Jump to content

Աշոտ Բ․ Երկաթ

Աշոտ Բ․ Երկաթ
Ծնած է անհայտ[1]
Ծննդավայր Բագարան
Մահացած է 928 կամ 929[1]
Մահուան վայր Երազգավորս, Բագրատունիներու Թագաւորութիւն
Կրօնք Հայ Առաքելական Եկեղեցի
Մասնագիտութիւն պետական գործիչ, գերիշխան
Վարած պաշտօններ Հայոց արքայ[1]
Ծնողներ հայր՝ Սմբատ Ա Նահատակ[1]

Աշոտ Բ. (անյայտ – 929), Հայոց թագաւոր 914–էն։ Սմբատ Ա.ի որդին էր, որ եղաւ Բագրատունի Թագաւորներու ամէնէն նշանաւորներէն մէկը։

Աշոտ Բ. երբ լսեց իր հօրը եղերական մահուան մասին, խումբ մը քաջերով յարձակեցաւ թշնամիներուն վրայ, վերագրաւեց բոլոր բերդերն ու քաղաքները, ջախջախեց Եուսուֆի բանակը, ցիր ու ցան ըրաւ, ձերբակալեց ոճրագործ հրամանատարները, մորթազերծ ըրաւ եւ անոնց մորթերը տիկերու վերածելով՝ կախեց բերդերու աշտարակներէն։

Այս յաղթանակէն սարսափեցան թշնամիները, իրենց բերդերուն մէջ քաշուած նախարարները հաւաքուեցան Աշոտի շուրջ: Գագիկ Արծրունի իշխանը լսեց Աշոտի քաջութիւնը, մօտեցաւ անոր եւ ապա դարձաւ Բագրատունի թագաւորին աջակիցը։

Աշոտ Բ. իր փառաւոր յաղթանակներուն եւ զօրաւոր կամքին համար կոչուեցաւ Երկաթ։ Աշոտ Բ. Երկաթ՝ Աշոտ Բ. Սմբատ Ա.ի որդին էր, որ եղաւ Բագրատունի թագաւորներու ամէնէն նշանաւորներէն մէկը։

Եօթնամեայ Կռիւներ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աշոտ Երկաթի այս առաջին յաղթանակներուն ատեն, Եուսուֆ փախաւ եւ ազատեցաւ։ Քանի մը տարի ետք կրկին յարձակեցաւ Հայաստանի վրայ։ Այս կռիւները տեւեցին ամբողջ եօթը տարի։ Եուսուֆ չկրցաւ յաղթել Աշոտի եւ իր պարտութեան վրէժը լուծեց անզէն եւ անպաշտման ժողովուրդէն։ Կոտորեց հազարաւոր շինականներ, աշխատաւոր մշակներ։

Եօթնամեայ այս կռիւներուն պատճառով, երկիրը աղքատացաւ, սկսաւ սովը։

Աշոտ յաղթեց նաեւ ահաւոր սովին. երկիրը թշնամիներէն մաքրելէ ետք, իր ժողվուրդին հետ աշխատեցաւ, օգնեց երկրագործին եւ այս ձեւով վերսկսաւ խաղաղ աշխատանքը։ Այս ահաւոր սովին լուրը հասաւ նաեւ Կոստանդնուպոլիս. Բիւզանդիոնի Կոստանդին կայսրը, որ հայ էր ծագումով, երբ հայոց կաթողիկոսին նամակը ստացաւ, օգնեց սովահարներուն։ Հայաստանի ներքին կեանքը կը խանգարուի, պարտուած Եուսուֆ կրկին նենգութեան կը դիմէ, կը խանգարէ Հայաստանի ներքին կեանքը։

Աշոտ Բ.ի հօրրեղբօր որդին՝ Աշոտ, իբրեւ պատանդ կը մնար Եուսուֆի քով։ Նենգամիտ ոստիկանը թագաւոր ձեռնադրեց Աշոտը եւ ղրկեց Հայաստան՝ այս միջոցով լուծելու համար իր պարտութեան վրէժը։ Աշոտ կարգ մը հայ եւ օտար զինուորներու գլուխն անցած՝ յարձակեցաւ իր ազգականին վրայ։ Այս կռիւները տեւեցին երկու տարի, բայց ի վերջոյ Աշոտները հաշտուեցան իրարու հետ։ Եուսուֆ կրկին հանգիստ չմնաց. օգտուելով Աբասեան հարստութեան տկարացումէն՝ ապստամբեցաւ ամիրայապետին դէմ։ Բագրատունի թագաւորը յարձակեցաւ ապստամբին վրայ եւ ձերբակալեց զայն։ Ամիրայապետը ուրախացաւ եւ Բ.ը կոչեց Շահնշահ։

Սեւանի Նաւամարտը

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]

Աշոտ Երկաթ երկար կռիւներէ յոգնած, իր հարիւր հետեւորդներով գնաց Սեւան կղզին, հանգստանալու համար։

Եուսուֆի յաջորդը՝ Պեշիր, առիթը յարմար նկատելով, գաղտնաբար պաշարեց Սեւանը։ Արիասիրտ Աշոտ անմիջապէս նաւակներ պատրաստեց, իւրաքանչիւր նաւակի մէջ եօթնական զինուոր դնելով՝ յարձակեցաւ Պեշիրի վրայ։ Պեշիրի բանակը այս անսպասելի յարձակումին առջեւ խուճապահար՝ փախաւ, բայց Գէորգ Մարզպետունի իշխանը հալածեց զանոնք մինչեւ հեռաւոր սահմանները։ Այս յաղթանակէն ետք, Պեշիր այլեւս չհամարձակեցաւ մօտենալ Հայաստանին։ Խիզախութեան համար Աշոտ Բ․ ստացած է «Երկաթ» մակդիրը։

928 թուականին Աշոտ Երկաթ Ատրպատականի ամիրային հետ դիմակայած են եւ յետ շպրտած բիւզանդական զօրքերը[2]։

Աշոտ Երկաթ իր վերջին օրերուն նուիրուեցաւ շինարարութեան: Մեռաւ խաղաղութեան մէջ, 929-ին։

Ծանօթագրութիւններ

[Խմբագրել | Խմբագրել աղբիւրը]