Jump to content

Արամ Կլորիկ

Արամ Կլորիկ
Ծնած է 1906
Ծննդավայր Մանչեսթեր, Hundred of Salford, Լանքաշիր, Անգլիա, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն
Մահացած է 1998
Մասնագիտութիւն բժիշկ

Տոքթ. Արամ Կլորիկ (1906, Մանչեսթեր, Hundred of Salford, Լանքաշիր, Անգլիա, Մեծն Բրիտանիոյ եւ Իրլանտայի Միացեալ Թագաւորութիւն - 1998), հայ բժիշկ, ականջի մասնագէտ։

Կենսագրական գիծեր եւ կրթութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծնած է Անգլիոյ Մանչեսթըր քաղաքը։ Ան երկու տարեկանին ծնողքին հետ Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է: Հայրը, որ նոյնպէս կոչուած է Արամ Կլորիկ, ծնած է Հայաստան, 19 տարեկանին` Անգլիա գաղթած ու հոն ան ամուսնացած է Պէաթրիս Ալեն անունով անգլուհիի մը հետ: Միացեալ Նահանգներու մէջ Կլորիկ ընտանիքը հաստատուած է Քենեքթիքթ նահանգի Նիւ Լանտըն քաղաքին մէջ:

Երիտասարդ Արամ Կլորիկ իր կրթութիւնը ստացած է Նիւ Լանտընի  պետական նախակրթարանին եւ բարձրագոյն վարժարանին մէջ: Ապա անցած է Մասաչուսեց նահանգի Էթլենթիք քոլեճը եւ ընդունուած է իբրեւ բժշկական ճիւղի ուսանող:

Ապա անցած է Քալիֆորնիա եւ հետեւած է Լոս Անճելըսի մէկ արուարձանին մէջ գտնուող Աւետարանիչներու քոլեճի բժշկական դասընթացքներուն:

Ան իր բժշկական վկայականը ստացած է 1938-ին[1]:

Գործունէութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տոքթ. Արամ զանազան հիւանդանոցներու մէջ ծառայած է սկզբնական շրջանին: Բժշկութեան մէջ իր առաջին քայլերը առած է երեխաներու հիւանդութեանց բժշկութեան մարզին մէջ: Սակայն մեծ հետաքրքրութիւն ունեցած է ականջի հիւանդութեանց հանդէպ:

1941-ին ականջի առողջապահութեան դասախօս նշանակուած է Աթլանթայի Էմորի համալսարանին մէջ:

Աւելի ետք` 1946-47 թուականներուն, ան նշանակուած է օգնական փրոֆէսօր նոյն համալսարանին մէջ:

Բ. Աշխարհամարտին, Միացեալ Նահանգներու պատերազմի մտնելէն ետք, կոչուած է զինուորական ծառայութեան եւ ղրկուած՝ Իսլանտա եւ Անգլիա: Անգլիոյ մէջ ամուսնացած է Մարկարեթ Տընհամի հետ եւ ունեցած են երկու աղջիկ:

Արտասահման գտնուած միջոցին, ան ուսումնասիրած է պարագաներ, երբ ենթականերու լսողութիւնը խանգարուած է ռումբերու պայթիւնին կամ շատ բարձրերը կատարուած թռիչքներուն պատճառով:

Պատերազմէն ետք նշանակուած է լսողութեան բաժնի պետ` Ուոլթըր Ռիտ զինուորական հիւանդանոցին մէջ: Ուաշինկթըն, ուր միեւնոյն ատեն վարած է Ամերիկացի վեթերաններու լսողութեան կեդրոնը: նոյն շրջանին Ճորճ Ուաշինկթըն համալսարանի դասախօս կարգուած է:

1952-ին ընդունած է Հարաւային Քալիֆորնիայի համալսարանի դասախօսի պաշտօնը` ականջի, քիթի եւ կոկորդի հիւանդութիւններու համար:

Լոս Անճելըսի հիմնարկը իրմէ խնդրած է, որ հիմնէ հետազօտութեանց կեդրոն մը` լսողութեան շուրջ: Ան դարձած է հիմնարկութեան աղմուկի հետազօտման կեդրոնի յանձնախումբին տնօրէնը: Պրպտումի այս կեդրոնին մէջ գործած է 12 տարի, մինչեւ 1964 Յուլիս, երբ հրաւիրուած է Տալլասի Քոլլիըր լսողական եւ լեզուական կեդրոնին իբրեւ պատասխանատու:

Ստեղծագործութիւն

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Տոքթ. Կլորիկ ճարտարարուեստի մէջ գործածութեան համար պատրաստած է ականջի խցաններու շարք մը: Պարզ եւ փոքր ձգախէժէ խցաններ[2]: Ծանրութիւնը հազիւ 35 կրամ է: Այս խցանները նախ որդեգրուած են Քալիֆորնիոյ օդանաւաշինական ճարտարարուեստին կողմէ, 1949-ին: Ապա հրապարակ հանուած են «Սաունտ սենթըր»-ի վաճառանիշով:

Աւելի ուշ Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններէն ապսպրանք ստացուած է 100 հազար կտորի համար[3]:

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]