Առաքել Սիվասլեան
Առաքել Սիվասլեան (Յունիս 1859, Կեսարիա- Օգոստոս 1915, Թոքատ) ուսուցիչ եւ հեղինակ:
Կենսագրութիւն
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]Ծնած է Մունճուսուն Գիւղը (Կեսարիա) 1859 Յունիսին: 1886-ին Պ.Ա. աստիճանով Մարզուանի Գոլէճէն ընթացաւարտ՝ ուսուցիչ կը կարգուի հոն եւ 1890-ին հետեւելով Ամերիկայի Գարլթօն համալսարանին աստեղագիտութեան եւ ուսողութեան ճիւղերուն «փրոֆէսէօր» տիտղոսը կը ստանայ: «Արեգակնային դրութեան մէջ շրջան ընող գիսաւորներուն ծիրերը» պատրաստած իր ուսումնասիրութեամբ (որուն ընկերակցող քարտէսը մաս կազմած է ամերիկեան Աստեղագիտութեան դասագիրքի մը): Անցնելով Մարզուան, յիշեալ ճիւղերուն ուսուցչապետ կը կարգուի: Հեղինակ է ժողովրդական Աստեղագիտութեան մը (Թրք.) որ Պոլսոյ ամերիկեան միսիոնարութիւնը լոյս ընծայած է: Գիտական յօդուածներ գրած է զանազան թերթերու մէջ: Թոքատի մօտ Ջիֆթլիկ գիւղ կոչուած տեղը նահատակուեցաւ 1915 Օգոստոսին: Երկու զաւակ ունի Ամերիկա:
Աղբիւրներ
[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]- Յուշարձան 1919 Ապրիլ Տասնըմէկի, էջ 67