Վակաս
Արտաքին տեսք
Վակաս, վարշամակ, Պատարագիչի ուսնոց, որ կիսաբոլորակ ձեւով կը պատէ քահանային պարանոցը՝ թիկունքին կողմէն։ Վակասին վրայ ընդհանրապէս ձուլուած կամ ասեղնագործուած կ'ըլլան 12 առաքեալներուն պատկերները, իսկ անոնց մէջտեղը՝ Յիսուսի՝ Գառն Աստուծոյ պատկերը։ Վակասը վերցուած է Հին ուխտէն։ Կը խորհրդանշէ մոլորեալ ոչխարը, հիմա՝ մոլորեալ մարդկութիւնը, զորս Քրիստոս իր ուսերուն վրայ առնելով՝ դէպի փրկութիւն եւ յաւիտենական կեանք առաջնորդեց։ Վակասը միաժամանակ հաւատացեալներուն կը յիշեցնէ Յիսուս Փրկիչին քաղցր լուծը եւ թեթեւ բեռը[1]։