Արամ Տիգրան
Արամ Տիգրան | |
---|---|
| |
Ծնած է | 15 Յունուար 1934 |
Ծննդավայր | Գամիշլի, Սուրիա |
Մահացած է | 8 Օգոստոս 2009 |
Մահուան վայր | Աթէնք, Յունաստան |
Քաղաքացիութիւն | |
Մասնագիտութիւն | երգիչ եւ երաժիշտ |
Արամ Տիգրան, (Կաղապար:Lang-kr, իսկական անունը Արամ Մելիքեան, 15 Յունուար 1934, Գամիշլի, Սուրիա - 8 Օգոստոս, 2009 Աթէնք, Յունաստան), ժամանակակից հայազգի երգիչ եւ երաժիշտ։
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արամ Տիգրան ծնած է Սուրիոյ գտնուող Գամիշլի քաղաք։ Մասնագիտացած է ուտ նուագելու մէջ։ Քսան տարեկանին արդէն նուիրուած էր երաժշտութեան, երգած է երեք լեզուներով՝ քրտերէն, արաբերէն եւ հայերէն։
Արամ Տիգրանի հայրը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արամ Տիգրանի հայրը 1915-ին Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ կ’ազատի: Անոր բնակավայր գիւղը՝ Ամատ՝ Սասնոյ շրջանը թրքական այժմու Պաթման նահանգն է, ուրկէ իր կեանքը ազատելով կը հասնի Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող, մեծամասնութիւնը քրտաբնակ Գամիշլի քաղաքը: Հոն ամուսնացած է, եւ 1934-ին ծնած է Արամը:
Արամ Տիգրանի զանազան լեզուներով երգելու պատճառը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արամը հօրը հովանիին ներքեւ հասակ կը նետէ՝ իր մէջ վառ պահելով ազգին տառապանքն ու արհաւիրքը:
Սակայն ան միայն իր ազգին ցաւը չէ, որ կը տեսնէ, այլ բոլոր այն ժողովուրդներուն, որոնք օսմանեան ծանր լուծին տակ մնացին ու սպաննուեցան անխնայ: Հետեւաբար՝ երեւի այդ է պատճառը, որ իր յուզմունքն ու պոռթկումը արտայայտեց զանազան լեզուներով:
Արամ Տիգրանի երգացանկը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արամ Տիգրան կը համարուի լաւագոյն քիւրտ երգիչներէն եւ երաժիշտներէն մէկը։ Ձայնագրած է մօտաւորապէս 230 երգ քրտերէնով, 150՝ արաբերէնով, 10՝ ասորերէնով, 8՝ յունարէնով։
Անոր երգերը, յատկապէս առաջին օրերուն, շատ սիրուեցան ու իրենց դրօշմը ձգեցին մանաւանդ Սուրիոյ Ճէզիրէի շրջանը (իր ծննդավայրը), որ կը գտնուի Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը:
Արամ Տիգրան կը տեղափոխուի Խորհրդային Հայաստան
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]1966-ին Արամ Տիգրան ընտանիքով կը տեղափոխուի Խորհրդային Հայաստան եւ բնակութիւն կը հաստատէ Աբովեան քաղաքը՝ այդտեղ դարնալով Հայաստանի Քրտական ազգային խորհուրդի ներկայ նախագահ Կնիազ Հասանովի դրացին:
Արամ Հայաստանի մէջ կը ծանօթանայ մեծատաղանդ երգիչներու՝ Կարապետ Խաչոյի, Սետա Շամտինի, Սուսկա Սամոյի եւ ուրիշներու ու կը գործակցի անոնց հետ Երեւանի ձայնասփիւռի քրտական բաժնին մէջ։ Հոն կ’երգէ հայերէն կարօտի երգեր՝ դէպի Հայաստան, իսկ քրտերէն՝ «Եկայ-եկայ Երեւան, Հայաստանի կարօտով, ինչ շքեղ է, ինչ հրաշք է Հայաստանը»:
Արամ Տիգրան երկու տասնամեակ մը Հայաստան կը մնայ: Ի վերջոյ 1990-ականներուն վերջնականապէս կը հաստատուի Եւրոպա, ուր կը շարունակէ իր երթը մարդկային ու մշակութային բնագաւառներէն ներս:
Հայ ազգի զաւակներ՝ Շարլ Ազնաւուր եթէ ֆրանսացիներուն կուռքն է, Էնտի եւ Մայքըլ՝ Պարսիկ ժողովուրդին, եթէ հանգուցեալ երգչուհի Րուպա ալ-ժամալ (Հասմիկ) արաբներու եւ յատկապէս Սուրիոյ տաղանդաւոր արուեստագիտուհին է, եթէ երգչուհի Շեր Սարգիսեան (ԱՄՆ) աշխարհահռչակ կուռք է շատերուն համար, ապա Կարապետ Խաչոն եւ Արամ Տիգրանը քիւրտ ժողովուրդին կուռքն են:
Արամ Տիգրան եւ Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան առաջնորդ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արամ Տիգրանը եղած է Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան ցմահ առաջնորդ, ապա՝ Թուրքիայի Էմրալի կղզիի ցմահ ազատազրկման դատապարտուած, քիւրտ ազգի ազատագրական պայքարի առաջնորդ Ապտուլլահ Օճալանի ամենամտերիմ եւ ամենավստահելի մարդն էր։
Արամ Տիգրանի մահը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Շաբաթ՝ 8 Օգոստոս 2009-ին, Յունաստանի մայրաքաղաք Աթէնքի Վան Քալսիմոս հիւանդանոցին մէջ ուղեղի կաթուածի հետեւանքով իր մահկանացուն կնքեց հայերէն, թրքերէն, քրտերէն, արաբերէն եւ այլ լեզուներով երգող հայ ազգի զաւակ, քուրտ ժողովուրդին համար կուռք դարձած Արամ Տիգրան (Մելիքեան):
Ան կը ցանկար թաղուիլ Տիարպէքիրին մէջ։ Սակայն երգիչի ցանկութիւնը չկատարուեցաւ, քանի որ թրքական իշխանութիւնները թոյլ չտուին հայազգի երաժիշտին թաղել Տիարպէքիրի հայկական գերեզմանոցին մէջ։ Այնուամենայնիւ, Տիարպէքիրի հայկական գերեզմանոցին մէջ կատարուեցաւ Արամ Տիգրանի խորհրդանշական թաղումը:
Արամ Տիգրանի Տիարպէքիրի մէջ թաղուելու ցանկութիւնը
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Արամ Տիգրանի Թուրքիոյ քաղաքացի չըլլալը պատճառ դարձաւ, որ թրքական իշխանութիւնները՝ Թուրքիոյ մշակոյթի, ներքին եւ արտաքին գործոց նախարարութիւնները մերժեն անոր ընտանիքին եւ Տիարպէքիրի քաղաքապետ Օսման Պայտեմիրի գլխաւորութեամբ ստեղծուած յուղարկաւորման յանձնաժողովի դիմումը՝ Տիարպէքիրի մէջ թաղելու Արամ Տիգրանը՝ իր վերջին ցանկութեան համաձայն:
Հետեւաբար հանգուցեալին ընտանիքը զայն յուղարկաւորեց իր բնակութեան վայր Պրիւքսէլի մէջ։ Իխելլէս շրջանը գտնուող հայկական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած յուղարկաւորութեան արարողութեան ներկայ էին քրտական միութիւններու, կազմակերպութիւններու բարձրաստիճան անձնաւորութիւններ, մտաւորականներ, արուեստագէտներ, ինչպէս նաեւ՝ հանգուցեալ Արամ Տիգրանի պարագաներ եւ սգակիրներու հոծ բազմութիւն:
Յաւարտ արարողութեան դամբանական խօսեցաւ հայ առաքելական եկեղեցւոյ սպասարկու Մեսրոպ Պարսամեան, որ վեր առաւ Արամ Տիգրանի կեանքի ուղին իբրեւեւ արուեստագէտ, արդարութիւնը սիրող, իրաւազրկուած ժողովուրդներու արդարութեան հաւատացող ու այդ ճամբով ալ՝ իր նուիրաբերումով այլոց օրինակ հանդիսացած, ինչպէս նաեւ՝ իբրեւեւ հաւատաւոր հայ մը:
Եկեղեցիէն քիչ մը անդին գտնուող գերեզմանատան մէջ հանգուցեալին դագաղը ուսամբարձ փոխադրուեցաւ իր հարազտներուն ու երկրպագուներուն կողմէ: Արարողութենէն ետք դամբանական խօսեցան քրտական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ եւ Արամ Տիգրանի ընտանիքին անունով հանգուցեալի տղան՝ Յակոբ Տիգրանը:
Նշենք, որ Արամ Տիգրանի դագաղը հողին յանձնուած պահուն անոր միախառնուեցաւ Ամետէն յատուկ բերուած հողը:
Ալպոմներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Çîyayê Gebarê, Aydın Müzik, 2004.
- Zîlan, Aydın Müzik, 2004.
- Serxwebûn Xweş E, Aydın Müzik, 2004.
- Kurdistan, Aydın Müzik, 2004
- Xazî Dîsa Zarbûma
- Rabin
- Evîna Feqiyê Teyran
- Keçê Dinê
- Ey Welato Em Heliyan
- Ay dilberê
- Daye min berde
- Diyarbekira serin
- Aydil
- Em hatin
- Heval Ferat
- Հայերէն կարօտի երգեր՝ դէպի Հայաստան, իսկ քրտերէն՝ «Եկայ-եկայ Երեւան, Հայաստանի կարօտով, ինչ շքեղ է, ինչ հրաշք է Հայաստանը»:
Ծանոթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Տիարպեքիրի Մէջ Կը Մեկնարկեն Հայ Անուանի Երաժիշտ Արամ Տիգրանի Արուեստի Օրերը[permanent dead link]
- նշել են Արամ Տիգրանի մահվան 5-րդ տարելիցը
- Արամ Տիգրան ժամանակակից պատմութեան մէջ. Քիւրտ ժողովուրդի առասպել երգիչը
- Armenian and Kurdish Musician Aram Tigran Dies
- Թուրքիայում հայ երաժշտի անունը կրող այգու ցուցանակը կրկին հարձակման է ենթարկվել