Jump to content

Արա Քըրճըլեան

Արա Քըրճըլեան
Ծնած է 8 Յունիս 1963(1963-06-08)
Ծննդավայր Պէյրութ, Լիբանան
Մահացած է 27 Յուլիս 1983(1983-07-27) (20 տարեկանին)
Մահուան վայր Լիզպոն
Քաղաքացիութիւն  Լիբանան

Արա Քըրճըլեան (8 Յունիս 1963(1963-06-08), Պէյրութ, Լիբանան - 27 Յուլիս 1983(1983-07-27), Լիզպոն), Լիզպոնի գործողութիւնը իրականացող հինգ երիտասարդներէն մէկը:

Արա ՔըրճըլեանՆախ կը յաճախէ ազգային «Մարտիկեան» վարժարանի մանկապարտէզը, ապա՝ Ազգային «Սուրէն Խանամիրեան» Քոլէճ, որուն ընթացքը չի կրնար աւարտել՝ հօրը մահուան պատճառով:

1978 թուականին, տակաւին ութերորդ դասարանի աշակերտ, հօրը մահէն ետք, տան ապրուստը հոգալու համար, կը լքէ դպրոցը եւ կը դիմէ արհեստի եւ կը սորվի ոսկերչութիւն: Տան պատասխանատուութիւնը, սակայն, անոր մոռցնել չի տար Հայ Դատի հանդէպ ունեցած պատասխանաուութիւններն ու պարտաւորութիւնները: Այս պատճառով ալ, ան կ'ապրի ժուժկալ կեանք մը:

Ազգային իր գիտակցութեան ներշնչման աղբիւրը եւ մղիչ ուժը կ'ըլլայ իր մայրը, որ միշտ կը պատմէ հայ ժողովուրդին տառապանքներուն մասին՝ թրքական եաթաղանին տակ: Արա շատ կը սիրէր փոքրերը: Իր շուրջ կը հաւաքէր զանոնք եւ կը պատմէր անոնց՝ հայութեան կրած տառապանքներուն մասին: Անոնց մէջ նաեւ կ'արթնցնէր ազգին սէրը: Իր այս վարմունքին պատճառաւ մանուկներն ու պատանիները շատ կը սիրէին զինք եւ միշտ կը փնտռէին իր ներկայութիւնը: Արային հետաքրքրած է լողը, չմուշկը, ինչպէս նաեւ երաժշտութիւնը:

Վերջին օրերուն՝ Յունաստան մեկնելու պատրուակով, կը փորձէ հեռանալ երկրէն․ սակայն մօրը ընդդիմութիւնը մի քանի օրով կը յետաձգէ ճամբորդութիւնը: Ապա, ընկերներով բանակումի երթալու պատրուակով, կը մեկնի տունէն ու 22 Յուլիս, 1983-ին, ժամը 11:30-ին[1], Փորթուկալի մայրաքաղաք՝ Լիզպոնի մէջ կը մասնակցի Լիզպոնի անձնասպանութեան գործողութեան[2], ու կը զոհուի յանուն Հայ դատի միջազգայնացման աշխատանքին:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]
  1. «Լիզպոնի Հինգ Հերոսներու Նահատակութեան 30րդ Տարեդարձին Առիթով»։ արխիւացուած է բնօրինակէն-էն՝ 2018-08-30-ին։ արտագրուած է՝ 2016-05-27 
  2. Հ.Յ.Դ Լ.Ե.Մ. 1973-2010 գիրք