Արամ Ազնաւորեան
Արամ Ազնաւորեան | |
---|---|
Ծննդավայր | Երզնկա |
Արամ Ազնաւորեան, (, Երզնկա):
7 տարեկանին կորսնցուցած է հայրը։ Տարագրութեան ատեն մայրն ու միւս հարազատներն ալ կորսնցնելէ ետք, Խարբերդի մէջ ծառայած է թուրքերու մօտ, մինչեւ զինադադար։ Գտած է քոյրը եւ յետոյ անցած է Պոլիս: Չորս տարի Բերայի որբանոցը մնալով, յաճախած է Կեդրոնական Վարժարան։
Այնուհետեւ որբերուն հետ միատեղ կը փոխադրուի Յունաստան եւ ապա իր շունչը կ'առնէ Վենետիկ: Հոգատար չունենալուն պատճառաւ կը մերժուի Մուրատ Ռափայէլեան վարժարանի խնամակալութենէն։
Հօրեղբորորդիին ջանքերով կ'անցնի Ամերիկա, ուր կը միանայ իր քրոջ։ Գիշերային դպրոց յաճախելով կը հետեւի արհեստի։ 1933-ին կ'ամուսնանայ իրեն բախտակից որբուհիի մը հետ։ Կը բախտաւորուին չորս զաւակներով։
Արամ Ազնաւորեան մաս կազմած է մշակութային եւ ազգապահպանման ձեռնարկներու։ Աշխատակցած է հայ թերթերու։ Իր հայրենական տպաւորութիւնները, որպէս թերթօն հրատարակուած են «Պայքար» օրաթերթին մէջ, 1970-ին, «Լոյսի Ճամբան» խորագրով։
Հրատարակած է երկու հատորներ՝ «Հայրենի Յուշեր» (Տիրպոն, Միշիկըն 1952. վերամշակուած՝ 1973-ին), եւ «Հեքեաթներ», «Զուարճանալիքներ» (Տիրպոն, Միշիկըն 1971):
Արամ Ազնաւորեան կը մշակէ գիւղագրութիւնը, ներկայացնելով գաւառի կեանքէն եւ Եղեռնի շրջանէն դրուագներ։ Իրապաշտ, անկեղծ, խանդավառ տողերով, զուարթախոհութեամբ ու անսեթեւէթ ոճով ի յայտ կը բերէ հայ ժողովուրդին նկարագրին կենսուրախ գիծերը, ինքն իսկ հաստատելով թէ՝ «տխրութիւնը մեր ժողովուրդին տիրական գիծը չէ, ինչպէս թիւր կերպով ոմանք կը կարծեն. այլ ստեղծագործ, կորովի, ուրախ եւ զուարթ ժողովուրդ մըն է եղած հայ ժողովուրդը»:
Ծանօթագրութիւններ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Սփիւռքահայ Արդի Գրականութիւն (խմբ. խմբագրող եւ համադրող՝ Սեդա Ծաղիկեան-Տէմիրճեան), Միշիկըն, «Ռօյըլ Օք», 1994։