծանրաբեռնուածության պարագային սիրտի կծկումներուն ուժը կ'աւելնայ, կծկումները կը դառնան աւելի յաճախակի։ Ատիկա կը բերէ սրտամկանի յոգնածութիւն, անոր կծկումները հետզհետէ կը թոյլանան, եւ անօթային համակարգ մղուած արիւնը չի բաւարարեր օրկանների պահանջքը, որմէ կը զարգանայ սիրտի անբաւարարութիւն։ Մարզումները ցանկալի է կատարել թարմ օդի մէջ պարբերաբար, որ կարեւոր նախապայման է սրտային հիւանդութիւններու կանխարգիլման համար։
Արեան Շրջանառութեան Կարգաւորում
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արեան շրջանառութեան կարգաւորումը տեղի կ'ունենայ նեարդային (ռեֆլէքթըր) եւ հումորալ (արիւն, աւիշ) ուղիով։ Կեդրոնէն եկող թափառող եւ սիմպաթիկ նեարդերը, լայնցնելով կամ նեղցնելով անօթները, կը փոխեն սիրտի կծկումներու ռիթմը եւ ուժը, ինչպէս նաեւ անօթներու լուսանցքը, հետեւաբար՝ մղուած արեան քանակն ու ճնշումը։ Նման ազդեցութիւն կը գործեն նաեւ օրկանիզմին մէջ յառաջացող քիմիական որոշ նիւթեր՝ ատրենալինը, վազոփրեսինը, ատետիլխոլինը, հիսթամինը։ Արեան շրջանառութեան խանգարումները կ'առաջանան սիրտ-անօթային համակարգի եւ անոր նեարդային կարգաւորման ախտահարումներու հետեւանքով։ Արեան շրջանառութեան խանգարումները կ'ըլլան տեղական եւ ընդհանուր։ Առաջինին պարագային կը խախտուի օրկանիզմի որեւէ մասի կամ օրկանի (օրինակ, վերջոյթներու, սրտամկանի, գլխուղեղի) արիւնամատակարարումը, որուն պատճառներն են՝ աթերոսքլերոզը, արիւնատար անօթներու բորբոքումներն ու խցանումը։ Տեղական խանգարումներու ժամանակ կրնան առաջանալ սրտամկանի կամ այլ օրկանի կաթուած, ապոփլեքսիա եւ այլն։ Արեան շրջանառութեան ընդհանուր խանգարումներու պարագային կը խախտուի ամբողջ օրկանիզմի արիւնամատակարարումը, որ կրնայ պայմանաւորուած ըլլալ սիրտի (սրտային անբաւարարութիւն) եւ անօթներու (անօթային անբաւարարութիւն) գործունէութեան խանգարումով։ Սրտային անբաւարարութեան պատճառներն են․ սիրտի (փականներու արատներ, սրտամկանի ախտահարում), երիկամներու, թոքերու, ինչպէս նաեւ հիպերտոնիկ հիւանդութիւնները։ Սրտային անբաւարարութիւնը կ'արտայայտուի հեւոցով, սրտախփոցով, հազով, այտուցներով, կապտուկով եւ ջրգողութեամբ։ Անօթային անբաւարարութիւնը կը զարգանայ սուր վարակիչ հիւանդութիւններու, արեան մեծ կորուստներու, վնասուածքների ժամանակ եւ հետեւանք է արեան շրջանառութիւնը կարգաւորող նեարդային համակարգի գործունէութեան խանգարման։ Անօթային անբաւարարութենէն կը լայննան արիւնատար անօթները, կը նուազի արեան ճնշումը եւ հոսքի արագութիւնը շատ կը դանդաղի (շոք, քոլափս)։
Տես Նաեւ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Գրականութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Մարդու նորմալ անատոմիայի դասագիրք։ Ն. Կ. Լիսենկով, Վ. Խ. Բուշկովիչ, Մ. Գ. Պրիվես։ Լույս հրատարակչություն։ Երեւան 1974
- Մարդու ֆիզիոլոգիայի հիմունքներ։ Դասագիրք բարձրագույն ուսումնական հաստատությունների համար։ Դ. Ն. Խուդավերդյանի եւ Վ. Բ. Ֆանարջյանի խմբագրությամբ։ Երեւան, 1998։
Արտաքին յղումներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Ինչպէս թուլցնել սրտանօթային հիւանդութիւններու ազդեցութիւնը /դիետա/ Archived 2014-07-08 at the Wayback Machine.
- Կլինիկական պրակտիկայում սիրտ-անօթային համակարգի հիւանդութիւններու համալրուած կանխարգիլում Մեթոտական ձեռնարկ բժիշկներու համար, ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՅԻՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ ԱՄՍԱԿԱՆ ԶԵԿՈՒՅՑ 1-12.2006