Jump to content

Ապու Մինա

Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձան
Ապու Մինա
Abu Mena (պաշտօնական անուանում Եունեսքոյի Յուշարձաններուն Ցանկին մէջ)
Ապու Մինա վանական համալիր
Երկիր Եգիպտոս
Շրջան Ափրիկէ
Տարածութիւն 0.3229քլ քմ²
Ժամային գօտի UTC+2
Անուանուած է Մինաս Եգիպտացի

Ապու Մինա (արաբ․՝  أبو مينا), վաղ հնադարեան վանական համալիր եւ քրիստոնէական ուխտագնացութեան կեդրոն, Եգիպտոս: Կը գտնուի Աղեքսանտրիայէն 45 քլ․ դէպի հարաւ-արեւմուտք։ 1979-ին յայտարարուած է Եունեսքոյի Համաշխարհային ժառանգութեան Յուշարձան։

Ընդհանուր տեղեկութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Ապու Մինա Բ․ դարէն մինչեւ Ը․ դար քրիստոնէական սրբավայր մը եղած է։ Անունը առած է Գ․ դարավերջին եւ Դ․ դարասկիզբին Աղեքսանտրիա գործած եւ հաւատքին համար նահատակուած Սուրբ Մինասէն։

Է․ դարու ընթացքին մահմետականները կը քանդեն Ապու Մինա սրբավայրը։ Հին քաղաքը երեւան եկած է Ի․ դարասկիզբին՝ 1905-1909։ Կատարուած պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած են երկար քառանկիւնաձեւ եկեղեցիներ, մկրտարաններ, վանքեր, պետական շէնքեր, հնձան եւ ննջարաններ։

Հնաբանական վայրը վտանգի մէջ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Վերջին տասնամեակներուն ընթացքին կատարուած երկրագործական աշխատանքներուն պատճառով, բարձրացած է ջուրին մակարդակը։ Հետեւանքը եղած է շէնքերու փլուզում եւ հնաբանական աւերակներով շրջանի անկայունութիւն, մանաւանդ՝ հիւսիս-արեւմտեան մասին մէջ։

2001-ին արձանագրուած է Եունեսքոյի Համաշխարհային Վտանգուած Ժառանգութեան Ցանկին մէջ։

[1] [2] [3] [4]

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]