Ասեղնագործութիւն

Ասեղնագործութիւնը ժողովուրդի մը մշակութային ժառանգութեան ցայտող աղբիւրն է, որուն ճամբով կը պատմուի ժողովուրդի մը աւանդութիւններուն, սովորութիւններուն, առասպելներուն մասին, ինչպէս նաեւ հոն կը հաստատուի անոր տաղանդն ու հնարամտութիւնը:

Ասեղնագործութիւնը կ'ընդգրկէ տարբեր կարատեսակներ եւ ժանեակագործութիւն:

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Շատ հինէն եկած արհեստ մըն է, բայց միշտ նոր, կիրարկուած աշխարհի տարածքին, Արեւելքէն-Արեւմուտք, հիւսիսէն-հարաւ: Իւրաքանչիւր երկիր մշակած է իր ուրոյն ասեղնագործութեան տեսակը` ներշնչուելով բնութենէն եւ գործածելով տեղայնական հումքեր:

Ասեղնագործութիւնը վերապահուած էր մասնաւորապէս իգական սեռին, նոյնիսկ իշխաններու կիներ, թագուհիներ ու անոնց դստերքը ստեղծագործած են այդ մարզին մէջ: Անոնց տրամադրութեան տակ դրուած են ասեղնագործութեան անհրաժեշտ նիւթեր: Անոնք ասեղնագործած են տարբեր դիպակներուն (շատ նուրբ կերպաս) վրայ` օգտագործելով բուրդ, մետաքս, բամպակ, ոսկեթել, արծաթաթել թելեր եւ այլն:

Հայաստան աշխարհի ամբողջ տարածքին իգական սեռը կը զբաղէր ասեղնագործութեամբ եւ ձեռագործով, մանաւանդ այն շրջանին, երբ հայ կինը կորսնցուցած էր իր երբեմնի ազատութիւնը, արտաքին ճնշումներու եւ մանաւանդ իսլամական մշակոյթի ազդեցութեան տակ: Իր հոգեկան բաւարարութիւնը կը գտնէր ձեռարուեստի աշխատանքներուն մէջ, կը զարդարէր եկեղեցիները եւ հոգեւորականներուն տարազները` ստեղծագործական արուեստով, օգտագործելով քարեր, ուլունքներ, մետաքս եւ այլ թելեր` կարելով եւ նախշելով շուրջառ, խոյր, վակաս, ուրար, փորուրար շապիկ, խաչվառ եւ այլն. ձեռագործուած աւետարանիչներու պատկերներով:

Սովորութիւն էր, որ աղջիկներ, փոքր տարիքէն պատրաստէին իրենց օժիտը` կարելով եւ նախշելով թանկարժէք թելերով եւ կամ տնային բամպակով ու բուրդով հագուստներ, սպիտակեղէն, օձիքներ, գիշերանոցներ, անձեռոցիկներ, բարձի երես, սփռոց, ծածկոց ու վարագոյր: Անշուշտ ժանեակագործութիւնը միշտ ներկայ եղած է աւելի նուրբ օձիքներու եւ ծածկոցներու աշխատանքներուն մէջ:

Ասեղնագործութիւնը Անգլիոյ մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Էլիզապէթ Ա.-ի գործած գիրքի շապիկը, երբ ան 11 տարեկան էր

Միջնադարեան Անգլիոյ մէջ տարածուած էին եկեղեցական ծէսերու մէջ օգտագործուող հիւսուածեղէնները։ ԺԶ. դարուն, Անգլիոյ մէջ, կարգ մը գիրքեր, ինչպէս՝ Աստուածաշունչ կամ կրօնական այլ հաւաքածոներ, ասեղնագործուած կապոցներ ունէին։ Օքսֆորտի Պոտլէեան գրադարանը ունի օրինակ մը՝ Էլիզապէթ Ա. թագուհիէն, գործուած 1583-ին: Անոր կը պատկանի նաեւ Սուրբ Պօղոսի նամակներուն պատճէնը, որուն շապիկը, ենթադրաբար թագուհին ասեղնագործած է:

ԺԸ. դարուն, Անգլիոյ եւ անոր գաղութներուն մէջ, վաճառականներուն աճով եւ շքեղ նիւթերու աւելի լայն հասանելիութեամբ, հարուստ ասեղնագործութիւններ կը սկսին յայտնուիլ աշխարհի տարածքին: Այս ասեղնագործութիւնները գործուած էին իրերու վրայ, որոնք կը ցուցադրուէին բարեկեցիկ քաղաքացիներու առանձնատուներուն մէջ, ի տարբերութիւն եկեղեցւոյ կամ արքայական միջավայրին: Այնուամենայնիւ, ասեղնագործութիւնները տակաւին կրօնական բնոյթ կը կրէին[1]:

Մետաքսեայ նմուշներ կ'արտադրէին հարուստ ընտանիքներու դուստրերը: Ասեղնագործութիւնը հմտութիւն մըն էր, որ կը բացայայտէր աղջկան իգականութիւնը եւ ընկերային մակարդակը:

Ասեղնագործութիւնը հայոց իշխանուհիներուն կեանքին մէջ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրիգոր Գանձակեցիի վկայութեամբ, Արզու Խաթունը իր աղջիկներուն հետ միասին, Ս. խորանի սեղանին ձեռագործած են ծածկոց մը Ս. Փրկիչին պատկերով, այնքան բնական, որ տեսնողները սքանչացած են եւ փառք տուած Աստուծոյ, այսպիսի իշխանուհի ունենալնուն: Ձեռագործած են նաեւ Հաղբատի, Մակարայ, Դադի վանքերուն համար ծածկոցներ, ուր պատկերուած են Քրիստոսի կեանքէն բաժիններ[2]:

Խորիշանը՝ Զաքարէ եւ Իւանէ Զաքարեաններու քոյրը եւ Ջալալ իշխանին մայրը, ամուսնոյն մահէն ետք հաստատուած է Երուսաղէմ եւ ձեռագործելով կրցած է իր ապրուստը շահիլ[3]:

Պատկերասրահ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Գրականություն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  • Հայկական Սովետական Հանրագիտարան, առաջին հատոր, Երեւան 1974, 720 էջ

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։ 
Այս յօդուածի նախնական տարբերակը կամ անկէ մաս մը վերցուած է Հայկական Սովետական Հանրագիտարանէն, որուն նիւթերը հրատարակուած են` Քրիէյթիվ Քամմընզ Նշում–Համանման տարածում 3.0 (Creative Commons BY-SA 3.0) թոյլատրագրի ներքոյ։