Առիւծ (համաստեղութիւն)

Անուան այլ կիրառումներու համար տես՝ Առիւծ (այլ կիրառումներ)
{{{անուն}}}
Սեռական Leo
Սեռականը՝ Leonis
Հապաւում Leo
Նշանը Առիւծ
Հիմնական
աստղեր
9, 15
Ամէնապայծառ
աստղ
Արքայազն (α Leo) 1.35 (մ)
Ամէնամօտ
աստղ
Ուոլֆ 359
7.78 ( լտ)
Ասուպներու
հոսքեր
Լէոնիտներ
Հարեւան
համաստե-
ղութիւններ
Մեծ Արջ
Փոքր Առիւծ
Լուսան (անկիւնը)
Խեցգետին
Հիտրա
Սեքստան
Գաւաթ
Կոյս
Փերենիքի Գես
Տեսանելի է +90° եւ −65°. լայնութիւններու միջեւ:
Ամէնատեսանելին է Ապրիլ ամսուան ժամը 21:00-ին (երեկոյան 9-ին):
Եան Հեւէլիուսը համաստեղութիւններու իր պատկերազարդումները կ'ըներ իր ժամանակը ընդունուած ձեւով՝ երկնակամարի «դուրսի կողմէն»:

Առիւծ (լատ.՝ Leo), կենդանակերպի համաստեղութիւն է, կը գտնուի Խեցգետին եւ Կոյս համաստեղութիւններու միջեւ: Անունը կ'առնչուի Հէրաքլեսի կողմէ սպաննուած առիւծին: 2-րդ դարու աստղագէտ Պտղոմէոսի նկարագրած 48 համաստեղութիւններէն մէկն է:

  • Նշանը՝

Աստղերը[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ունի բազմաթիւ վառ աստղեր, որոնցմէ շատեր անհատապէս ճանչուած են հնադարեան ժամանակներէն: Անոնցմէ կարեւորները առաջին կամ երկրորդ պայծառութեան չորս աստղերն են՝

  • Արքայազն (լատ.՝ Regulus, կը նշուի՝ Առիւծի ալֆա Alpha Leonis) Երկիրէն 77.5 լոյս-տարիի վրայ գտնուող 1.34 մեծութեամբ աստղ մըն է:
  • Առիւծի պէթա աստղը (Beta Leonis), որուն անունն է՝ Տենեպոլա, կը գտնուի Արքայազնի հակառակ կողմը: Մեծութիւնը 2.34 է, Երկիրէն հեռաւորութիւնը՝ 36 լոյս-տարի: Տենեպոլա անունը կը նշանակէ՝ «առիւծի պոչ:»
  • Ալկիէպան (Առիւծի ղամմա, Gamma Leonis) երեք աստղերէ կազմուած պինըրի է, առաջինը եւ երկրորդը կ'երեւին պզտիկ աստղադիտակով, իսկ երրորդը՝ հեռադիտակով: Առաջինը ոսկեդեղին հսկայ մըն է՝ 2,61 ծաւալով, երկրորդը նոյնն է, բայց՝ 3.6 մեծութեամբ: Ասոնք ունին 600 տարի տարբերութիւն եւ Երկիրէն 126 լոյս-տարի հեռաւորութեան վրայ կը գտնուին:

Առիւծին մէջ է Wolf 359-ը (Առիւծի CN), որ Երկիրին ամէնամօտ աստղերէն մէկն է եւ 7.8 լոյս-տարի հեռաւորութեան վրայ է: Ան կարմիր թզուկ մըն է, 13.5 մեծութեամբ: Պարբերաբար կը բռնկուի եւ պայծառութիւնը կ'աւելնայ մէկ ծաւալով [1] : Gliese 436-ը թոյլ աստղ մըն է Առիւծի մէջ, Երկիրէն մօտ 33 լոյս-տարի հէռու, Նեպտուն մոլորակի (սեւ մոլորակ) զանգուած ունեցող մոլորակով մը իր շուրջը:[2]

Ասուպներու Ցնցուղ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Լեօնիտներու հոսքը տեղի կ'ունենայ Նոյեմբերին, բարձրակէտը կ'ըլլայ Նոյեմբեր 14-15-ին Առիւծի ղամմայի մօտ: Անոնց ծնողք մարմինն է գիսաւորը, որ հետեւանք է 35 տարին անգամ մը կատարուող ժայթկումներու: Բարձրակէտի ընթացքին մէկ ժամուան մէջ մօտ տասը ասուպ կ'ունենայ:[3]

Պատմութիւն[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Առիւծը առաջին ճանչուած համաստեղութիւններէն մէկը եղած է եւ հնաբանական հետազօտութիւններով ապացուցուած է, որ միջագետցիները Ք․ա․մօտաւորապէս 4000 թուականին անոր նման համաստեղութեան մը մասին պատկերացում ունեցած են: Պարթեւները այս համաստեղութիւնը Շիր կը կոչէին, ասորիները՝ Արէոյ, հնդիկները՝ Սիմհայ եւ այս բոլորը կը նշանակէր՝ Առիւծ: Որոշ առասպելաբաններ կը կարծեն, որ սումերներու հաւատալիքներով Առիւծ համաստեղութիւնն իրմէ կը ներկայացնէ Հումպապա հրէշը, որ սպաննեցաւ Գիլկամէշը: Բաբելական աստղագիտութեան մէջ սա համաստեղութիւնը կը կոչուէր Ուրկուլա՝ «Մեծն Առիւծ», որուն վառ աստղը յայտնի էր որպէս «Առիւծի կուրծքի աստղ» Յունական դիցաբանութեան մէջ Առիւծը կը նոյնացուի Նեմէայի Առիւծին հետ, որ սպաննած էր Հէրաքլեսը իր տասներկու սխրանքներէն առաջինի ժամանակ: Հերաքլեսի կողմէ Նեմէական Առիւծը սպաննուելէն ետք Զեւսը կը նշանաւորուի իբրեւ Առիւծը երկինս: Հռոմէացի բանաստեղծ Ովիդիոսը զայն կոչած էր «Հէրաքլեսի Առիւծ»:

Տե՛ս նաեւ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ծանօթագրութիւններ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

  1. Ridpath, Tirion, էջեր 166-168
  2. [1] [2]
  3. Ridpath, Tirion, էջեր 166-167

Արտաքին յղումներ[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]